ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Ալպեր Սարհան երէկ կասեցուց դատաւորի մը աշխատանքները եւ պահանջեց հետաքննութիւն բանալ անոր գործունէութեան շուրջ: Նշենք, որ Սարհան հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Քրիսթինա Լասընի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան դատական մարզին վերաբերեալ Լիբանանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ գործակցութեան կարելիութիւնները:
ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարար Էլիաս Պու Սաապ երէկ այցելեց բանակի ընդհանուր հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի, որուն հետ քննարկեց բանակին կարիքները:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ երէկ հրապարակեց հրամանագիրներ, որոնց համաձայն, Ժունիէի եւ Ժիպէյլի կալուածներու վարչութեան 7 պաշտօնեաներ հետապնդումի պիտի ենթարկուին:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարար Նատա Պուսթանի յայտարարեց լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող թիւ 1, 2, 5, 8 եւ 10 նաւթահորերու պեղման արտօնագիրները ընծայելու երկրորդ փուլը: Ան նշեց, որ այս արտօնագիրներուն ընծայումը կը միտի նաւթ պեղող ընկերութիւններուն միջեւ մրցակցութիւն յառաջացնել: Ան նշեց, որ 31 յունուար 2020-ին դիմումներ ներկայացնելու ժամկէտը կ՛աւարտի:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահութեան հարցերու պետական նախարար Սելիմ Ժրայսաթի երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Եմէնի դեսպան Ապտալլա Տաայսի հետ: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Զիատ Հաուաթ յայտնեց, որ այս իշխանութիւններուն օրով միայն յաւելեալ աղքատութիւն, սով եւ փտածութիւն վկայեցին:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Աուն հաստատեց, որ ելեկտրականութեան տագնապի լուծման թղթածրարը պիտի որդեգրուի` աւելցնելով, որ անիկա ամբողջական թղթածրար մըն է, որ լաւապէս ուսումնասիրուած է:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Նիքոլա Նահհաս շեշտեց, որ ելեկտրականութեան տագնապի լուծման առումով ոչինչ փոխուած է, այլ` պարզապէս գեղեցկացած:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ նկատել տուաւ, որ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի բարեկամները պէտք է անկէ պահանջեն Լիբանանին վերադարձնել անյայտ կորսուած լիբանանցիները:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ շեշտեց, որ երկրին ապահովական եւ տնտեսական մարզերը զիրար կ՛ամբողջացնեն եւ անոնք զուգահեռաբար կը զարգանան:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, արտաքին գործոց եւ ելեւմուտքի նախարարներ Ժըպրան Պասիլ եւ Ալի Հասան Խալիլ ունեցան հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկեցին հրատապ ու փշոտ հարցեր:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, նախքան նաւթի հանքերու պեղումներու հոլովոյթին սկսիլը, Լիբանան ստիպուած է բանակցիլ Սուրիոյ հետ` ծովային սահմանագծում կատարելու համար:
«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Սաատ Հարիրի եւ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ համաձայնութիւն մը գոյացուցին` ելեւմտական մարզին մէջ բարեկարգումներ իրականացնելու նպատակով: