Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

April 5, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ Քլեմանսոյի մէջ ընդունեց ներքին գործոց նախարար Ռայա Հասանը` ներկայութեամբ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Սաատ Հարիրիի խորհրդատու Ամմար Հուրի յոյս յայտնեց, որ ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրը մօտիկ ապագային կը հասնի իր վերջնական վաւերացումին:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ Թրիփոլիի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Հաքան Չաքըլը, որուն հետ քննարկեց շրջանային իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ զօր. Միշել Աունի Ռուսիոյ հարցերով խորհրդատու Ամալ Ապու Զէյտ շեշտեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին առումով լիբանանեան եւ ռուսական կեցուածքները համահունչ են, «սակայն ոչ մէկ որոշում կամ շահ կայ ռուսական առանցքին միանալու` ընդդէմ ամերիկեան առանցքին», ըսաւ ան:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Էտի Մաալուֆ շեշտեց, որ Լիբանանի եւ Վենեզուելայի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները առկայ են:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան երէկ իր բնակարանին մէջ ընդունեց Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապը, որուն հետ քննարկեց Լեռնալիբանանի մէջ գործադրուելիք բարգաւաճման ծրագիրները:

ԱՇԽԱՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմար հաստատեց, որ երկրին տնտեսական տագնապին վերագրումը` աշխատավարձի յաւելումին, խիստ մերժելի է:

ԱԶԳԱՅԻՆ երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումի կոչ ուղղեց գաղթականներուն թղթածրարին բարւօք լուծում ապահովելու` ազգային հաշտութիւններ գոյացնելով:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Մարիօ Աուն շեշտեց, որ պետական մարզի պաշտօնեաներուն աշխատավարձը կարելի չէ առանց սերտելու նուազեցնել:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին շեշտեց, որ Ռուսիա շրջանային տագնապին մէջ կողմ մը չի նկատուիր` աւելցնելով, որ Մոսկուա պատրաստ է Լիբանանի մէջ ելեկտրականութեան արդի ընկերութիւններ կառուցել:

 

Նախորդը

Ուաշինկթըն Կը Զգուշացնէ Անգարան` Սուրիոյ Հիւսիս Արեւելքը Զինուորական Գործողութեան Մը Հետեւանքներէն

Յաջորդը

Սլէյման Ֆրենժիէ Ռամպլինկի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու  Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի  Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»

November 2, 2026
«Նախագահի Ընտրութեան Խնդիրը Անոր  Ինքնութեան Շուրջ Է, Եւ Առանց Ազգային Ինքնութեան  Կշիռ Ունեցող Նախագահ Մը Կարելի Չէ Ընդունիլ»  Կ՛ըսէ Շէյխ Քապալան
Լիբանանեան

Շէյխ Քապալան. «Լուծումը Ժողովրդային Լայնածաւալ Բողոքի Մէջ Է` Պատասխանատուութեան Ենթարկելու Լիբանանի Գոյութեան Սպառնացող Խմբակը»

November 2, 2026
Անդրադառնալով Տահր Պայտարի  Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին`  Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է  Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»
Լիբանանեան

Անդրադառնալով Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին` Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.