Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆուշէ. «Տեղահանուածներու Տունդարձին Առումով Սուրիական Վարչակարգը Դրական Կեցուածքի Նշոյլներ Ցոյց Չի Տար»

April 4, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէ երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ իրենք համոզուած էին, թէ Լիբանանի մէջ կատարուած երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք կառավարութիւնը շուտով պիտի կազմուի, «սակայն դժբախտաբար իրականութիւնը մեր համոզումներուն չհամապատասխանեց եւ յապաղում արձանագրուեցաւ, ինչ որ պատճառ դարձաւ նաեւ Լիբանանի կողմէ խոստացուած բարեկարգումներու գործադրութիւնը ուշացնելու», ըսաւ ան:

Ֆուշէ ընդգծեց, որ Փարիզ լիբանանեան պետութենէն կ՛ակնկալէ «Սետր»-ի խորհրդաժողովի որոշումներուն նկատմամբ յանձնառութիւն ցուցաբերել եւ բարեկարգումները գործադրել:

Ան գնահատեց կառավարութեան վաւերացուցած աշխատանքային ծրագիրը` նկատել տալով նաեւ պետական ամավարկի մշակման ու վաւերացման կարեւորութիւնը:

«Անհրաժեշտ է, որ Լիբանան արտաքին իմաստով փաստէ, թէ ինք հետաքրքրուած է բարեկարգումներով», ըսաւ Ֆուշէ` աւելցնելով, որ «Սետր»-ի խորհրդաժողովը ամբողջական ծրագիր մըն է, որուն գործադրութիւնը կարելի չէ երեք ամիսէն ամբողջացնել, այլ` անիկա 12-ամեայ ծրագիր մըն է:

Ֆուշէ անընդունելի նկատեց, որ Լիբանանի նման երկրի մը մէջ ելեկտրականութեան հոսանքի մատակարարումը օրական միայն 6 ժամ ըլլայ:

Անդրադառնալով սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի հարցին` Ֆուշէ յայտնեց, որ այդ իմաստով սուրիական վարչակարգը դրական կեցուածքի նշոյլներ ցոյց չի տար:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Իրաքի Մէջ. Պըրրի Շեշտեց Փտածութեան Դէմ Պայքարելու Անհրաժեշտութիւնը

RelatedPosts

Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ  Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը
Լիբանանեան

Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը

October 26, 2026
Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ  Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.