Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյեան վարչապետարանին մէջ տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին անդրադարձաւ լիբանանեան վերջին իրադարձութիւններուն, պետական ամավարկի վաւերացման հոլովոյթին եւ այս բոլորին նկատմամբ իր կեցուածքներուն ու տեսակէտներուն:
Խօսելով Թրիփոլիի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական արարքին մասին` ան ըսաւ, թէ Թրիփոլին կրցաւ շրջանցել եղածը` շնորհիւ բանակի եւ ապահովական ուժերու նահատակներուն: Ան հաստատեց, որ ծայրայեղականութեան որջերէն ահաբեկիչի մը արձակումը չի նշանակեր, որ Թրիփոլին պիտի փոխէ իր դիմագիծն ու ինքնութիւնը` աւելցնելով, որ շրջանը պիտի շարունակէ մնալ համակեցութեան, հաւասարակշռութեան քաղաք, հակառակ առիթը օգտագործելու եւ դէպքին այլ բնոյթ տալու փորձերուն: Վարչապետ Հարիրի դիտել տուաւ, որ ինք չի սիրեր համայնքային լեզուակռիւը եւ մրցակցութիւնները, այլապէս երկիրը այլ վիճակի մէջ պիտի ըլլար` աւելցնելով, թէ ինք դաստիարակուած է համակեցութեան եւ երկխօսութեան կառչելու սկզբունքով, բոլորին հետ աշխատելու պատրաստակամութեամբ, որովհետեւ պայքարներն ու հարցերը մերժելի են, կարմիր գիծերը պէտք է յարգել եւ կառչած մնալ սկզբունքներուն ու արժէքներուն:
Վարչապետ Հարիրի ցաւ յայտնեց, որ ներքին վէճերը թափ ստացան, անոնց պատճառով ալ կառավարութիւնը ուշացաւ պետական ամավարկի աշխատանքները ամբողջացնելու, երկիրը անդամալուծուեցաւ, իւրաքանչիւրը պատասխանատուութիւնը միւսին մէջ փորձեց փնտռել: Այս ծիրին մէջ ան դիտել տուաւ, որ կան ոմանք, որոնք կառավարութեան մէջ վաւերացուցած են ամավարկը, սակայն խորհրդարանի նիստին անոր դէմ պիտի արտայայտուին: Հարիրի անհրաժեշտ նկատեց, որ ամավարկը որդեգրուի, աշխատանքները թափ ստանան:
Սաատ Հարիրի անդրադարձաւ այն երեւոյթին, որ արաբական երկիրներուն հետ յարաբերութիւնները ոմանց տրամադրութենէն կախեալ չեն կրնար ըլլալ, այլ միշտ Լիբանանի շահերը պէտք է վեր դասել, որովհետեւ սահմանադրութեան առաջին տողը կ՛ըսէ, որ Լիբանան արաբական պետութիւն է, հիմնադիր անդամ է Արաբական լիկային, ուստի պէտք է գիտակցիլ, թէ երբ վարչապետը որեւէ հարթակէ խօսք առնէ, ան կ՛արտայայտուի Լիբանանի անունով, կը յարգէ կառավարութեան ծրագիրը: Անոր համաձայն, պէտք չէ արաբական պետութիւններն ու Սէուտական Արաբիան Լիբանանի հետ մրցակիցի դիրքի մէջ դնել, այլ պէտք է հասկնալ, թէ երկրին շահերը վեր են անձնական շահերէ, իսկ Լիբանանի նկատմամբ հաւատարմութիւնը առաջնահերթ է որեւէ կողմի նկատմամբ հաւատարմութենէն:
Վարչապետը դիտել տուաւ, որ բանակն ու ապահովական կառոյցները պետական հաստատութիւններ են, կը պատկանին բոլոր լիբանանցիներուն, ուստի ամբողջովին մերժելի է զանոնք ներքին լեզուակռիւներու առարկայ դարձնել: Ան հաստատեց, որ ոմանք կ՛ուզեն ամէն գնով խանգարել համաձայնական մթնոլորտը, երկիրը առաջնորդել դէպի անորոշութիւն, հանրապետութեան նախագահին հետ հարցեր ստեղծել, իսկ այս բոլորին գինը կը վճարեն Լիբանանն ու անոր տնտեսութիւնը: Ըստ Հարիրիի, երբ կը խօսինք ազգային համաձայնութեան մասին, կը խօսինք Թաէֆի համաձայնութիւնը յարգելու մասին: Ան դիտել տուաւ, որ, թէեւ ոմանց մօտ կայ այն կարծիքը, թէ ինք զիջումներ կատարած է սիւննիներու իրաւունքներէն, բայց եւ այնպէս ասիկա ամբողջութեամբ սխալ է, իսկ այս խաղը պէտք է կանգ առնէ, պէտք է շեշտը դրուի միջազգային զօրակցութեամբ իրականացուելիք մեծ ծրագիրներուն վրայ, որպէսզի կարելի ըլլայ երկիրը ոտքի կանգնեցնել:
Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին վարչապետը հաստատեց, որ իր եւ հանրապետութեան նախագահին միջեւ յարաբերութիւնները լաւ են, իսկ վստահութեան չգոյութիւնը մեծագոյն վտանգը կրնայ ըլլալ երկրին համար. «Նախագահ Աուն բոլորիս, քաղաքական կայունութեան եւ համակեցութեան երաշխիքը կը հանդիսանայ», ըսաւ Հարիրի:
Սուրիացի տեղահանուածներուն վերաբերող հարցումի մը պատասխանելով` վարչապետ Հարիրի յայտնեց, որ լիբանանեան օրէնքը պէտք է գործադրուի անոնց հաշուոյն, ինչպէս ոեւէ այցելու կամ տեղահանուած: Ան շեշտեց, որ տեղահանուած սուրիացիները համայնքի մը կամ յարանուանութեան մը հարցը չեն, այլ ամբողջ Լիբանանի հարցն են, ուստի պէտք է անոնց վերաբերող օրէնքները գործադրուին:
Վարչապետ Հարիրի հաստատեց, որ իր դիրքը տկար չէ, իր պաշտօնին վրայ ալ վախ չունի, այլ կ՛աշխատի երկրի կառուցման ի խնդիր: Ան նշեց, որ իրենք ամավարկին վերաբերող մեծ աշխատանք տարին եւ նուաճում արձանագրեցին, իսկ ներկայիս անիկա պիտի ներկայացուի խորհրդարանին, որ, ճիշդ է, իր դերը պէտք է ունենայ, սակայն հակասութիւններու թատերաբեմ պէտք չէ ըլլայ: