«Տնտեսական Կացութիւնը Կը Կաշկանդէ Մեզի Եւ Չ՛արտօներ, Որ Արագ Կերպով Գործենք, Որպէսզի Քաղաքացին Տարբերութիւն Զգայ» Շեշտեց Ա. Մաթոսեան
Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալեքսանտր Մաթոսեան «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ տնտեսական կացութիւնը կը կաշկանդէ պետութիւնը եւ չ՛արտօներ, որ ան արագօրէն սկսի գործադրել իր քայլերն ու ծրագիրները, որոնք քաղաքացին կը մղեն շօշափելու փոփոխութիւնները: Ան նշեց, որ ցարդ Լիբանանի տնտեսութեան վրայ վստահութիւն չկայ եւ այդ պատճառով ալ Լիբանանի մէջ ներդրողներ չկան: «Մենք նոր օրէնքներու...




















