Լիբանանեան

Պուսթանի. «Ռուսական Եւ Եւրոպական Ընկերութիւններ  Հետաքրքրուած Են Նաւթի Եւ Բնական  Կազի Պեղումներուն Եւ Արտահանման Իմաստով  Ներդրումներ Կատարելու Հարցով»

Պուսթանի. «Ռուսական Եւ Եւրոպական Ընկերութիւններ Հետաքրքրուած Են Նաւթի Եւ Բնական Կազի Պեղումներուն Եւ Արտահանման Իմաստով Ներդրումներ Կատարելու Հարցով»

Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Նատա Պուսթանի «Ֆրանս Փրես» լրատու գործակալութեան հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Պէյրութ կ՛այցելեն միջազգային մեծ ընկերութիւններ, որոնց շարքին եւրոպական եւ ռուսական ընկերութիւններ, որոնք իրենց հետաքրքրութիւնը կը ցուցաբերեն նաւթի եւ բնական կազի պեղումներու ու արտահանման իմաստով ներդրում կատարելու հարցով: Պուսթանի նշեց, որ այդ ընկերութիւններէն են ռուսական «Կազփրոմ»-ը, «Լուք օյլ»-ը, «Թոթալ»-ը, «Ինի»-ն եւ «Նովաթեք»-ը: Պուսթանի...

«Հայրենիքը Բոլորէն Վեր Է, Եւ Մենք Պէտք Է  Անոր Հիման Վրայ Գործենք Ու Զիրար Պաշտպանենք»  Շեշտեց Պասիլ

«Հայրենիքը Բոլորէն Վեր Է, Եւ Մենք Պէտք Է Անոր Հիման Վրայ Գործենք Ու Զիրար Պաշտպանենք» Շեշտեց Պասիլ

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ Բրիտանիա կատարած իր այցելութիւնը աւարտելէ ետք ուղղուեցաւ Իրլանտա, ուր  հանդիպումներ ունեցաւ պետական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, շրջանային զարգացումները, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ տագնապին եւ սուրիացի տեղահանուածներուն ունեցած հետեւանքները Լիբանանի վրայ: Պասիլ ընդգծեց սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը ապահովելու կարեւորութիւնը` առանց սպասելու Սուրիոյ տագնապի վերջնական լուծման: Պասիլ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Իրլանտայի մէջ լիբանանեան գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ:...

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան.  «Կը Պահանջենք Օրէնքի Գործադրութիւնը»

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան. «Կը Ցաւինք, Որ 1700 Աշակերտներ Պետական Քննութիւններուն Պիտի Չմասնակցին, Եւ Կոչ Կ՛ուղղենք Պատասխանատուները Հաշուետուութեան Կանչելու»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի: Նիստին ընթացքին պլոքը խստիւ դատապարտեց եւ ցաւ յայտնեց, որ 1700 աշակերտներ պետական քննութիւններուն պիտի չմասնակցին, եւ կոչ ուղղեց պատասխանատուները հաշուետուութեան կանչելու: Պլոքը անհրաժեշտ նկատեց նաեւ երկրին տնտեսութիւնը աշխուժացնել` մսխումները նուազեցնելու եւ ոչ թէ պաշտօնեաներուն աշխատավարձերը կրճատելու ընդմէջէն: Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքը անհրաժեշտ նկատեց նաեւ, որ պետական ամավարկին վաւերացումով լիբանանցիներուն յաւելեալ...

Պու Սաապ Քուպիչի Հետ Քննարկեց  Սահմանագծումի Թղթածրարները

Պու Սաապ Քուպիչի Հետ Քննարկեց Սահմանագծումի Թղթածրարները

Պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քուպիչը, որուն հետ քննարկեց Լիբանան-Իսրայէլ սահմանագծումի թղթածրարը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ սուրիացի տեղահանուածներուն վերաբերող հարցեր, որոնց լոյսին տակ Պու Սաապ շեշտեց տեղահանուածներու տունդարձի ծրագիր մը մշակելու անհրաժեշտութիւնը: Հանդիպումին ընթացքին կարեւոր նկատուեցաւ նաեւ դէպի Լիբանան մաքսանենգումը կասեցնող միացեալ պատկերացում մը մշակելը:  

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԿԸ նախատեսուի, որ կառավարութիւնը, երեքշաբթի, 18 յունիս 2019-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, իր ընթացիկ նիստը գումարէ վարչապետարանին մէջ` նախագահութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի: Նախնական տուեալներուն համաձայն, կառավարութիւնը նշանակումներ պիտի չկատարէ: ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Ռայա Հասան երէկ նախագահեց բանտերու յանձնախումբի  նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի մէջ նոր արգելարաններ կառուցելու հեռանկարները` նկատի ունենալով բանտերուն բազմամարդ ըլլալու իրականութիւնը: ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ ընդունեց...

Նախագահ Աուն. «Կոչ Կ՛ուղղենք Բրիտանիոյ`  Օժանդակելու Սուրիացի Տեղահանուածներու  Տունդարձին, Եւ Կը Մերժենք Բնակեցումի Որեւէ Փորձ»

Նախագահ Աուն. «Կոչ Կ՛ուղղենք Բրիտանիոյ` Օժանդակելու Սուրիացի Տեղահանուածներու Տունդարձին, Եւ Կը Մերժենք Բնակեցումի Որեւէ Փորձ»

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Մեծն Բրիտանիոյ Էլիզապեթ Բ. թագուհիի կրտսերագոյն դուստրը` Սոֆի Հելըն իշխանուհին: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ հանրապետութեան նախագահութեան հարցերու պետական նախարար Սելիմ Ժրայսաթի եւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Քրիս Ռամպլինկ: Նախագահ Աուն կոչ ուղղեց Բրիտանիոյ` օժանդակելու սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին, նկատի ունենալով, որ Սուրիոյ շրջաններուն մեծ մասը ազատագրուած է ահաբեկիչներուն լուծէն եւ դարձած...

Պըրրի. «Խորհրդարանը Պիտի Լծուի Պետական  Ամավարկի Վաւերացման Օրէնսդրական Աշխատանքին,  Իսկ Պետական Մարզի Պաշտօնեաներուն  Աշխատավարձերը Պիտի Չնուազին»

Պըրրի. «Խորհրդարանը Պիտի Լծուի Պետական Ամավարկի Վաւերացման Օրէնսդրական Աշխատանքին, Իսկ Պետական Մարզի Պաշտօնեաներուն Աշխատավարձերը Պիտի Չնուազին»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի կատարեց «Զահրա» հիւանդանոցին բացումը, որուն ընթացքին շեշտեց, որ խորհրդարանը պիտի լծուի պետական ամավարկի վաւերացման օրէնսդրական աշխատանքի, իսկ պետական մարզի պաշտօնեաներուն աշխատավարձերը պիտի չնուազին: Պըրրի յայտնեց, որ խորհրդարանը չի կրնար տալ այնպիսի որոշում մը, որ կառավարութեան կողմէ պետական ամավարկին պարագային ապահովուած 7,59 առ հարիւրի խնայողութիւնը նուազի: Պըրրի ընդգծեց, որ խորհրդարանը պետական մարզի պաշտօնեաներուն յաւելեալ երաշխիքներ պիտի ապահովէ`...

«Լիբանան Պիտի Չհրաժարի Իր Ցամաքային  Եւ Ծովային Սահմանային Իրաւունքներէն»  Շեշտեց Պասիլ

«Լիբանան Պիտի Չհրաժարի Իր Ցամաքային Եւ Ծովային Սահմանային Իրաւունքներէն» Շեշտեց Պասիլ

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ Բրիտանիոյ Լորտերու պալատին մէջ արտասանած իր խօսքին մէջ նշեց, որ զօր. Միշել Աունի հանրապետութեան նախագահ ընտրութենէն, ազգային միասնականութեան կառավարութեան կազմութենէն եւ երեսփոխանական վերջին ընտրութիւններէն ետք Լիբանան յանգած է պետական եւ սահմանադրական հաստատութիւններու կայունութեան: «Լիբանան կրցած է տապալել ՏԱՀԵՇ-ը եւ Ժապհաթ Նուսրան` դառնալով շրջանի առաջին երկիրը, որ յաջողած է իրագործել այդ նուաճումը: Դժբախտաբար, սակայն, ատիկա չի...

