Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ շնորհաւորեց Ներքին ապահովութեան ուժերու հիմնադրութեան տօնը:
«Լիբանան միշտ ալ վայելած է ապահովութիւն եւ հանգստութիւն: Ժողովուրդը ապահով կը զգայ` տեսնելով ձեր ժպտուն դէմքերը: Դուք մեր պահապաններն ու գործընկերներն էք այս ընկերութեան մէջ: Ձեր 158-րդ տարեդարձին առիթով կը հաստատենք, որ դուք մեր վստահութիւնն էք, ձեր զոհողութեան շնորհիւ կը վայելենք հանդարտութիւն, օրինականութիւն եւ հանգիստ միտքով կը քնանանք:
«Ներքին ապահովութեան ուժե՛ր, մեր ճակատները բարձր են ձեր նուաճումներով», գրած է երեսփոխանը: