Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրենց Ճիգերով Կ՛օգնեն, Որպէսզի Լիբանան Բռնէ Ապաքինման Ուղին»

June 8, 2019
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` ուրբաթ, 7 յունիսին «Պիել»-ի մէջ բացումը կատարուեցաւ Արտերկրի լիբանանցիներու մարդուժի 6-րդ համագումարին, որուն ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն հաստատեց, որ կառչած կը մնայ աշխարհով մէկ տարածուած լիբանանցիները Լիբանանին կապելու քաղաքացիութեան վերստանձնման վերաբերող օրէնքով մը, որ արդէն իսկ սկսաւ գործել աւելի քան տարիէ մը ի վեր, որպէսզի կարելի ըլլայ իրաւունքը վերադարձնել զայն կորսնցուցածներուն:

Նախագահ Աուն նշեց, որ արտերկրի լիբանանցիները հարստութիւն են Լիբանանի համար` ո՛չ միայն համաշխարհային մակարդակի վրայ իրենց ստեղծագործութիւններով, նուաճումներով եւ տարած աշխատանքով, այլ այն առումով, որ անոնք ժողովուրդներու համակեցութեան լաւագոյն օրինակը կը հանդիսանան, որովհետեւ ծնունդ են այնպիսի ընկերութեան ու միջավայրի, ուր այլազանութիւնը իւրայատկութիւն է, ուր տարբեր ըլլալը ընդունելի է եւ յարգուած իրաւունք, ուր մէկզմէկու գոյութեան, պատկանելիութեան եւ արտայայտութեան իրաւունքները վեր են ամէն բանէ: Ըստ նախագահին, ներկայիս տիրող ծայրայեղութեան լոյսին տակ, որ ծնունդ կու տայ ահաբեկչութեան, Լիբանանի դերակատարութիւնը մեծ է իբրեւ օրինակ համայն աշխարհին, մանաւանդ որ այս երկիրը մեծ փորձառութիւն ունի եւ շատ լաւ գիտէ ինչպէ՛ս ապրիլ համերաշխութեամբ եւ համակեցութեամբ, նաեւ լաւապէս կը գիտակցի, որ երկխօսութիւնը միակ ուղին է դէպի փրկութիւն եւ խաղաղութիւն:

Հանրապետութեան նախագահը անդրադարձաւ այն երեւոյթին, որ ներկայիս Լիբանան կը փորձէ դուրս գալ մեծ տագնապէ մը, որ յատկապէս ծանրացած է տնտեսական բնագաւառին վրայ` հաստատելով, որ արտերկրի լիբանանցիներուն ներդրումը մեծապէս պիտի նպաստէ, որ երկիրը աւելի արագ բռնէ ապաքինման ուղին եւ քալէ հաստատ ու արագ քայլերով: Ըստ անոր, Լիբանանի մէջ չկայ տուն մը, ուր գաղթի ցաւ գոյութիւն չունի, նաեւ քիչ չեն այն տուները, որոնք օժանդակութիւն կը ստանան արտերկրի իրենց հարազատներէն, ուստի Լիբանան եւս պարտք ունի հանդէպ իր զաւակներուն, որոնց իրաւունքը պէտք է ըլլայ ունենալ լիբանանեան քաղաքացիութիւն, որպէսզի այդպիսով անոնք աւելի կառչած մնան իրենց հարազատ արմատներուն, մասնակից դառնան երկրին պայքարին եւ պահպանեն լիբանանեան հողը, մշակոյթը, ինքնութիւնն ու արժէքները:

Այս առիթով խօսք առաւ նաեւ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ, որ ուրախութիւն յայտնեց հետզհետէ աւելի մեծ թիւով արտերկրի լիբանանցիներուն մասնակցութեան համար` շեշտելով, որ անոնց ծննդավայրը այնպիսի երկիր մըն է, որ աշխարհին բարիք տուած է, իսկ անոր զաւակները` տարածուելով աշխարհի չորս ծագերուն, շարունակեցին Լիբանանի առաքելութիւնը եւ դրական ներդրում ունեցան այն երկիրներուն մէջ, ուր ապրեցան ու գործեցին: Ան անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ համայնքներու, կրօններու, պատկանելիութիւններու այլազանութեան` շեշտելով, որ այս երկրին մէջ է, որ կը յարգուին բոլորը, իրաւունքներ ունին բոլորը եւ միասնաբար կը գոյատեւեն բոլորը: Ապա ան կէտ առ կէտ ներկայացուց այն քայլերը, որոնք առնուած են ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ, եւ որոնք կը վերաբերին արտերկրի լիբանանցիներու իրաւունքներուն վերականգնման եւ անոնց առնչուած գործընթացներու դիւրացման:

Իր խօսքի վերջին բաժինով նախարար Պասիլ ըսաւ, թէ զգացական մօտեցումները բաւարար չեն Լիբանանին իսկական օժանդակութիւն տալու, այլ պէտք է արտերկրի լիբանանցիները գործեն այնպէս, որ իրենց գործնական եւ հարուստ ներդրումը ունենան Լիբանանի տնտեսութեան ամրացման մէջ, ուր համագործակցութեան բոլոր կարելիութիւնները կան:

Նախորդը

Ռայա Հասան Հաստատեց, Որ Ապահովական Կառոյցները Մեծ Բծախնդրութեամբ Կը Գործեն

Յաջորդը

Թրամփ ՕԹԱՆ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Նկատած Է Իր «Մեծագոյն Երկրպագուն»

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.