Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռայա Հասան Հաստատեց, Որ Ապահովական Կառոյցները Մեծ Բծախնդրութեամբ Կը Գործեն

Յունիս 8, 2019
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի ներքին գործոց նախարար Ռայա Հասան երէկ գլխաւորեց Ապահովութեան կեդրոնական խորհուրդի արտակարգ նիստի մը, որ յատկացուած էր Թրիփոլիի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական վերջին գործողութեան եւ անոր մանրամասնութիւններուն:

Ժողովէն ետք նախարար Հասան տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին մանրամասնօրէն ներկայացուց դիպաշարը Ֆիթրի տօնին գիշերը կատարուած ահաբեկչական արարքին: Ըստ անոր, Ապտել Ռահման Մապսութ մոթորսիքլեթով մը իր «շրջագայութեան» սկսած էր իր բնակարանէն` 6 ռումբով եւ գնդացիրով մը: Թրիփոլիի մէջ երեք վայրերու վրայ կրակ բանալէ ետք ան բարձրացած էր շէնքի մը տանիքը, ապա մուտք գործած էր բնակարան մը, զոր շրջափակած զինուորներուն վրայ ռումբ մը նետելու պահուն անոր վրայ կրակ բացուած էր, ու ձեռքի ռումբը պայթած էր ձեռքին մէջ: Նախարարը խօսեցաւ նաեւ Ապտել Ռահման Մապսութի ձերբակալուելու եւ ազատ արձակուելու հանգամանքներուն մասին:

Ռայա Հասան շեշտեց, որ ներկայ տուեալները ցոյց կու տան, թէ գործողութիւնը անհատական բնոյթ կը կրէ, խմբակցութեան մը կողմէ կազմակերպուած կամ հրահանգուած չէ: Ան դիտել տուաւ, որ նման արարքներ պէտք չէ օգտագործել անձնական հաշիւներու համար, որովհետեւ նման շահագործումներ այլ վտանգներու դուռ կը բանան: Ան կոչ ուղղեց լրագրողներուն եւ քաղաքական գործիչներուն զգուշ ըլլալու այս առումով, որպէսզի առաջքը առնուին տարբեր մեկնաբանութիւններուն, որոնք ուղղելը յաճախ բաւական դժուար կ՛ըլլայ:

Այս ծիրին մէջ նախարարը տեղեկացուց, որ հանրութենէն եւ լրատուամիջոցներէն հեռու, ապահովական ու զինուորական կառոյցները բաւական մեծ աշխատանք կը տանինք, հակակշիռի տակ կ՛առնեն արարքներ, նաեւ կը ձերբակալեն անձեր, որոնք կը միտին ահաբեկչական գործողութիւններ կատարել` այսպիսով մեծ թիւով աւերներու եւ կորուստներու առաջքը առնելով: Ան շեշտեց, որ այս գործունէութիւնը կը կատարուի շատ բարձր մասնագիտութեամբ, մեծ բծախնդրութեամբ եւ գաղտնաբար:

Ռայա Հասան լուսարձակի տակ առաւ այն, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ շատ կարեւոր է միասնականութիւնը, քաղաքական մէկ պատգամ եւ ուղեգիծ ունենալը, ապահովական եւ զինուորական կառոյցներուն միջեւ ամբողջական գործակցութիւնն ու համադրումը:

 

Նախորդը

Նախարար Կիտանեան Բացումը Կատարեց Յունական Փառատօնին` Ժիպէյլի Մէջ

Յաջորդը

Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրենց Ճիգերով Կ՛օգնեն, Որպէսզի Լիբանան Բռնէ Ապաքինման Ուղին»

RelatedPosts

Վերջին Ժամ.  Իսրայէլ Օդային Բուռն Յարձակումներով Խախտեց Զինադադարի Համաձայնութիւնը
Լիբանանեան

Վերջին Ժամ. Իսրայէլ Օդային Բուռն Յարձակումներով Խախտեց Զինադադարի Համաձայնութիւնը

Հոկտեմբեր 17, 2025
Նախագահ Աուն. « Լիթանիէն Հարաւ Բանակի Անդամներուն Թիւը Այս Տարեվերջին Պիտի Հասնի Շուրջ 10 Հազարի»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն. « Լիթանիէն Հարաւ Բանակի Անդամներուն Թիւը Այս Տարեվերջին Պիտի Հասնի Շուրջ 10 Հազարի»

Հոկտեմբեր 17, 2025
Սալամ Սայտա Այցելեց
Լիբանանեան

Սալամ Սայտա Այցելեց

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?