Երեսփոխաններ Թերզեան Եւ Սահնաուի  Ժսըրի Հետ Քննարկեցին Պէյրութի Մէջ  Գարշահոտերու Արտաբերման Հարցը

Երեսփոխաններ Թերզեան Եւ Սահնաուի Ժսըրի Հետ Քննարկեցին Պէյրութի Մէջ Գարշահոտերու Արտաբերման Հարցը

Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան եւ Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Նիքոլա Սահնաուի երէկ այցելեցին Վերաշինութեան ու բարգաւաճման խորհուրդի նախագահ Նապիլ Ժսըրի, որուն հետ քննարկեցին Պէյրութի եւ շրջակայքի գարշահոտերու արտաբերման հարցը: Այս հանդիպումին լոյսին տակ երեսփոխան Թերզեանի գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ այդ հանդիպումին ընթացքին յստակ դարձած է, որ Պէյրութի գարշահոտութիւնը տարբեր պատճառներ ունի: Անոնք են....

Վարչապետ Հարիրի Եւ Միւֆթի Տըրիան  Կը Դատապարտեն Ապհայի  Օդակայանին Դէմ Գործուած Յարձակումը

Վարչապետ Հարիրի Եւ Միւֆթի Տըրիան Կը Դատապարտեն Ապհայի Օդակայանին Դէմ Գործուած Յարձակումը

Վարչապետ Սաատ Հարիրի խստիւ դատապարտեց Սէուտական Արաբիոյ Ապհայի օդակայանին դէմ գործուած յարձակումը, որուն պատճառով վիրաւորուած էին 26 քաղաքացիներ: «Սէուտական քաղաքացիական կառոյցներուն դէմ գործուած այս յարձակումը կը փաստէ, թէ տակաւին կան անարգ փորձեր, որոնք թիրախ կ՛ուզեն դարձնել Սէուտական Արաբիոյ ապահովական կայունութիւնը եւ սէուտցի մեր եղբայրներուն անվտանգութիւնը», ըսաւ ան: Վարչապետ Հարիրի զօրակցութիւն յայտնեց Սէուտական Արաբիոյ ղեկավարութեան եւ ժողովուրդին` կոչ ուղղելով անոնց դիմադրելու...

Իպրահիմ. «Լիբանանի Ապահովական  Կայունութիւնը Հակակշիռի Տակ Կը Գտնուի»

Իպրահիմ. «Լիբանանի Ապահովական Կայունութիւնը Հակակշիռի Տակ Կը Գտնուի»

Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ յայտնեց, որ Ֆրանսայի մէջ արգելափակուած լիբանանցի քաղաքացի Ժորժ Ապտալլայի թղթածրարը կը հետապնդուի: Ան ըսաւ, թէ լիբանանեան պետութիւնը ֆրանսական իշխանութիւններուն հետ խորհրդակցութիւններու մէջ է այդ թղթածրարին առումով` մերժելով բացայայտել այն փուլը, ուր ներկայիս այդ խորհրդակցութիւնները կը գտնուին: Ապպաս Իպրահիմ նշեց, որ իրենց բանակցութիւններուն արդիւնքին հիման վրայ կարելի է ճշդել, թէ ո՛ր փուլին հասած են:...

Լիբանանեան Համալսարանի Դասախօսներուն Հետ  Շեհայէպի Եւ Խալիլի Հանդիպումը  Կրնայ Լուծել Դասադուլին Հարցը

Լիբանանեան Համալսարանի Դասախօսներուն Հետ Շեհայէպի Եւ Խալիլի Հանդիպումը Կրնայ Լուծել Դասադուլին Հարցը

Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Աքրամ Շեհայէպ եւ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ երէկ հանդիպում մը ունեցան Լիբանանեան համալսարանի դասախօսներուն հետ, որոնց հետ քննարկեցին անոնց պահանջները եւ Լիբանանեան համալսարանի բոլոր բաժանմունքներուն մէջ գործադրուող դասադուլին վերջ տալու հեռանկարները: Հանդիպումէն ետք Շեհայէպ յայտնեց, որ դասախօսներուն հետ կրցած են յանգիլ որոշ հասարակ յայտարարներու` աւելցնելով, որ անոնց վրայ կրնան աւելնալ նաեւ որոշ այլ կէտեր,...

Նախագահ Աուն Վարչապետ Հարիրիի Հետ  Ունեցաւ Մտերմիկ Եւ Դրական Հանդիպում Մը

Նախագահ Աուն Վարչապետ Հարիրիի Հետ Ունեցաւ Մտերմիկ Եւ Դրական Հանդիպում Մը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ երեկոյեան նախագահական պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Սաատ Հարիրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք վարչապետ Հարիրի յայտնեց, որ Լիբանան տնտեսական ծանր իրավիճակ մը կը դիմագրաւէ` աւելցնելով, որ նախագահ Աունի հետ համաձայնած է արագացնել կառավարութեան աշխատանքները, որպէսզի կարենայ պահանջուած նուաճումները իրականացնել: Ան հաստատեց, որ տեղեկատուական մարզին ընդմէջէն հնչող խօսքերը պէտք է վերջ գտնեն` մաղթելով,...

Սաթըրֆիլտ Վերադարձաւ Լիբանան` Շարունակելու  Համար Լիբանան-Իսրայէլ Ծովային  Սահմանագծումի Բանակցութիւնները

Սաթըրֆիլտ Վերադարձաւ Լիբանան` Շարունակելու Համար Լիբանան-Իսրայէլ Ծովային Սահմանագծումի Բանակցութիւնները

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Միջին Արեւելքի հարցերով օգնական Տէյվիտ Սաթըրֆիլտ Լիբանան-Իսրայէլ ծովային սահմանագծումի բանակցութիւններուն ծիրին մէջ նախանցեալ գիշեր վերադարձաւ Լիբանան: Սաթըրֆիլտ նախանցեալ երեկոյեան հանդիպում մը ունեցաւ արտաքին գործոց նախարարութեան քաղաքական հարցերու տնօրէն, դեսպան Ղատի Խուրիի հետ, եւ անոր փոխանցեց Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ սահմանագծում կատարելու բոլոր մանրամասնութիւնները: Պըրրիի Մօտ Սաթըրֆիլտ երէկ այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որուն հետ քննարկեց...

Նախարար Կիտանեան.  «Քաղաքական Կեցուածքները Լիբանանի Զբօսաշրջութեան Վրայ  Ժխտական Անդրադարձ Չունին»

Նախարար Կիտանեան. «Քաղաքական Կեցուածքները Լիբանանի Զբօսաշրջութեան Վրայ Ժխտական Անդրադարձ Չունին»

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի առեւտուրի, ճարտարարուեստի եւ երկրագործութեան պալատներուն մէջ ներկայ գտնուեցաւ մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին Ցուցահանդէսներու միջազգային ընկերութեան նախագահ Ալպեր Աուն յայտարարեց «Փրոճեքթ Լեպանոն 2019» ցուցահանդէսի 24-րդ տարբերակին մեկնարկը: «Փրոճեքթ Լեպանոն 2019» ցուցահանդէսին բացումը պիտի կատարուի երկուշաբթի, 17 յունիս 2019-ին, «Սի սայտ արենա»-ի մէջ: Աուն նշեց, որ «Փրոճեքթ Լեպանոն 2019», ցուցահանդէսին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն...

Հարաւային Լիբանանի Մէջ Տեղի Ունեցաւ  Հայկական Խաղաղապահ  Ուժերու Հերթափոխութիւն

Հարաւային Լիբանանի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Հայկական Խաղաղապահ Ուժերու Հերթափոխութիւն

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան երկուշաբթի, 10 յունիս 2019-ին ներկայ գտնուեցաւ հարաւային Լիբանանի մէջ ծառայող ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող հայկական զօրամասի հերթափոխութեան: Հայկական ուժերու զօրամասի հերթափոխութեան դրօշակի պաշտօնական յանձնումի արարողութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ հայ խաղաղապահներուն շքանշաններու յանձնում: Դեսպան Աթաբէկեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց հայ խաղաղապահներուն` պատասխանատու այս առաքելութիւնը իրականացնելու առիթով եւ յաջողութիւն մաղթեց նոր զօրախումբին, անոր ստանձնելիք...

Հասան. «Լիբանանցիները Որեւէ Շրջանէ  Պիտի Կարենան Ստանալ Իրենց Իխրաժ Քայտերը»

Հասան. «Լիբանանցիները Որեւէ Շրջանէ Պիտի Կարենան Ստանալ Իրենց Իխրաժ Քայտերը»

Ներքին գործոց նախարար Ռայա Հասան երէկ «Արապնեթ» խորհրդաժողովին ընթացքին յայտնեց, որ լիբանանցի քաղաքացիները երեք ամիս ետք որեւէ շրջանէ պիտի կարենան ստանալ իրենց իխրաժ քայտերը, առանց ստիպողաբար իրենց ծննդավայրը ուղղուելու` պետական այդ գործառնութիւնը կատարելու համար:

Նաքուրայի Մէջ.  Զինուորական Եռակողմանի Հանդիպում`  Նախագահութեամբ Զօր. Տել Քոլի

Նաքուրայի Մէջ. Զինուորական Եռակողմանի Հանդիպում` Նախագահութեամբ Զօր. Տել Քոլի

Ռաս Նաքուրայի մէջ նախանցեալ օր տեղի ունեցաւ զինուորական եռակողմանի հանդիպում մը` նախագահութեամբ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը եւ անոր գործադրութեան կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ Մազարեհ Շեպաայէն, Քֆարշուպայի բարձունքներէն եւ հիւսիսային Ղաժարէն իսրայէլեան ուժերու հեռացումի հարցը: Տել Քոլ ընդգծեց, որ սահմանային Կապոյտ գիծին մօտակայքը կարելի չէ որեւէ անակնկալ...

Պասիլ Լենքեսթըրի Հետ Քննարկեց  Լիբանանեան Բանակին  Օժանդակութեան Հեռանկարները

Պասիլ Լենքեսթըրի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Բանակին Օժանդակութեան Հեռանկարները

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ Լոնտոնի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ բրիտանական զինուած ուժերու հարցերով պետական նախարար Մարք Լենքեսթըրի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Բրիտանիոյ` լիբանանեան բանակին տրամադրած օժանդակութիւններն ու զինամթերքը: Պասիլ Լենքեսթըրէն խնդրեց շարունակել լիբանանեան բանակին եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն տրամադրուած բրիտանական զինուորական օժանդակութիւնները: Նախարարները քննարկեցին նաեւ Միջին Արեւելքի իրադարձութիւնները:  

Նիզար Զաքքա Ազատ Արձակուեցաւ  Եւ Վերադարձաւ Լիբանան

Նիզար Զաքքա Ազատ Արձակուեցաւ Եւ Վերադարձաւ Լիբանան

Լիբանանցի գործարար Նիզար Զաքքա, որ Միացեալ Նահանգներու ի նպաստ Իրանի մէջ լրտեսութիւն կատարելու յանցանքով ձերբակալուած էր Թեհրանի մէջ 2015-ին եւ 2016-ին ստացած 10 տարուան բանտարկութեան, ինչպէս նաեւ 4,2 միլիոն տոլար տուգանք վճարելու վճիռ, երէկ արժանացաւ յատուկ ներման, ազատ արձակուեցաւ եւ վերադարձաւ Պէյրութ: Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կողմէ Իրանի իշխանութիւններէն` յանձին Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիէն անոր խնդրանքը, որ Զաքքային յատուկ...

Page 554 of 988 1 … 553 554 555 … 988

Արխիւներ