Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի. «Կը Մերժենք Սահմանագծումի Բանակցութիւնները Վեց Ամիսով Ճշդելու Կեցուածքը»

June 12, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քուպիչը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս ցամաքային եւ ծովային սահմանագծումի թղթածրարը:

Պըրրի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալիի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները:

Պըրրիի այցելեց երեսփոխան Ասաատ Հարտան: Քննարկուեցան պետական ամավարկին վերաբերող հարցեր, որոնց շրջագիծին մէջ Հարտան շեշտեց, որ Պըրրիին փոխանցած է, թէ իրենց պլոքը կը մերժէ ներածումի պարագային զետեղուած 2 առ հարիւրի տուրքը, եւ պետական ամավարկի վաւերացման խորհրդարանի նիստին ընթացքին անոր դէմ պիտի քուէարկէ, որովհետեւ անիկա ուղղակիօրէն իր ազդեցութիւնը պիտի ունենայ քաղաքացիներուն վրայ:

Միւս կողմէ, Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ իրենք կը սպասեն Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ սահմանագծումի ամերիկացի յատուկ բանագնաց Տէյվիտ Սաթըրֆիլտին, որպէսզի իմանայ այդ մասին զարգացումները:

Խորհրդարանի նախագահը վերահաստատեց, որ Լիբանան կը շարունակէ մերժել բանակցութիւններու ժամկէտը վեց ամիսով ճշդելու սկզբունքը:

Պըրրի շեշտեց, որ կան կարգ մը մանրամասնութիւններ եւ զարգացումներ, որոնք արձանագրուած են վերջին շրջանին` աւելցնելով, որ այդ ամբողջը պէտք է լուծել: Ան հաստատեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ իր ամբողջական սահմաններուն եւ գերիշխանութեան:

Նշենք, որ խորհրդարանի նախագահը գոհունակութիւն յայտնեց, որ պետական ամավարկի եւ ելեւմուտքի հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբը արդէն իսկ սկսած է քննարկել կառավարութեան կողմէ վաւերացուած եւ խորհրդարան փոխանցուած 2019-ի պետական ամավարկը:

Ան ողջունեց խորհրդարանին մէջ պետական ամավարկի քննարկման երեսփոխաններուն մասնակցութիւնը` մաղթելով, որ պետական ամավարկը մօտիկ ապագային վաւերացուի` առանց յաւելեալ յապաղումի:

 

Նախորդը

Ելեւմուտքի Խորհրդարանական Յանձնախումբը Կը Շարունակէ Պետական Ամավարկի Քննարկումը

Յաջորդը

Մամլոյ Ասուլիսի Մը Ընթացքին. «Լիբանանի Նկատմամբ Հաւատարմութիւնը Առաջնահերթ Է Որեւէ Կողմի Նկատմամբ Հաւատարմութենէն» Կ՛ըսէ Վարչապետ Սաատ Հարիրի

RelatedPosts

Պիլալ Էրտողան Շարունակեց  Լիբանանի Մէջ Իր Հանդիպումները
Լիբանանեան

Պիլալ Էրտողան Շարունակեց Լիբանանի Մէջ Իր Հանդիպումները

November 14, 2026
Ռիաշի Լիբանանի Մէջ  Պիլալ Էրտողանի Հանգամանքին  Վերաբերեալ Յստակացում Կը Պահանջէ
Լիբանանեան

Ռիաշի Լիբանանի Մէջ Պիլալ Էրտողանի Հանգամանքին Վերաբերեալ Յստակացում Կը Պահանջէ

November 14, 2026
Միւֆթի Քապալան. «Լիբանան Ենթակայ Է Ատլանտեան Եւ Սիոնական Ահաբեկչական Պատերազմի»
Լիբանանեան

Միւֆթի Քապալան. «Պիտի Չընդունինք Որեւէ Գործարք, Որ Լիբանանի Գերիշխանութիւնն Ու Շահերը Կը Խաթարէ»

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.