Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախարար Կիտանեան Բացումը Կատարեց Յունական Փառատօնին` Ժիպէյլի Մէջ

June 8, 2019
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ` ուրբաթ, 7 յունիսին, Ժիպէյլի մէջ բացումը կատարեց յունական փառատօնին, որուն ներկայ գտնուեցան Լիբանանի մէջ Յունաստանի եւ Կիպրոսի դեսպանները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը` հիւրերու եւ շրջանի պատասխանատուներուն կողքին:

Այս առիթով խօսք առնողները անդրադարձան Ժիպէյլ քաղաքի յատկութիւններուն, խօսեցան լիբանանեան-յունական յարաբերութիւններուն մասին` դիտել տալով, որ այս փառատօնը կը միտի յունական մշակոյթը եւ ուտեստեղէնները ծանօթացնել լիբանանցներուն:

Նախարար Կիտանեան իր կարգին ողջունեց այս նախաձեռնութիւնը, շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպիչներուն` դիտել տալով, որ այս փառատօնը յաւելեալ աշխուժութիւն պիտի բերէ արդէն իսկ առկայ երկկողմանի յարաբերութիւններուն: Ան յոյս յայտնեց, որ այս փառատօնը աւանդական դառնայ` նշելով, որ Յունաստանն ու Լիբանանը մեծաթիւ հասարակ յայտարարներ ունին, յատկապէս` կենսաձեւն ու մտածելակերպը, նաեւ այն, որ երկուքն ալ կը գտնուին Միջերկրականի ափերուն:

Ըստ նախարար Կիտանեանի, այս փառատօնը կարելի է զետեղել լիբանանեան-յունական նախաձեռնութիւններու շարքին: Ան աւելցուց, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ իր անցուցած երկու օրերուն անցուդարձերը, զբօսաշրջիկներու հոսքը ցոյց կու տայ, որ այս տարի եղանակը բաւական խոստմնալից պիտի ըլլայ: Աւարտին զբօսաշրջութեան նախարարը յոյս յայտնեց, որ զբօսաշրջիկներուն համար գրաւիչ նկատուող Ժիպէյլ քաղաքը միշտ կը մնայ լուսաւոր եւ ուրախութիւն սփռող:

Նախորդը

Երեսփոխան Թերզեան Կը Դրուատէ Ներքին Ապահովութեան Ուժերուն Նուիրումը

Յաջորդը

Ռայա Հասան Հաստատեց, Որ Ապահովական Կառոյցները Մեծ Բծախնդրութեամբ Կը Գործեն

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.