Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախարար Պու Սաապ Թրիփոլի Եւ Պաալպեք Այցելեց

June 10, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապ շաբաթ օր այցելեց Թրիփոլի, ուր Քըպպէ գտնուող զինուորական կեդրոնին մէջ հանդիպում ունեցաւ բարձրաստիճան սպաներու հետ: Այս այցելութիւնը մաս կը կազմէր ընդհանրապէս Թրիփոլի եւ յատկապէս ոչ օրինական անցքեր ստուգելու նպատակով տրուած այցելութեան:

Սպաներուն ուղղելով իր խօսքը` նախարար Պու Սաապ ըսաւ, թէ Սուրիոյ մէջ կռուողներուն մեծամասնութիւնը հաւանական ահաբեկիչ կը նկատուի, ուստի վտանգը միշտ ալ առկայ է, իսկ Լիբանան կ՛ապաւինի սպաներուն, որոնք պէտք չէ յուսալքուին կամ ազդուին քաղաքական իրադարձութիւններէն:

Ապա ան այցելեց սահմանային շրջաններ, ծանօթացաւ տիրող կացութեան` դիտել տալով, որ անօրինական անցքերը հակակշիռի տակ առնելու տուեալները ապահովուած չեն, որովհետեւ ասիկա կ՛ենթադրէ յատուկ ծրագիր եւ թեքնիք միջոցներ, զորս կիրարկելու համար քաղաքական լուծում մը պէտք է գոյանայ սուրիական պետութեան հետ, որոշում տրուի կառավարութեան կողմէ, որպէսզի բանակը օժտուի անհրաժեշտ կազմածներով: Պաշտպանութեան նախարարը կոչ ուղղեց համագործակցելու եւ ուղղակիօրէն կապ հաստատելու Սուրիոյ հետ, որպէսզի կարելի ըլլայ օրինական եւ պաշտօնական սահմանագծում կատարել:

Նախարար Էլիաս Պու Սաապ այցելեց նաեւ Թրիփոլիի իսլամական հիւանդանոցին մէջ բուժուող Սապըր Մրատի` անոր մաղթելով շուտափոյթ ապաքինում:

Նախարար Պու Սաապ հանդիպում ունեցաւ նաեւ Արժանապատուութեան հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէի  եւ հիւսիսային Լիբանանի եւ Թրիփոլիի միւֆթի շէյխ Մալեք Շաարի հետ, որ յայտնեց, թէ Թրիփոլին համակեցութեան քաղաք է, ուր քրիստոնեաներն ու իսլամները համահաւասար կը նկատուին: Ան աւելցուց, որ պատմութիւնը կը վկայէ, որ կացութիւնը այդպէս եղած է Թրիփոլիի մէջ, իսկ ներկայիս ոչ մէկ միտում կայ այդ մօտեցումը փոխելու:

Պու Սաապ իր կարգին ըսաւ, որ ահաբեկչութիւնը կրօններուն, այս պարագային իսլամութեան պէտք չէ կապել, որովհետեւ ամբողջ աշխարհին մէջ ահաբեկչութիւնը առկայ է եւ մերժուած բոլորին կողմէ: Ան նշեց, որ բանակն ու ապահովական ուժերը սուղ գին վճարեցին Թրիփոլիի մէջ, որ սիրելի է բոլորին համար, եւ որուն մէջ խաղաղութեան հաստատման համար հանրապետութեան նախագահը յատուկ յանձնարարութիւն տուած է: Ըստ անոր, Թրիփոլին համակեցութեան քաղաք է, իրերամերժութիւն սերմանելու փորձերը վտանգաւոր են, անիկա ահաբեկչութիւնը հիւրընկալող շրջան չէ, այլ ամբողջովին դէմ է ահաբեկչութեան:

Երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէ ցաւ յայտնեց Ֆիթրի տօնին գիշերը եղած ահաբեկչութեան համար, որուն զոհ գացին բանակայիններ եւ ապահովական ուժերու ծառայողներ, որոնց արիւնը պէտք չէ ի զուր վատնուի: Անոր համաձայն, անհրաժեշտ ապահովական միջոցառումները առնուած չէին այդ օրը, այդ պատճառով ալ ահաբեկիչը կրցաւ իր ծրագրածը կատարել:

Ի պատասխան, պաշտպանութեան նախարարը յայտնեց, որ կարելի չէ հաստատումներ կատարել հետաքննութեան աւարտէն եւ բոլոր փաստերու ապահովումէն առաջ: Ան յոյս յայտնեց, որ ճշմարտութիւնը շուտով բացայայտուի` աւելցնելով, որ ասոր հասնելու նպատակով արդէն սերտ գործակցութիւն կայ ապահովական բոլոր կառոյցներուն եւ ներքին գործոց նախարարութեան միջեւ:

Պաշտպանութեան նախարարին այցելութեան վերջին կայքը եղաւ Հերմելի շրջանը, ուր հաստատեց,  որ ամէն ճիգ ի գործ կը դրուի, որպէսզի կարելի ըլլայ սահմանային կէտ մը ունենալ` դիւրացնելու քաղաքացիներուն մուտքը դէպի իրենց հողերն ու ինչքերը: Ան անգամ մը եւս շեշտեց, որ անօրինական անցքերը պէտք է փակուին, եւ մաքսանենգութիւնը կասեցուի:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Ծովեզերքի Մաքրութեան Ազգային Արշաւ

Յաջորդը

Ռայի Պատրիարքը Կոչ Կ՛ուղղէ Վաւերացնելու Ամավարկը Եւ Կասեցնելու Մսխումը

RelatedPosts

Նախագահ Աուն. «Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Պէտք Է Իրենց Ժամկէտին Տեղի Ունենան, Որովհետեւ Արտերկրի Դիմաց Մեր Հաւաստիութիւնը Կ՛ամրապնդեն»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն. «Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Պէտք Է Իրենց Ժամկէտին Տեղի Ունենան, Որովհետեւ Արտերկրի Դիմաց Մեր Հաւաստիութիւնը Կ՛ամրապնդեն»

January 22, 2026
Այն Թինէ Այցելելով`   Պու Սաապ. «Պըրրի Ըսաւ, Որ Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին` 1 Մայիսին Պիտի Կայանան Ներկայ Օրէնքին Հիմամբ»
Լիբանանեան

Այն Թինէ Այցելելով` Պու Սաապ. «Պըրրի Ըսաւ, Որ Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին` 1 Մայիսին Պիտի Կայանան Ներկայ Օրէնքին Հիմամբ»

January 22, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Պասիլ. «Ընտրութիւններուն Սահմանադրական Ժամկէտներն Ու Գործող Օրէնքը Յարգելու Մեր Դիրքորոշումը Յայտնեցինք»
Լիբանանեան

Այցելելով Նախագահ Աունին` Պասիլ. «Ընտրութիւններուն Սահմանադրական Ժամկէտներն Ու Գործող Օրէնքը Յարգելու Մեր Դիրքորոշումը Յայտնեցինք»

January 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.