Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ աւարտեց Իրաք կատարած իր այցելութիւնը` հանդիպում մը ունենալով Իրաքի նախկին վարչապետ Իյատ Ալլաուիի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ալլաուի մեծապէս գնահատեց Պըրրին եւ անոր աշխատանքները` հաստատելով, որ Պըրրի արաբական պայքարի իտէալ օրինակ մըն է, որ Իսրայէլի դէմ ճակատամարտ առաջնորդած է, երբ Ամալ շարժումը առանձինն կը պայքարէր թշնամի Իսրայէլի դէմ:
Միւս կողմէ, Իրանի հեղեղներուն պատճառած զոհերուն առիթով, Պըրրի ցաւակցական հեռագիրներ յղեց Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ, այաթոլլա սէյիտ Ալի Խամենէիին, Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիին եւ Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիժանիին: