Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Որոշեց Ջնջել Ընկերութիւններուն Պարտադրուած Հարկերուն Վրայ Կուտակուած Տուգանքները

Ապրիլ 5, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կառավարութիւնը երէկ վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, նախագահութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի:

Նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ 26 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ժամալ Ժարրահ շեշտեց, որ կառավարութիւնը որոշած է ընկերութիւններուն պարտադրուած հարկերուն վրայ կուտակուած տուգանքները ջնջել:

Ժարրահ նշեց, թէ իւրաքանչիւր տարուան ընթացքին պատրաստուող պետական ամավարկին պարագային, ընկերութիւններուն հարկերուն վրայ բարդուած տուգանքները 80-90 առ հարիւրով կը ջնջուին:

Ան դիտել տուաւ, որ ելեւմուտքի նախարարին իրաւասութիւններուն սահմաններուն մէջ է մինչեւ 999 միլիոն լ. ոսկիի արժողութեամբ գումար մը զեղչելը, սակայն աւելի մեծ գումարներ ջնջելու համար ան կառավարութենէն արտօնութիւն պէտք է խնդրէ:

Ժարրահ ըսաւ, որ կառավարութեան քննարկած մնացեալ կէտերը վաւերացուեցան` միայն քանի մը հարց յետաձգելով յառաջիկայ շաբթուան:

Ան հաստատեց, որ կառավարութեան նիստին ընթացքին տիրած է դրական մթնոլորտ:

Նախարարը նշեց, որ կառավարութեան նիստէն ետք վարչապետ Հարիրի նախագահեց ելեկտրականութեան ծրագիրի յատուկ նախարարական յանձնախումբի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան փոխվարչապետ Ղասսան Հասպանի եւ նախարարներ Ալի Հասան Խալիլ, Ժամալ Ժարրահ, Աքրամ Շեհայէպ, Մոհամետ Ֆընէյշ, Եուսեֆ Ֆընիանոս, Քամիլ Ապու Սլէյման, Նատա Պուսթանի եւ Ատել Աֆիունի, ինչպէս նաեւ նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մահմուտ Մաքքիէ, Միջազգային դրամատան ներկայացուցիչներ եւ շարք մը խորհրդատուներ:

Նիստին ընթացքին շարունակուեցաւ քննարկուիլ ելեկտրականութեան մարզի բարելաւման յատուկ թղթածրարը, որուն գրեթէ բոլոր կէտերը վաւերացուած են եւ, ծրագիրին քննարկումը աւարտելու պարագային, կառավարութիւնը այսօր յետմիջօրէին Պաապտայի մէջ, նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, պիտի գումարէ նիստ մը` վաւերացնելու համար այդ ծրագիրը:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Ապու Ֆաուրի Հետ Քննարկեց Ճարտարարուեստի Մարզին Զօրակցելու Շարք Մը Քայլեր

Յաջորդը

Ազրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարար. «Մենք Որեւէ Պահու Կրնանք Մարտի Նետուիլ»

RelatedPosts

Այցելելով Պաապտայի Պալատ`  «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր,  Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն»  Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պաապտայի Պալատ` «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր, Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը

Յուլիս 9, 2025
Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց  Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ  Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու
Լիբանանեան

Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու

Յուլիս 9, 2025
Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը  Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»
Լիբանանեան

Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?