Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Ծովեզերքի Մաքրութեան Ազգային Արշաւ

June 10, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կենսոլորտի նախարար Ֆատի Ժրայսաթի երէկ` կիրակի, 9 յունիսին Սայտայի ծովափէն բացումը կատարեց լիբանանեան ծովեզերքի մաքրութեան ազգային արշաւին:

Այս առիթով ան ըսաւ. «Այսօր ազգային հարսանիք է, քաղաքացիներուն հետ մենք ալ լծուեցանք ծովափի մաքրութեան` յատկապէս Սայտայի ծովեզերքը, որովհետեւ Սայտան «Նեշընըլ Ճիոկրաֆիք»-ի կողմէ նկատուեցաւ Միջին Արեւելքի գեղեցկագոյն 5 ծովափներէն մէկը, ինչ որ մեծ նուէր է Սուրի կողմէ` Լիբանանին»: Ըստ նախարարին, այս որակումը զբօսաշրջիկներ ներգրաւելու պիտի ծառայէ անպայման: Ան յոյս յայտնեց, որ ամբողջ լիբանանեան ծովեզերքը լաւապէս պահպանուի, եւ կանգ առնէ ապականումը, որովհետեւ անիկա իր ժխտական ազդեցութիւնը կ՛ունենայ նաեւ այլ բնագաւառներու վրայ: Ֆատի Ժրայսաթի նշեց, որ ծովափի ապականումն ու աղտոտութիւնը լիբանանցիներուն առողջութեան կը սպառնայ, իսկ աղբերու զտումը ազգային պարտականութիւն է:

Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Ինայա Իզէտտին, որ մասնակցեցաւ այս արշաւին, ողջունեց այս նախաձեռնութիւնը, որուն մէջ կան նաեւ ազգային, պատմութեան եւ աշխարհագրութեան վերաբերող իմաստներ, ինչպէս նաեւ միասնութեան, արժանապատուութեան դրսեւորում:

Նշենք, որ արշաւը սկսաւ առաւօտեան ժամը 8:00-ին, իսկ աւարտին վկայագիրներ յանձնուեցան կամաւորներուն:

Օրուան աւարտին նախարար Ժրայսաթի Աքքարէն շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնակիցներուն եւ անդրադարձաւ այն երեւոյթին, որ լիբանանցիները միշտ պատասխանատուն պետութիւնը կը նկատեն, բայց եւ այնպէս իրենք եւս նախանձախնդիր չեն իրենց երկրի ու կենսոլորտի մաքրութեամբ: Ըստ անոր, օրուան ընթացքին նկատած է, թէ ինչպէ՛ս քաղաքացիներ իրենց ինքնաշարժներուն պատուհաններէն աղբեր կը թափեն մայրուղիներուն վրայ` հաստատելով, որ այս հարցը պիտի հետապնդէ:

Նախորդը

Ինքնաշարժներու Արձանագրութեան Թիւերու Փոխարինման Թուական Չէ Ճշդուած

Յաջորդը

Նախարար Պու Սաապ Թրիփոլի Եւ Պաալպեք Այցելեց

RelatedPosts

Նախագահ Աուն. «Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Պէտք Է Իրենց Ժամկէտին Տեղի Ունենան, Որովհետեւ Արտերկրի Դիմաց Մեր Հաւաստիութիւնը Կ՛ամրապնդեն»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն. «Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Պէտք Է Իրենց Ժամկէտին Տեղի Ունենան, Որովհետեւ Արտերկրի Դիմաց Մեր Հաւաստիութիւնը Կ՛ամրապնդեն»

January 22, 2026
Այն Թինէ Այցելելով`   Պու Սաապ. «Պըրրի Ըսաւ, Որ Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին` 1 Մայիսին Պիտի Կայանան Ներկայ Օրէնքին Հիմամբ»
Լիբանանեան

Այն Թինէ Այցելելով` Պու Սաապ. «Պըրրի Ըսաւ, Որ Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին` 1 Մայիսին Պիտի Կայանան Ներկայ Օրէնքին Հիմամբ»

January 22, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Պասիլ. «Ընտրութիւններուն Սահմանադրական Ժամկէտներն Ու Գործող Օրէնքը Յարգելու Մեր Դիրքորոշումը Յայտնեցինք»
Լիբանանեան

Այցելելով Նախագահ Աունին` Պասիլ. «Ընտրութիւններուն Սահմանադրական Ժամկէտներն Ու Գործող Օրէնքը Յարգելու Մեր Դիրքորոշումը Յայտնեցինք»

January 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.