Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց աշխատանքի նախարար Քամիլ Ապու Սլէյմանը, որուն հետ քննարկեց Ընկերային ապահովագրութեան ազգային սնտուկին վերաբերող հարցեր, սնտուկի վարչական խորհուրդի վերակազմաւորումը, ինչպէս նաեւ անոր կապուած նոր ծրագիրներն ու 2010-էն ի վեր այս սնտուկին հաշիւները քննուած չըլլալու իրականութիւնը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ տարեցներու ապահովագրութեան դրութեան կարելիութիւնը եւ զայն գործադրելու անհրաժեշտութիւնը:
Ապու Սլէյման հաստատեց, որ նախագահ Աուն ընդգծեց ընկերային մարզին վերաբերող ու հոգատարութիւն իրականացնող ծրագիրներուն գործադրութիւնը արագացնելու կարեւորութիւնը:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Աքրամ Շեհայէպ, որ հանդիպումէն ետք յատնեց, թէ իր նախարարութեան վերաբերող հարցերը քննարկած է նախագահ Աունի հետ, որ կրթութեան թղթածրարին յատուկ հոգատարութիւն կը ցուցաբերէ:
Շեհայէպ նշեց, որ նախագահ Աուն կը պատրաստուի Պաապտայի մէջ կրթական ընդարձակ խորհրդաժողով մը կազմակերպելու` ուսումնասիրելու համար կրթական համակարգը:
Ան նկատել տուաւ նաեւ, որ քննարկումները ընդգրկեցին նաեւ պետական քննութիւններուն վերաբերող հարցեր:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ երեսփոխան Ժամիլ Սէյիտ, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ հանրապետութեան նախագահին Ռուսիա եւ Թունուզ կատարած այցելութիւններուն արդիւնքները, յատկապէս ինչ կը վերաբերի սուրիացի տեղահանուածներուն եւ շրջանային հարցերուն նկատմամբ լիբանանեան տեսակէտներուն:
Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Մոնաքոյի պատուոյ հիւպատոս Պշարա Խուրին, որ յայտնեց, թէ Մոնաքոյի Ալպեր Բ. իշխանը որոշած է զինք Լիբանանի մէջ նշանակել Մոնաքոյի ընդհանուր հիւպատոսը` գործուղուած նախարարի իրաւասութիւններով, որպէսզի Լիբանանի եւ Մոնաքոյի միջեւ յարաբերութիւնները ամրապնդուին:
Նախագահ Աուն Մոնաքոյի Ալպեր Բ. իշխանին կողմէ ստացաւ Մոնաքօ այցելութեան հրաւէր մը:



