Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Շեհայէպի Հետ Քննարկեց  Կրթական Համակարգը Յուզող Հարցեր

Նախագահ Աուն Շեհայէպի Հետ Քննարկեց Կրթական Համակարգը Յուզող Հարցեր

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն այսօր առաւօտեան պիտի նախագահէ Վճռադատ ատեանի հիմնադրութեան 100-ամեակին նուիրուած յատուկ ձեռնարկը, որուն ներկայ պիտի գտնուին նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրի, ինչպէս նաեւ պետական եւ քաղաքական անձնաւորութիւններ, դատաւորներ, ինչպէս նաեւ կարգ մը երկիրներու վճռադատ ատեաններու դատաւորներ, յատկապէս արաբական եւ Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան անդամ երկիրներու: Այս առիթով նախագահ Աուն պիտի արտասանէ խօսք մը:...

Մամլոյ Ասուլիսի Մը Ընթացքին.  «Լիբանանի Նկատմամբ Հաւատարմութիւնը Առաջնահերթ Է Որեւէ Կողմի  Նկատմամբ Հաւատարմութենէն»  Կ՛ըսէ Վարչապետ Սաատ Հարիրի

Մամլոյ Ասուլիսի Մը Ընթացքին. «Լիբանանի Նկատմամբ Հաւատարմութիւնը Առաջնահերթ Է Որեւէ Կողմի Նկատմամբ Հաւատարմութենէն» Կ՛ըսէ Վարչապետ Սաատ Հարիրի

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյեան վարչապետարանին մէջ տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին անդրադարձաւ լիբանանեան վերջին իրադարձութիւններուն, պետական ամավարկի վաւերացման հոլովոյթին եւ այս բոլորին նկատմամբ իր կեցուածքներուն ու տեսակէտներուն: Խօսելով Թրիփոլիի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական արարքին մասին` ան ըսաւ, թէ Թրիփոլին կրցաւ շրջանցել եղածը` շնորհիւ բանակի եւ ապահովական ուժերու նահատակներուն: Ան հաստատեց, որ ծայրայեղականութեան որջերէն ահաբեկիչի մը արձակումը  չի նշանակեր,...

Պըրրի. «Կը Մերժենք Սահմանագծումի  Բանակցութիւնները Վեց Ամիսով  Ճշդելու Կեցուածքը»

Պըրրի. «Կը Մերժենք Սահմանագծումի Բանակցութիւնները Վեց Ամիսով Ճշդելու Կեցուածքը»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քուպիչը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս ցամաքային եւ ծովային սահմանագծումի թղթածրարը: Պըրրի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալիի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները: Պըրրիի այցելեց երեսփոխան Ասաատ Հարտան: Քննարկուեցան պետական ամավարկին...

Ելեւմուտքի Խորհրդարանական Յանձնախումբը  Կը Շարունակէ Պետական Ամավարկի Քննարկումը

Ելեւմուտքի Խորհրդարանական Յանձնախումբը Կը Շարունակէ Պետական Ամավարկի Քննարկումը

Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբը, նախագահութեամբ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանի, երէկ շարունակեց 2019-ի պետական ամավարկի քննարկումը: Նիստին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ 60 երեսփոխաններ, ինչպէս նաեւ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, արդարութեան նախագահ Ալպեր Սարհան եւ հանրօգուտ շինութեանց ու փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոս: Յանձնախումբը սահմանափակեց լիբանանեան պետութեան կողմէ ստացուելիք վարկերը, ինչպէս նաեւ բարեփոխումներ առաջարկեց վարկերուն եւ Հաշուեքննիչ դիւանին աշխատանքին...

Պասիլ. «Պահրէյնի Խորհրդաժողովին  Կը Մերժենք Մասնակցիլ, Որովհետեւ Պաղեստինցիները  Նոյն Խորհրդաժողովին Պիտի Չմասնակցին»

Պասիլ. «Պահրէյնի Խորհրդաժողովին Կը Մերժենք Մասնակցիլ, Որովհետեւ Պաղեստինցիները Նոյն Խորհրդաժողովին Պիտի Չմասնակցին»

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը ուղղուեցաւ Բրիտանիա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ բրիտանացի քաղաքական անձնաւորութիւններու, քաղաքական վերլուծաբաններու, ինչպէս նաեւ ռազմագէտներու հետ: Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ միջինարեւելեան իրադարձութիւնները, սկսեալ արաբեւիսրայէլեան տագնապէն, անցնելով Սուրիոյ դիմագրաւած տագնապէն եւ հասնելով մինչեւ ահաբեկչութեան եւ ծայրայեղութեան դէմ մղուած պայքարը: Պասիլ ներկայացուց լիբանանեան կազմուածքը եւ համայնքային հիւսուածքին հիման վրայ երկրին իշխանութեան դերակատարութիւնը` պահպանելու...

Հանրապետութեան Միւֆթին Ժեմայէլի Հետ  Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Հանրապետութեան Միւֆթին Ժեմայէլի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ յայտնեց, որ համայնքային լարուածութիւնները կ՛օգտագործուին ծածկելու համար պետութեան վատ տնօրինման եղանակը: Ժեմայէլ շեշտեց, որ պետական անձնաւորութիւններուն կողմէ անյարիր է յայտարարութիւններու մէջ սայթաքումներ կատարել: Միւս կողմէ, Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը երէկ Սայֆիի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն...

Նախագահ Աուն Կոչ Ուղղեց Ամերիկեան  Ընկերութիւններուն` Մասնակցելու Լիբանանեան  Կազի Ու Քարիւղի Պեղման Աշխատանքներուն

Նախագահ Աուն Կոչ Ուղղեց Ամերիկեան Ընկերութիւններուն` Մասնակցելու Լիբանանեան Կազի Ու Քարիւղի Պեղման Աշխատանքներուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն յոյս յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ հասկացողութեամբ մօտենան լիբանանեան կեցուածքին` սուրիացի տեղահանուածներուն դէպի Սուրիոյ ապահով շրջաններ տունդարձը պահանջող, ինչպէս նաեւ այս մէկը գործնականօրէն դրսեւորեն` օժանդակելով վերադարձի իրականացման: Ան դիտել տուաւ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ հասկացողութիւն ցուցաբերեց Լիբանանի ապրած իրավիճակին եւ այս առնչութեամբ ներկայացուցած պահանջին նկատմամբ. «Ան այս մասին արտայայտուեցաւ Լիբանան այցելութենէն ետք...

Լիբանանցի Արգելափակեալ Նիզար Զաքքա  Այսօր Լիբանան Կը Վերադառնայ

Լիբանանցի Արգելափակեալ Նիզար Զաքքա Այսօր Լիբանան Կը Վերադառնայ

Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ մեկնած է Իրան` առաքուած հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կողմէ, ուր լիբանանցի արգելափակեալ Նիզար Զաքքայի հարցով հանդիպումներ ունեցած է իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ: Նախատեսուած է, որ հաղորդակցութիւնները աւարտին այսօր, եւ Նիզար Զաքքա ու Ապպաս Իպրահիմ Լիբանան վերադառնան: Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնը նաեւ հանդիպում ունեցած է Նիզար Զաքքայի հետ: Մինչ այդ, իրանեան...

Պեքաայի Եւ Պաալպեքի Մէջ Բախումներ`  Բանակի Եւ Օրինազանցներու Միջեւ

Պեքաայի Եւ Պաալպեքի Մէջ Բախումներ` Բանակի Եւ Օրինազանցներու Միջեւ

Լիբանանեան բանակի ընդհանուր հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց երկու հաղորդագրութիւն, որոնց մէջ անդրադարձաւ Պեքաայի եւ Պաալպեքի մէջ տեղի ունեցած իրիկնային միջադէպերուն: Առաջինին մէջ նշեց, որ Պեքաայի Քնայսէ շրջանին մէջ տուներու խուզարկում եւ տարբեր յանցագործութիւններով` թմրեցուցիչի առեւտուր, կրակոց եւ ինքնաշարժի գողութիւն, պահանջուած անձերու փնտռտուքի ընթացքին, վերջիններուն կողմէ ենթարկուած է կրակոցներու: Բանակը իր կարգին ստիպուած եղած է պատասխանել. իբրեւ հետեւանք վիրաւորներ արձանագրուած են, ձերբակալութիւններ...

Ընկեր Տոքթ. Գրիգոր Էճիտեան Ընտրուեցաւ  Բժիշկներու Սենտիքայի Խորհուրդի Անդամ

Ընկեր Տոքթ. Գրիգոր Էճիտեան Ընտրուեցաւ Բժիշկներու Սենտիքայի Խորհուրդի Անդամ

Երէկ` կիրակի, 9 յունիսին տեղի ունեցան Բժիշկներու սենտիքայի խորհուրդի ընտրութիւններ: 16 հոգի հաշուող խորհուրդի 8 թափուր տեղերուն համար տեղի ունեցած ընտրապայքարին ամբողջութեամբ յաղթեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան, ՀՅԴ-ի, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան, Փաղանգաւոր կուսակցութեան, Օթել Տիէօ հիւանդանոցի բժիշկներու համախմբումի, Հըզպալլայի, Երկխօսութեան կուսակցութեան եւ Պեքաայի բժիշկներու համախմբումի զօրակցութիւնը վայելող ցանկը: Սոյն ցանկին մաս կը կազմէր եւ Բժիշկներու սենտիքայի խորհուրդի անդամ ընտրուեցաւ Լիբանանահայ...

Նախագահ Աուն Շնորհաւորեց Ներքին  Ապահովութեան Ուժերու  Հիմնադրութեան 158-ամեակը

Նախագահ Աուն Շնորհաւորեց Ներքին Ապահովութեան Ուժերու Հիմնադրութեան 158-ամեակը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն շնորհաւորեց Ներքին ապահովութեան ուժերու հիմնադրութեան 158-ամեակը, որ կը զուգադիպի 9 յունիսին, եւ որ այս տարի պիտի նշուի` «Միասին` աւելի ապահով ընկերութեան համար» խորագիրով: Նախագահը դրուատեց Ներքին ապահովութեան ուժերուն զոհաբերութիւնը եւ դիտել տուաւ, որ բանակին ու ապահովական այլ ուժերու հետ անոնք կը կազմեն այն վահանը, որ կը պահպանէ քաղաքացիական խաղաղութիւնը, կայունութիւնը եւ լիբանանցիներուն հանգստութեան կը հսկէ:...

Ռայի Պատրիարքը Կոչ Կ՛ուղղէ Վաւերացնելու  Ամավարկը Եւ Կասեցնելու Մսխումը

Ռայի Պատրիարքը Կոչ Կ՛ուղղէ Վաւերացնելու Ամավարկը Եւ Կասեցնելու Մսխումը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Հարիսայի Տիրամօր տաճարին մէջ նախագահեց կիրակի օրուան Ս. պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ Լիբանանի քաղաքական պատասխանատուներն ու ժողովուրդը ընդհանրապէս հրաւիրեց համախմբուելու, համագործակցելու եւ ճիգ ի գործ դնելու, որպէսզի կարելի ըլլայ պահպանել երկիրը ամէն տեսակի վտանգներէն: Ան յայտնեց, որ իւրաքանչիւրը պէտք է պատասխանատուութիւն ստանձնէ: Ռայի պատրիարքը ըսաւ, թէ կառավարութիւնը պէտք է կարելի եղածին...

Նախարար Պու Սաապ Թրիփոլի  Եւ Պաալպեք Այցելեց

Նախարար Պու Սաապ Թրիփոլի Եւ Պաալպեք Այցելեց

Պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապ շաբաթ օր այցելեց Թրիփոլի, ուր Քըպպէ գտնուող զինուորական կեդրոնին մէջ հանդիպում ունեցաւ բարձրաստիճան սպաներու հետ: Այս այցելութիւնը մաս կը կազմէր ընդհանրապէս Թրիփոլի եւ յատկապէս ոչ օրինական անցքեր ստուգելու նպատակով տրուած այցելութեան: Սպաներուն ուղղելով իր խօսքը` նախարար Պու Սաապ ըսաւ, թէ Սուրիոյ մէջ կռուողներուն մեծամասնութիւնը հաւանական ահաբեկիչ կը նկատուի, ուստի վտանգը միշտ ալ առկայ է, իսկ...

Լիբանանեան Ծովեզերքի  Մաքրութեան Ազգային Արշաւ

Լիբանանեան Ծովեզերքի Մաքրութեան Ազգային Արշաւ

Կենսոլորտի նախարար Ֆատի Ժրայսաթի երէկ` կիրակի, 9 յունիսին Սայտայի ծովափէն բացումը կատարեց լիբանանեան ծովեզերքի մաքրութեան ազգային արշաւին: Այս առիթով ան ըսաւ. «Այսօր ազգային հարսանիք է, քաղաքացիներուն հետ մենք ալ լծուեցանք ծովափի մաքրութեան` յատկապէս Սայտայի ծովեզերքը, որովհետեւ Սայտան «Նեշընըլ Ճիոկրաֆիք»-ի կողմէ նկատուեցաւ Միջին Արեւելքի գեղեցկագոյն 5 ծովափներէն մէկը, ինչ որ մեծ նուէր է Սուրի կողմէ` Լիբանանին»: Ըստ նախարարին, այս որակումը զբօսաշրջիկներ...

Ինքնաշարժներու  Արձանագրութեան Թիւերու  Փոխարինման Թուական Չէ Ճշդուած

Ինքնաշարժներու Արձանագրութեան Թիւերու Փոխարինման Թուական Չէ Ճշդուած

Հակառակ շրջան ընող այն լուրերուն, որ Ներքին ապահովութեան ուժերը այս ամսուան աւարտին պիտի սկսին տուգանել այն ինքնաշարժները, որոնք իրենց արձանագրութեան թիւերու ցուցանակները  չեն փոխարինած նորերով, բայց եւ այնպէս համապատասխան պաշտօնական կողմեր հաստատեցին, որ նման բան չկայ: Փաստօրէն, տակաւին չէ ճշդուած ժամկէտ, որմէ ետք ցուցանակները չփոխելու պարագային տուգանք պիտի ստանան քաղաքացիները: Բայց եւ այնպէս ժամկէտ ճշդուած է  հանրային ծառայութեան ինքնաշարժներուն, որոնք...

Չնախատեսուած Կարկուտները  Վնասներ Հասցուցին Ցանքին

Չնախատեսուած Կարկուտները Վնասներ Հասցուցին Ցանքին

Շաբաթ երեկոյեան ձմրան պատկեր մը պարզուեցաւ գիւղական կարգ մը շրջաններու մէջ, երբ շուրջ 5-10 վայրկեան անդադար կարկուտ տեղաց, կայծակ փայլատակեց եւ որոտումներ լսուեցան, ինչպէս նաեւ երկարատեւ անձրեւ տեղաց: Ասոր պատճառով ցանքերը, յատկապէս պտղատու ծառերը մեծ վնասներ կրեցին: Կարգ մը ինքնաշարժներու եւ տուներու ապակիներ կոտրեցան: Նշենք նաեւ, որ մեծաթիւ միջատներ նկատուեցան լիբանանեան ծովեզերեայ շրջաններուն մէջ, յայտկապէս` հիւսիսային Լիբանանի: Երկրագործութեան նախարարութենէն յայտնեցին,...

Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները  Իրենց Ճիգերով Կ՛օգնեն, Որպէսզի  Լիբանան Բռնէ Ապաքինման Ուղին»

Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրենց Ճիգերով Կ՛օգնեն, Որպէսզի Լիբանան Բռնէ Ապաքինման Ուղին»

Երէկ` ուրբաթ, 7 յունիսին «Պիել»-ի մէջ բացումը կատարուեցաւ Արտերկրի լիբանանցիներու մարդուժի 6-րդ համագումարին, որուն ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն հաստատեց, որ կառչած կը մնայ աշխարհով մէկ տարածուած լիբանանցիները Լիբանանին կապելու քաղաքացիութեան վերստանձնման վերաբերող օրէնքով մը, որ արդէն իսկ սկսաւ գործել աւելի քան տարիէ մը ի վեր, որպէսզի կարելի ըլլայ իրաւունքը վերադարձնել զայն կորսնցուցածներուն: Նախագահ Աուն...

Ռայա Հասան Հաստատեց, Որ Ապահովական  Կառոյցները Մեծ Բծախնդրութեամբ Կը Գործեն

Ռայա Հասան Հաստատեց, Որ Ապահովական Կառոյցները Մեծ Բծախնդրութեամբ Կը Գործեն

Լիբանանի ներքին գործոց նախարար Ռայա Հասան երէկ գլխաւորեց Ապահովութեան կեդրոնական խորհուրդի արտակարգ նիստի մը, որ յատկացուած էր Թրիփոլիի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական վերջին գործողութեան եւ անոր մանրամասնութիւններուն: Ժողովէն ետք նախարար Հասան տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին մանրամասնօրէն ներկայացուց դիպաշարը Ֆիթրի տօնին գիշերը կատարուած ահաբեկչական արարքին: Ըստ անոր, Ապտել Ռահման Մապսութ մոթորսիքլեթով մը իր «շրջագայութեան» սկսած էր իր բնակարանէն` 6...

Նախարար Կիտանեան Բացումը Կատարեց  Յունական Փառատօնին` Ժիպէյլի Մէջ

Նախարար Կիտանեան Բացումը Կատարեց Յունական Փառատօնին` Ժիպէյլի Մէջ

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ` ուրբաթ, 7 յունիսին, Ժիպէյլի մէջ բացումը կատարեց յունական փառատօնին, որուն ներկայ գտնուեցան Լիբանանի մէջ Յունաստանի եւ Կիպրոսի դեսպանները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը` հիւրերու եւ շրջանի պատասխանատուներուն կողքին: Այս առիթով խօսք առնողները անդրադարձան Ժիպէյլ քաղաքի յատկութիւններուն, խօսեցան լիբանանեան-յունական յարաբերութիւններուն մասին` դիտել տալով, որ այս փառատօնը կը միտի յունական մշակոյթը եւ ուտեստեղէնները ծանօթացնել լիբանանցներուն: Նախարար...

Թերզեան. «Լիբանանահայութիւնը Միշտ Ալ Զօրակցած Է Երկրին Ապահովական Կայունութեան, Քաղաքացիական Անվտանգութեան Եւ Լիբանանեան Համերաշխութեան Ամրապնդումին»

Երեսփոխան Թերզեան Կը Դրուատէ Ներքին Ապահովութեան Ուժերուն Նուիրումը

Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ շնորհաւորեց Ներքին ապահովութեան ուժերու հիմնադրութեան տօնը: «Լիբանան միշտ ալ վայելած է ապահովութիւն եւ հանգստութիւն: Ժողովուրդը ապահով կը զգայ` տեսնելով ձեր ժպտուն դէմքերը: Դուք մեր պահապաններն ու գործընկերներն էք այս ընկերութեան մէջ: Ձեր 158-րդ տարեդարձին առիթով կը հաստատենք, որ դուք մեր վստահութիւնն էք, ձեր զոհողութեան շնորհիւ կը վայելենք հանդարտութիւն, օրինականութիւն...

Page 555 of 988 1 … 554 555 556 … 988

Արխիւներ