Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանցի Արգելափակեալ Նիզար Զաքքա Այսօր Լիբանան Կը Վերադառնայ

Յունիս 11, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ մեկնած է Իրան` առաքուած հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կողմէ, ուր լիբանանցի արգելափակեալ Նիզար Զաքքայի հարցով հանդիպումներ ունեցած է իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ: Նախատեսուած է, որ հաղորդակցութիւնները աւարտին այսօր, եւ Նիզար Զաքքա ու Ապպաս Իպրահիմ Լիբանան վերադառնան:

Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնը նաեւ հանդիպում ունեցած է Նիզար Զաքքայի հետ:

Մինչ այդ, իրանեան աղբիւրներ յայտարարած էին, թէ Նիզար Զաքքա ազատ պիտի արձակուի 10 տարուան բանտարկութեան պատիժը կրելէ ետք ու պիտի վերադարձուի Լիբանան: Իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը տեղեկացուցած էր, որ Զաքքայի ազատ արձակումը պիտի կատարուի` ընդառաջելով նախագահ Աունի խնդրանքին, ինչպէս նաեւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարին միջնորդութեամբ եւ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի ջանքերով:

«Էն. Պի. Էն.»-ին հետ ունեցած հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին Ա. Իպրահիմ շեշտեց, որ այս գործողութիւնը մաս չի կազմեր բանտարկեալներու փոխանակման լայն համաձայնութեան, այլ անջատ է եւ կը կատարուի նախագահ Աունի պահանջով, իսկ գործողութիւնը պիտի աւարտի 11 յունիսին, Պաապտայի մէջ:

Նշենք, որ Նիզար Զաքքա տեղեկատուական արհեստագիտութեան մասնագէտ է եւ կը վարէր Արհեստագիտութեան արաբական կազմակերպութեան եւ Ուաշինկթընի հետ հաղորդակցութիւններու ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնը:

Զաքքա 18 սեպտեմբեր 2015-ին ձերբակալուած էր իրանեան իշխանութիւններուն կողմէ, Թեհրանի մէջ խորհրդաժողովի մը ներկայ գտնուելէ ետք: Իրանեան իշխանութիւնները Զաքքան ամբաստանեցին Միացեալ Նահանգներու հաշուոյն լրտեսութիւն կատարելու յանցանքով եւ զայն բանտարկութեան դատապարտեցին:

Նախորդը

Պեքաայի Եւ Պաալպեքի Մէջ Բախումներ` Բանակի Եւ Օրինազանցներու Միջեւ

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Կոչ Ուղղեց Ամերիկեան Ընկերութիւններուն` Մասնակցելու Լիբանանեան Կազի Ու Քարիւղի Պեղման Աշխատանքներուն

RelatedPosts

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?