Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պեքաայի Եւ Պաալպեքի Մէջ Բախումներ` Բանակի Եւ Օրինազանցներու Միջեւ

June 11, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան բանակի ընդհանուր հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց երկու հաղորդագրութիւն, որոնց մէջ անդրադարձաւ Պեքաայի եւ Պաալպեքի մէջ տեղի ունեցած իրիկնային միջադէպերուն: Առաջինին մէջ նշեց, որ Պեքաայի Քնայսէ շրջանին մէջ տուներու խուզարկում եւ տարբեր յանցագործութիւններով` թմրեցուցիչի առեւտուր, կրակոց եւ ինքնաշարժի գողութիւն, պահանջուած անձերու փնտռտուքի ընթացքին, վերջիններուն կողմէ ենթարկուած է կրակոցներու: Բանակը իր կարգին ստիպուած եղած է պատասխանել. իբրեւ հետեւանք վիրաւորներ արձանագրուած են, ձերբակալութիւններ կատարուած եւ մեծաքանակ զէնք ու զինամթերք, գողցուած ինքնաշարժ եւ թմրեցուցիչ գրաւուած է: Պահանջուածներէն երկուքը մահացած են, ուրիշ մը վիրաւորուած է, իսկ հինգ անձեր ձերբակալուած են:

Երկրորդ հաղորդագրութեան մէջ Լիբանանեան բանակի ընդհանուր հրամանատարութիւնը տեղեկացուց, որ իբրեւ հակազդեցութիւն Քնայսէ շրջանին մէջ եղած ձերբակալութիւններուն, Պաալպեքի մէջ բանակի երկու կեդրոնատեղիներ ենթարկուած են հրացանաձգութեան, բանակը պատասխանած է: Այդ պատճառով զինուորական մը, երկու քաղաքայիններ եւ մանուկ մը վիրաւորուած են:

Մինչ այդ քանի մը անձեր Պաալպեքի մուտքը փակած էին, անիւներ հրկիզած` իբրեւ բողոք Քնայսէ շրջանին մէջ ձերբակալութիւններուն եւ Զաայթեր ընտանիքէն երկու անձերու մահուան:

Լրատուամիջոցներ տեղեկացուցին, որ ծանր զինատեսակներ օգտագործուած են այս գործողութեան ընթացքին, իսկ փամփուշտները անձրեւի նման տեղացած են բնակարաններուն վրայ: Կարգ մը տուներ եւ խանութներ վնասուած են:

 

Նախորդը

Դպրաց Դասերու Ժամերգութիւն Եւ Վկայագիրներու Յանձնում

Յաջորդը

Լիբանանցի Արգելափակեալ Նիզար Զաքքա Այսօր Լիբանան Կը Վերադառնայ

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.