ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի կառավարութիւնը հրաւիրեց հարցապնդումի նիստի մը, որ պիտի գումարուի չորեքշաբթի, 10 ապրիլ 2019-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին:
ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան կոչ ուղղեց բոլորին կառչած մնալու այն տարազին, որուն շնորհիւ Լիբանան ազատագրուեցաւ եւ լիբանանցիները փրկեց ահաբեկչութենէ:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ իրենց նպատակն է օրինական ձեւերով սանձել որեւէ ձեւով ոեւէ անհատի պաշտօնի կոչելու դրութիւնը եւ առիթ տալ, որ ըստ կարիքի պաշտօնի կոչուին միայն ատակներն ու կարողութիւններ ունեցողները:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ժոզեֆ Իսհաք յայտնեց, որ ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրին առումով Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նպատակը խաղող ուտելն է եւ ոչ թէ այգեպանը խոշտանգելը: Ան հաստատեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան դէմ անձնական կիրքեր չկան:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա յայտնեց, որ իրենք դժգոհ են ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրէն, սակայն պիտի չխոչընդոտեն այդ ծրագիրի գործադրութիւնը եւ պիտի բաւարարուին անոր մասին իրենց դիտողութիւնները ներկայացնելով:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Նաամաթ Աֆրամ շեշտեց, որ Լիբանան չի կրնար հանդուրժել սուրիացի տեղահանուածներուն բեռը` աւելցնելով, որ լիբանանեան տնտեսական կացութեան վրայ տեղահանուածներուն ներկայութեան հետեւանքները հսկայական են:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն հիման վրայ 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած է 500 լ. ոսկիով, իսկ 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը` 400 լ. ոսկիով, մինչդեռ մազութի թիթեղին սակը նուազած է 100 լ. ոսկիով:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ աշխատավարձի յաւելումները վերատեսութեան ենթարկելու հաւանականութեան մասին միտումները անհեթեթ են:
«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ Լիբանան կատարած իր այցելութեան ընթացքին վարչապետ Սաատ Հարիրիին եւ լիբանանցի պետական այլ անձնաւորութիւններու փոխանցած է իսրայէլեան սպառնալիքներ, որոնք կ՛առնչուին Լիբանանի մէջ հրթիռներ արտադրող իրանեան գործարանի մը կառուցման:


