Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայերը Իրենց Ապրած Գաղութներուն Մէջ Համարկուած Են Եւ Ապրած Համերաշխութեամբ» Շեշտեց Վերա Եագուպեան

Ապրիլ 5, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հայութեան Մասին Հաղորդում «Մոնթէ Քարլօ» Ձայնասփիւռի Կայանէն

Երեքշաբթի, 2 ապրիլին, կէսօրուան ժամը 12:00-1:00 (Պէյրութի ժամանակացոյցով), «Մոնթէ Քարլօ» ձայնասփիւռի կայանը իր «Հայաթ ուա նաս» յայտագիրին ընդմէջէն սփռեց հաղորդում մը` նուիրուած հայութեան, Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ անոնց հաստատումին եւ տարբեր միջավայրերու անոնց համարկումին:

Յայտագիրը սկսաւ մօր նուիրուած Շարլ Ազնաւուրի երգերէն մէկուն ունկնդրութեամբ:

Յայտագիրին հրաւիրուած հիւրերէն, Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան` անդրադառնալով Ազնաւուրին ըսաւ, որ ան ո՛չ միայն հայ է, այլ նաեւ աշխարհահռչակ երգիչ: «Ազնաւուր այն քիչերէն է, որ իբրեւ հայ հռչակ ստացած է եւ իր հայկականութիւնը պահած ու պաշտպանած է: Ան նաեւ այն հայերէն է, որ 1915-ին Օսմանեան կայսրութեան գործած Ցեղասպանութենէն ետք համարկուած է իր ապրած սփիւռքեան գաղութներուն մէջ», ըսաւ ան:

Վ. Եագուպեան նշեց, որ Օսմանեան կայսրութեան գործած կանխամտածուած, 1915-էն 1921 երկարած Ցեղասպանութեան իբրեւ հետեւանք հայերը իրենց հողերէն ու բնակարաններէն տեղահան եղած են եւ բռնագաղթի ենթարկուած: Ան նշեց, որ հայերը սուրիական անապատներէն հասած են Տէր Զօր, ապա ուղղուած են դէպի արաբական երկիրներ, ինչպէս` Լիբանան, Յորդանան, Պաղեստին եւ Իրաք` աւելցնելով, թէ հայերը անպատսպար վիճակով հասան այն երկիրները, ուր անոնք կազմեցին գաղութները: Անոնք դիմաւորուեցան արաբական երկիրներու կողմէ եւ մնացին այնպիսի որբանոցներու մէջ, որոնք նոյն Օսմանեան կայսրութեան հակակշիռին տակ կը գտնուէին օրին:

«Ճիշդ է, որ Օսմանեան կայսրութիւնը արաբական երկիրներու ղեկավարութիւններէն խնդրեց սպաննել այդ երկիրները հասած հայերը, սակայն արաբները չենթարկուեցան օսմանցիներուն հրահանգին, այլ իրենց դռները բացին հայոց դիմաց եւ ընդունեցին զանոնք: Ասիկա իրականութիւն մըն է, որ հայերը բնաւ չեն ուրանար եւ երախտագէտ կը մնան արաբներուն: Հայերը հիւրընկալող արաբները նաեւ իսլամներ էին, այլ իրականութիւն մը, որ կարելի չէ մոռնալ: Ընդհակառակն, կրօններուն միջեւ համակեցութեան եւ համերաշխութեան իտէալ օրինակ մըն է այս մէկը` նկատի ունենալով բազմազան յարանուանութիւններով, ինչպէս նաեւ ցեղային ու գաղափարական տարբերութիւններով խաղաղ ու հաշտ ապրելու ճշմարտութիւնը: Հայոց եւ արաբներուն միջեւ յարաբերութիւնը համերաշխութեան իտէալական օրինակն է: Անշուշտ պէտք է աւելցնել նաեւ, որ այն երկիրներուն մէջ, ուր հայերը բնակեցան, անոնք դարձան համահաւասար քաղաքացիներ եւ ստացան հաւասար իրաւունքներ, ինչպէս արաբ քաղաքացիները: Հայերը համարկուեցան տեղւոյն բնակչութեան մէջ, ամէն իմաստով` տնտեսական, ընկերային, քաղաքական թէ այլ», շեշտեց Վ. Եագուպեան:

Լիբանանի մէջ հայութեան ներկայութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Վ. Եագուպեան յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ հայոց ներկայութիւնը 17-րդ դարու սկիզբէն ի վեր եղած է, երբ կաթողիկէ վարդապետներ հասած են Լեռնալիբանան եւ կառուցած են վանքեր, որոնցմէ գլխաւորը Զմմառու վանքն է, որ 270 տարեկան է:

«Տակաւին չենք խօսիր Տիգրան թագաւորին Լիբանան եւ Պաղեստին հասնելուն մասին: Լիբանանի մէջ հայութեան ներկայութիւնը հին է ու նոր, սակայն Հայոց ցեղասպանութեան գործադրութենէն ետք հայոց թիւը կրկնապատկուեցաւ Լիբանանի մէջ: Հայոց ներկայութիւնը ուղղակիօրէն կապուած է նաեւ Լեռնալիբանանի կուսակալութեան հետ` նկատի ունենալով, որ Լեռնալիբանանի Ա. եւ վերջին կուսակալները հայեր էին` Տաուտ փաշան եւ Օհաննէս փաշա Գույումճեանը: Ցեղասպանութենէն ետք հայերը Լիբանան հասան 1920-1921 թուականին` տեղահանութեան քանի մը փուլ դիմագրաւելէ ետք: Անոնք հասան Պէյրութ, ուր գաղթակայաններու մէջ մնացին ֆրանսական հոգատարութեան օրերուն», ըսաւ ան:

Վ. Եագուպեան անդրադարձաւ լիբանանցիներուն կողմէ հայութեան հիւրընկալումին` նշելով, որ հայերը ամբողջովին տարբեր միջավայրէ եւ մշակոյթէ եկած էին Լիբանան, ուր անոնք իրենք զիրենք գտած էին լրիւ տարբեր ու օտար միջավայրի մէջ, սակայն տարիներ ետք անոնք համարկուած էին տեղւոյն միջավայրին մէջ:

«Լիբանան հասնելէ ետք առաջին տարիները հայութեան համար ամէնէն դժուար տարիներն էին, անոնց երազն էր տունդարձ կատարել` հիմնուելով արեւմտեան խոստումներուն վրայ, սակայն Բ. Աշխարհամարտէն ետք հայուն համար յստակ դարձաւ, որ ինք մնալիք է հոն, ուր հասաւ: Ուստի սկսաւ վերակազմակերպուիլ ու կազմաւորուեցաւ շինելով իր դպրոցը, եկեղեցին, ակումբը, բարեսիրական միութիւնները, որպէսզի պատրաստէ իրեն յատուկ այնպիսի միջավայր մը, ուր կրնայ պահպանել իր ինքնութիւնը, լեզուն, մշակոյթը: Լիբանանեան միջավայրը եւ տիրող բազմազանութիւնը իրենց կարգին օժանդակեցին հայուն` ժամանակի ընթացքին պահպանելու իր ինքնութիւնը` համարկուելու, ինչպէս նաեւ բարգաւաճելու եւ յառաջդիմելու: Հայը Լիբանանէն ստացաւ, սակայն իր կարգին նեցուկ կանգնեցաւ Լիբանանին եւ իր ներդրումը ունեցաւ Լիբանան հայրենիքի կերտման ու անոր տնտեսութեան բարելաւման մէջ», հաստատեց Վ. Եագուպեան:

Ան աւելցուց, որ հայը իր քաղաքակրթութեամբ, ճարտարարուեստի իմացութեամբ, ձեռարուեստի կարողութիւններով եւ արհեստով, յատկապէս` ոսկերչութեամբ, հասաւ Լիբանան:

«Լիբանանի մէջ հայերը այսօր քաղաքական ներկայութիւն են: Անոնք Լիբանանի 7 գլխաւոր համայնքներէն մէկը կը նկատուին: Ունին խորհրդարանին մէջ իրենց ներկայացուցիչները, նախարարները, Կեդրոնական դրամատան փոխկառավարիչը, պետական հաստատութիւններու մէջ Ա. կարգի պաշտօններ, ինչպէս նաեւ ներգրաւուած են լիբանանեան տնտեսական, ընկերային եւ մշակութային կեանքին մէջ: Անոնք մաս կը կազմեն լիբանանեան հիւսուածքին, անշուշտ այս մէկը կը վերաբերի Լիբանանի, Յորդանանի, Իրաքի եւ բոլոր այն երկիրներուն, ուր հայերը հասան:

Հայը ո՛ր երկրի մէջ ալ գտնուեցաւ, դարձաւ ժրաջան աշխատող, արուեստագէտ, վարպետ լուսանկարիչ, պարկեշտ ու խաղաղասէր քաղաքացի, որ իր գտնուած միջավայրին մէջ համարկուած է եւ համերաշխ կ՛ապրի: Հայը, ո՛ր գաղութին մէջ ալ գտնուեցաւ` արաբական, թէ եւրոպական, թէ ամերիկեան, այդ երկիրը նկատեց իր երկրորդ հայրենիքը` Հայաստանէն ետք: Այնքան ատեն որ հայը ողջ է, ան չի կրնար մոռնալ եւ երախտագիտութեամբ չվարուիլ զինք սրտբաց հիւրընկալած լիբանանցիին հետ», եզրափակեց Վերա Եագուպեան:

 

 

Նախորդը

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդ. «Սուրիացի Տեղահանուածներուն Ապահով Տունդարձը Կը Ծառայէ Լիբանանի Գերագոյն Շահերուն»

Յաջորդը

Իրաքի Մէջ. Պըրրի Հանդիպումներ Ունեցաւ Նաեւ Ապատիի Եւ Մալիքիի Հետ

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?