Ելեւմուտքի նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան պետական ամավարկի նախագիծը, որ կ՛ընդգրկէ նաեւ սեղմումներու յատուկ ծրագիր մը, փոխանցեց Լիբանանի նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարութեան:
Միւս կողմէ, վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, վարչապետարանին մէջ նախագահեց ելեկտրականութեան ծրագիրի յատուկ նախարարական յանձնախումբի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան փոխվարչապետ Ղասսան Հասպանի եւ նախարարներ Ալի Հասան Խալիլ, Ժամալ Ժարրահ, Աքրամ Շեհայէպ, Մոհամետ Ֆընէյշ, Եուսեֆ Ֆընիանոս, Քամիլ Ապու Սլէյման, Նատա Պուսթանի եւ Ատել Աֆիունի, ինչպէս նաեւ նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մահմուտ Մաքքիէ, Միջազգային դրամատան ներկայացուցիչներ եւ շարք մը խորհրդատուներ:
Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ժամալ Ժարրահ յայտնեց, որ քննարկումները հեզասահօրէն կ՛ընթանան` յոյս յայտնելով, որ անոնք այսօր վերջնական արդիւնքով մը աւարտին:
Ժարրահ յայտնեց, որ 2020-ին պիտի սկսի ելեկտրականութեան հոսանքի բարելաւման ժամանակաւոր փուլը, որուն ամբողջացումը կրնայ երկարիլ մինչեւ 2023:
Նիստէն ետք ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Նատա Պուսթանի հաստատեց, որ ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրը լուրջ փոփոխութիւններու չ՛ենթարկուիր` աւելցնելով, որ եթէ յանձնախումբը իր աշխատանքները կարենայ այսօր աւարտել, ապա ուրբաթ օր կը նախատեսուի նախագահական պալատին մէջ գումարել ելեկտրականութեան օրակարգով յատուկ նիստ մը:
Վարչապետ Հարիրի առանձին հանդիպում մը ունեցաւ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի հետ:
Հանդիպումին քննարկուեցան պետական ամավարկին վերաբերող հարցեր:
Հանդիպումէն ետք Խալիլ յայտնեց, որ պետական ամավարկին մէջ որդեգրուած սեղմումները երկրին պետական գանձարկղին նիւթական բացը երկուքուկէս առ հարիւր համեմատութեամբ պիտի նուազեցնեն:
Վարչապետին այցելեց նաեւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ, որ վարչապետին հետ քննարկեց երկրին ելեւմտական եւ տնտեսական կացութիւնը:
Վարչապետ Հարիրիի այցելուներէն եղաւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտ, որուն հետ վարչապետը քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Վարչապետ Հարիրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէ, որ վարչապետին հետ քննարկեց Լիբանանի եւ Ֆրանսայի միջեւ յարաբերութիւններն ու Լիբանանի մէջ տիրող ընդհանուր կացութիւնը:
Նշենք, որ վարչապետ Հարիրի նախանցեալ երեկոյեան ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթը` ընկերակցութեամբ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթի եւ ճարտարարուեստի նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւններն ու Կեդրոնական դրամատան տիւրզի փոխկառավարիչի նշանակման հարցը: