Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Կոչ Ուղղեց Ամերիկեան Ընկերութիւններուն` Մասնակցելու Լիբանանեան Կազի Ու Քարիւղի Պեղման Աշխատանքներուն

Յունիս 11, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն յոյս յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ հասկացողութեամբ մօտենան լիբանանեան կեցուածքին` սուրիացի տեղահանուածներուն դէպի Սուրիոյ ապահով շրջաններ տունդարձը պահանջող, ինչպէս նաեւ այս մէկը գործնականօրէն դրսեւորեն` օժանդակելով վերադարձի իրականացման: Ան դիտել տուաւ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ հասկացողութիւն ցուցաբերեց Լիբանանի ապրած իրավիճակին եւ այս առնչութեամբ ներկայացուցած պահանջին նկատմամբ. «Ան այս մասին արտայայտուեցաւ Լիբանան այցելութենէն ետք Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամներուն իր  կատարած այցելութեան արդիւնքները ներկայացնելով»:

Պաապտայի մէջ ընդունելով «Լիբանանի համար ամերիկեան աշխատանքային համախմբում»-ը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, նախագահ Աուն դրուատեց լիբանանցի եւ ամերիկացի ժողովուրդներուն միջեւ առկայ յարաբերութիւնները` հրաւիրելով ամերիկեան ընկերութիւնները իրենց մասնակցութիւնը բերելու եւ առաջարկները ներկայացնելու կազի եւ քարիւղի պեղման աշխատանքներուն վերաբերող, որոնք շուրջ ամիս մը ետք ընթացք պիտի առնեն, նաեւ` այլ ծրագիրներու մէջ ներգրաւելու:

Հարցումի մը պատասխանելով` նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց Միացեալ Նահանգներուն լիբանանեան բանակին օժանդակելու համար, բայց եւ այնպէս ցաւ յայտնեց ամերիկեան որոշումին համար, որ կը վերաբերի Երուսաղէմը Իսրայէլին միացնելու, նաեւ` Կոլանը, որուն մէջ Լիբանան 15 գիւղ ունի. ան ըսաւ, որ ասիկա ժխտական անդրադարձ ունեցաւ:

Միւս կողմէ, հանրապետութեան նախագահը դիտել տուաւ, որ Լիբանան լիովին կը գործակցի ՄԱԿ-ի հետ` թիւ 1701 որոշումի գործադրութեան ի խնդիր: Ըստ անոր, ներկայիս կայուն վիճակ կը տիրէ հարաւային շրջաններուն մէջ, իսկ Լիբանանի մէջ ապահովութիւն կայ շնորհիւ լիբանանեան բանակին եւ ապահովական ուժերուն:

Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ դէպի Լիբանան սուրիացի տեղահանուածներու գաղթին եւ այն ահաւոր բեռին, զոր կրեցին լիբանանցիները իբրեւ հետեւանք այս հոսքին: «Արդեօք արդա՞ր է, որ Լիբանան առանձինն կրէ սուրիացի ընդհանուր տեղահանուածներուն 50 առ հարիւրին բեռը` պաղեստինցի գաղթականներուն կողքին», հարց տուաւ նախագահը` Միացեալ Նահանգներէն եւ միջազգային ընտանիքէն պահանջելով օժանդակել, որպէսզի կարելի ըլլայ սուրիացիներուն վերադարձը ապահովել դէպի սուրիական անվտանգ շրջաններ` առանց սպասելու քաղաքական լուծումի մը, որ կրնայ բաւական ուշանալ:

«Լիբանանի համար ամերիկեան աշխատանքային համախմբում»-ին անունով խօսք առաւ Էտուարտ Կապրիէլ, որ շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահին եւ դիտել տուաւ, թէ պատուիրակութեան Լիբանան այցելութիւնը շատ կարեւոր էր, շատ արդիւնաւէտ հանդիպումներ տեղի ունեցած են լիբանանցի պատասխանատուներուն հետ: Ան ուրախութիւն յայտնեց, որ իրենք մաս կը կազմեն Միացեալ Նահանգներու եւ Լիբանանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններուն վերաբերող ջանքերուն: Է. Կապրիէլ տեղեկացուց, որ Լիբանան իրենց այցելութեան նախօրեակին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը իրենց տուած է յանձնարարականներ` լիբանանեան բանակին հետ գործակցութեան վերաբերող: Ըստ անոր, այս անգամ պատուիրակութեան մաս կը կազմեն նաեւ մեծաթիւ գործարարներ, որոնք օժանդակեցին ամերիկեան կառավարութեան խորհուրդներ տալու` «Սետր»-ի խորհրդաժողովին կարեւորութեան եւ Լիբանանին օժանդակելու անհրաժեշտութեան վերաբերեալ: Ան յայտնեց, որ պատրաստ են նախագահ Աունէն լսելու կարծիքներ այն մասին, թէ իրենք ինչպէ՛ս կրնան Լիբանանի հետ տարբեր բնագաւառներու մէջ համագործակցութեան օժանդակելու առումով աշխատանք տանիլ:

Էտուարտ Կապրիէլ խօսեցաւ նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու հարցին մասին` յիշեցնելով, որ անցեալ տարի, նախքան Միացեալ Նահանգներու նախագահ Թրամփի եւ Ռուսիոյ նախագահ Փութինի վեհաժողովը, ինք յայտարարած էր, թէ պէտք է մարդասիրական ծրագիր ճշդուի, որպէսզի կարելի ըլլայ զայն գործադրել վեհաժողովէն ետք` սուրիացիներուն տունդարձը դիւրացնելով: Անոր համաձայն, ըստ երեւոյթին, օրին ամերիկացիները պատրաստ չէին նման նախաձեռնութիւն որդեգրելու, սակայն վերջերս արդէն իսկ կան տուեալներ, որոնք կը յուշեն, թէ ժամանակը հասած է ամերիկեան-ռուսական նոր երկխօսութեան` տեղահանուածներուն վերաբերող: Էտուարտ Կապրիէլ հաստատեց, որ Միացեալ Նահանգներ վերադառնալով իրենք պիտի քաջալերեն նման երկխօսութիւն մը, որպէսզի այս հարցին լուծում մը գտնուի:

Նախագահ Աունի այցելուներուն կարգին էին նաեւ Հունգարիոյ արդարադատութեան նախարար Լասզլօ Թրոքսանի եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը: Անդրադարձ կատարուեցաւ երկկողմանի յարաբերութիւններուն եւ զանոնք բարելաւելու կարելիութիւններուն, յատկապէս` արդարադատութեան վերաբերող: Նախարարը հաստատեց, որ իր երկիրը միշտ կը զօրակցի Լիբանանին միջազգային եւ շրջանային տարբեր հարթակներու վրայ, որովհետեւ զայն տիպար օրինակ կը նկատէ համակեցութեան` ժողովուրդներու եւ մշակոյթներու միջեւ: Ըստ անոր, Հունգարիա կը զօրակցի նախագահ Աունի նախաձեռնութեան` «Երկխօսութեան եւ համագործակցութեան մարդու ակադեմիա»-ի հիմնումին վերաբերեալ, որ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին պիտի ներկայացուի մօտիկ ապագային:

Նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց նախարար Լասզլօ Թրոքսանիին` Լիբանանի նկատմամբ Հունգարիոյ ցուցաբերած դրական վերաբերումին, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ առաքելութեան անոր մասնակցութեան առումով: Ան շեշտեց, որ Լիբանան հետամուտ է Հունգարիոյ հետ յարաբերութիւններու առաւել սերտացման եւ ամրապնդման:

Պաապտա այցելեց նաեւ ֆրանսացի նախկին երեսփոխան Ժերար Պապեթ, որուն եւ նախագահ Աունի միջեւ քննարկումի առանցք հանդիսացան լիբանանեան-ֆրանսական յարաբերութիւնները: Պապեթ հանդիպումին ընթացքին դրուատեց նախագահ Աունի ճիգերը` Լիբանանի մէջ կայունութեան եւ ապահովութեան պահպանման ի խնդիր, յատկապէս անդրադառնալով այն երեւոյթին, որ անոր իշխանութեան ժամանակաշրջանին կարելի է լաւատես ըլլալ եւ յուսալ, որ Լիբանանի ապագան փայլուն պիտի ըլլայ:

Նախորդը

Լիբանանցի Արգելափակեալ Նիզար Զաքքա Այսօր Լիբանան Կը Վերադառնայ

Յաջորդը

«Հայաստան Կը Փորձէ Տապալել Ղարաբաղեան Խնդիրի Լուծման Ուղղուած Բանակցութիւնները» Կ՛ըսէ Պաքու

RelatedPosts

«Եկայ Լիբանանին Ու Անոր Ժողովուրդին  Քուէյթի Աջակցութիւնը Հաստատելու»  Կ՛ըսէ Քուէյթի Ներքին Գործոց Նախարարը
Գլխաւոր լուրեր

«Եկայ Լիբանանին Ու Անոր Ժողովուրդին Քուէյթի Աջակցութիւնը Հաստատելու» Կ՛ըսէ Քուէյթի Ներքին Գործոց Նախարարը

Յուլիս 15, 2025
Նախագահ Աուն Մորաթինոսէն Կը Խնդրէ Աջակցիլ  Լիբանանի Մէջ «Հանդիպման Եւ Երկխօսութեան Համար  Մարդու Ակադեմիա»-ի Ստեղծման
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Մորաթինոսէն Կը Խնդրէ Աջակցիլ Լիբանանի Մէջ «Հանդիպման Եւ Երկխօսութեան Համար Մարդու Ակադեմիա»-ի Ստեղծման

Յուլիս 15, 2025
Նասսար. «Սալամին Առաջարկեցի Սուրիոյ Հետ  Քննարկել Սուրիացի Բանտարկեալներուն Իրենց  Պատիժը Այդ Երկրին Մէջ  Շարունակելու Կարելիութիւնը»
Լիբանանեան

Նասսար. «Սալամին Առաջարկեցի Սուրիոյ Հետ Քննարկել Սուրիացի Բանտարկեալներուն Իրենց Պատիժը Այդ Երկրին Մէջ Շարունակելու Կարելիութիւնը»

Յուլիս 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?