Արտաքին եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբը երէկ նախագահութեամբ երեսփոխան Եասին Ժապերի եւ ներկայութեամբ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ երեսփոխաններ Իպրահիմ Ազարի, Անիս Նասսարի, Փիեռ Պու Ասիի, Ժորժ Օքէյսի, Սամի Ֆաթֆաթի, Ալի Պեզիի, Ֆուատ Մախզումիի, Նաամաթ Աֆրամի, Նուհատ Մաշնուքի, Թոնի Ֆրենժիէի, Անուար Խալիլի եւ Ատնան Թրապուլսիի, գումարեց իր ընթացիկ նիստը:
Ներկայ գտնուեցաւ նաեւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ:
Նիստին ընթացքին յանձնախումբը քննարկեց սուրիացի տեղահանուածներուն վերաբերող հարցերն ու անոնց տունդարձի մանրամասնութիւնները:
Արտաքին եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ պատուիրեց կառավարութեան յանձնառու մնալ սուրիացի տեղահանուածներուն առնչութեամբ իր աշխատանքային ծրագիրով որդեգրած կեցուածքին:
Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ իր կարգին նիստէն ետք խորհրդարանին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը կարելի է ապահովել միայն Լիբանանի կառավարութեան կողմէ մշակուելիք յստակ քաղաքականութեամբ, որուն անուանումը «տեղահանուածներու թղթածրարին լուծումը» չի կոչուիր, այլ` «տեղահանուածներուն տունդարձը»:
«Այս է նոր խորագիրը, որուն գործադրութեան համար գործնական քայլերու պէտք է դիմենք եւ ներքին ու արտաքին կարելիութիւններ ապահովենք», ըսաւ ան:
Պասիլ շեշտեց, որ տեղահանուածներու տունդարձը ապահովելու իմաստով տարակարծութիւն գոյութիւն ունի, «սակայն անիկա կարելի է իրականացնել լիբանանեան օրէնքին գործադրութեամբ, ինչպէս նաեւ միջազգային ընտանիքին եւ Սուրիոյ կառավարութեան հետ գործակցութեամբ: Այս ծրագիրը երեք բաժիններէ բաղկացած է եւ կարելի չէ զայն միայն մէկ ուղղութեամբ սահմանափակել», ընդգծեց Պասիլ:



