Լիբանանեան

Թալալ Արսլան Այցելեց Նախագահ Աունի

Թալալ Արսլան Այցելեց Նախագահ Աունի

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ շարունակեց իր հանդիպումները` այն հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուն եւ խորհրդակցութիւններուն լոյսին ներքեւ, որոնք ան կ՛իրականացնէ` լուծելու համար ներկայ կացութիւնը եւ յատկապէս կառավարութեան կազմութեան հարցը: Այս ծիրին մէջ հանրապետութեան նախագահը ընդունեց Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլանը եւ տեղահանուածներու հարցերու պետական նախարարի պաշտօնակատար Սալեհ Ղարիպը, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան վերջին զարգացումները: Հանդիպումէն ետք...

Հզօր Լիբանան Համախմբում.  «Իբրեւ Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութիւն` Անշուշտ  Ազատութիւնը Ձգելով Մեր Դաշնակիցներուն,  Չենք Հետաքրքրուած Մաս Կազմելու Կառավարութեան Մը,  Որուն Ճակատագիրը Ձախողութիւնն Է»   Շեշտեց Պասիլ

Հզօր Լիբանան Համախմբում. «Իբրեւ Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութիւն` Անշուշտ Ազատութիւնը Ձգելով Մեր Դաշնակիցներուն, Չենք Հետաքրքրուած Մաս Կազմելու Կառավարութեան Մը, Որուն Ճակատագիրը Ձախողութիւնն Է» Շեշտեց Պասիլ

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ նախագահեց Հզօր Լիբանան համախմբումի  արտակարգ նիստին` ներկայութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, ինչպէս նաեւ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանի: Նիստէն ետք մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Պասիլ ըսաւ. «Պէտք է լիբանանցիներուն անկեղծօրէն յայտնենք, որ անցնող իւրաքանչիւր օրուան հետ կ՛աւելնան լիբանանցիներուն կորուստները, եւ մարդիկ իրենց գործերը կը կորսնցնեն:...

Պըրրի – Պասիլ Հանդիպում

Պըրրի – Պասիլ Հանդիպում

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ժըպրան Պասիլը, որուն հետ քննարկեց քաղաքական վերջին զարգացումները: Հանդիպման միացաւ նաեւ Ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Ալի Հասան Խալիլը: Ժըպրան Պասիլ մեկնեցաւ առանց որեւէ յայտարարութիւն կատարելու:

Լորիմըր. «Բրիտանիա Կարեւոր  Գործակից Եւ Աջակից Է Լիբանանին»

Լորիմըր. «Բրիտանիա Կարեւոր Գործակից Եւ Աջակից Է Լիբանանին»

Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպանատունը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ յայտնեց, որ Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան Միջին Արեւելքի հարցերու աւագ խորհրդական սըր Ճոն Լորիմըր Լիբանանի մէջ բարձրաստիճան մակարդակի հանդիպումներ ունեցած է հանրապետութեան նախագահ Միշել Աունի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի, պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Էլիաս Պու Սաապի, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի եւ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի...

Սալամ. «Արագացնել Կառավարութեան  Կազմութիւնը, Որպէսզի Լիբանանը  Աւելի Խոր Անդունդի Մէջ Չգտնուի»

Սալամ. «Արագացնել Կառավարութեան Կազմութիւնը, Որպէսզի Լիբանանը Աւելի Խոր Անդունդի Մէջ Չգտնուի»

Մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ ընդունեց նախկին վարչապետ Թամամ Սալամը` ընկերակցութեամբ նախկին նախարարներ Ռաշիտ Տըրպասի, Սըժաան Քազզիի եւ Մոհամետ Մաշնուքի: Հանդիպումէն ետք Սալամ յայտնեց, որ այցելած է պատրիարքին` ստանալու համար անոր օրհնութիւնը: Ան բացատրեց, որ պատրիարքը ազգային հեղինակութիւն է եւ ունի ղեկավար դեր այս փուլին ընթացքին, եւ պէտք է առաջնորդուիլ անոր միտքերով ու կարծիքներով: Նախկին վարչապետը աւելցուց, որ իրավիճակը բարդ...

Վարչապետ Հարիրի Հինգշաբթի Օր  Հանդիպումներ Պիտի Ունենայ Փոմփէոյի Հետ

Հարիրի Միջազգային Դրամատան Եւ Միջազգային Դրամական Ֆոնտին Վստահեցուց Փրկարարական Շտապ Ծրագիր Պատրաստելու Իր Յանձնառութիւնը` Սպասելով Նոր Կառավարութեան Կազմութեան

Հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ ունեցաւ երկու հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ` Միջազգային դրամատան տնօրէն Տէյվիտ Մալպասի եւ Միջազգային դրամական ֆոնտի գործադիր տնօրէն Քրիսթինա Ճիորճիֆայի հետ: Ան անոնց հետ քննարկեց Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական եւ դրամական դժուարութիւնները: Վարչապետ Հարիրի անոնց հաստատեց իր յանձնառութիւնը` պատրաստելու փրկարարական շտապ ծրագիր մը, որ պիտի լուծէ տագնապը` սպասելով նոր կառավարութեան, որ ունակ է այդ ծրագիրը իրագործելու: Հարիրի անոնց հետ...

Լիբանանի Օժանդակ Երկիրներու Խմբաւորումը  Մտահոգութիւն Յայտնեց Երկրին  Դիմագրաւած Տագնապին Առնչութեամբ

Լիբանանի Օժանդակ Երկիրներու Խմբաւորումը Մտահոգութիւն Յայտնեց Երկրին Դիմագրաւած Տագնապին Առնչութեամբ

Երէկ Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի օժանդակ երկիրներու խմբաւորումին նիստը: Ֆրանսայի եւ ՄԱԿ-ի նախագահութեամբ տեղի ունեցած ժողովէն ետք հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը: Լիբանանի օժանդակ երկիրներու խմբաւորումը իր մտահոգութիւնը յայտնեց Լիբանանի դիմագրաւած տագնապին առնչութեամբ, որ երկիրը կը դնէ տնտեսական քաոսի վտանգին եւ կայունութեան բացակայութեան առջեւ: Խմբաւորումը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ անհրաժեշտ նկատեց որդեգրել կայուն եւ վստահելի բարեփոխումներու շարք մը` դիմակայելու Լիբանանի տնտեսութեան...

Նախագահ Աուն Ընդունեց  Սըր Ճոն Լորիմըրը

Նախագահ Աուն Ընդունեց Սըր Ճոն Լորիմըրը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան Միջին Արեւելքի հարցերու աւագ խորհրդական սըր Ճոն Լորիմըրը` ներկայութեամբ հանրապետութեան նախագահութեան հարցերու պետական նախարարի պաշտօնակատար Սելիմ Ժրայսաթիին: Նախագահ Աուն Լորիմըրին յայտնեց, որ լիբանանցիներուն որդեգրած համախոհական ժողովրդավարութիւնը իրենց քաղաքական կեանքին մէջ ազգային միասնութեան գրաւականն է` Լիբանանը դուրս բերելու քաղաքական եւ տնտեսական ծանր վիճակէն: Նախագահ Աուն նշեց, որ յաջորդ...

Պըրրի. «Փարիզի Ժողովը Հզօր Նշան Մըն Է,  Որ Միջազգային Ընտանիքը Շահագրգռուած Է  Լիբանանով Եւ Անոր Կայունութեամբ»

Պըրրի. «Փարիզի Ժողովը Հզօր Նշան Մըն Է, Որ Միջազգային Ընտանիքը Շահագրգռուած Է Լիբանանով Եւ Անոր Կայունութեամբ»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ գլխաւորեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին պահանջեց ըմբռնել ստեղծուած կացութեան լրջութիւնը եւ վերացնել կառավարութեան կազմութեան ուղին խոչընդոտող արգելքները: Պըրրի երեսփոխաններուն հետ քննարկեց Փարիզի մէջ Լիբանանի օժանդակ երկիրներու խմբաւորումի ժողովին որոշումները` իր մտահոգութիւնը յայտնելով երկրի ապագային վերաբերեալ` ներկայ տագնապներու շարունակութեան լոյսին տակ, եւ կոչ ուղղելով արագացնելու վարչապետի նշանակումը եւ կառավարութեան կազմութիւնը: Խորհրդարանի նախագահը...

Հարիրի Շնորհակալութիւն Յայտնեց Բրիտանիոյ`  Լիբանանի Կողքին Կանգնելուն Համար

Հարիրի Շնորհակալութիւն Յայտնեց Բրիտանիոյ` Լիբանանի Կողքին Կանգնելուն Համար

Հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցող Միջին Արեւելքի հարցերու բրիտանացի պետական նախարար Անտրիւ Մորիսընի հետ, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական դժուարութիւնները եւ առկայ ջանքերը` տագնապը լուծելու համար: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Բրիտանիոյ` Լիբանանի կողքին կանգնելուն համար:

Ժողովրդային Շարժումը Կը Մերժէ Սամիր  Խաթիպի Վարչապետ Նշանակումը` Կառչած Մնալով  Մասնագէտներու Կառավարութեան Կազմութեան

Սամիր Խաթիպ. «Երկիրը Կ՛երթայ Դէպի Անդունդ, Եթէ Չգտնուին Հաւատարիմ Մարդիկ»

Վարչապետի պաշտօնի նախկին թեկնածու Սամիր Խաթիպ երէկ ընդունելով Իքլիմ Խարրուպի շրջանի բնակիչներէն պատուիրակութիւններ, յայտնեց, որ ան բոլորէն միայն սիրալիր վերաբերմունքի արժանացած է: Ան յայտնեց, որ բոլորը համաձայն էին իր թեկնածութեան, սակայն կային տարբեր տեսակէտներ, քանի որ, ըստ անոր, քաղաքականութեան մասին խօսիլը կը տարբերի անձնական գործերու մասին խօսելէ: Ան բացատրեց, որ քաղաքականութիւնը ունի իր յատուկ մտապատկերը եւ հաւասարակշռութիւնը` լուծելու համար այս...

Ֆատի Ժեմայէլ. «Պիտի Որդեգրուին Մագլցողական  Քայլեր, Եթէ Ճարտարարուեստի Մարզի  Առաջնային Նիւթերը Չապահովուին»

Ֆատի Ժեմայէլ. «Պիտի Որդեգրուին Մագլցողական Քայլեր, Եթէ Ճարտարարուեստի Մարզի Առաջնային Նիւթերը Չապահովուին»

Լիբանանի Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու ընկերակցութեան նախագահ ֆատի Ժեմայէլ երէկ տուաւ մամլոյ ասուլիս մը ընկերակցութեան կեդրոնին մէջ` ներկայութեամբ ընկերակցութեան փոխնախագահներ Զիատ Պաքտաշի եւ Ժորժ Նասրաուիի, գանձապահ Նազարէթ Սապունճեանի, վարչութեան անդամներուն եւ ճարտարարուեստի մեծաթիւ պատասխանատուներու: ֆատի Ժեմայէլ յայտարարեց, որ պիտի որդեգրուին մագլցողական քայլեր, եթէ ճարտարարուեստի մարզին առաջնային նիւթերը չապահովուին, յատկապէս որ մթերքը կը վերջանայ եւ ազգային տնտեսութեան, եկամուտին եւ աշխատաւորներու ապագային հանդէպ...

Ռայա Հասան Ապպաս Իպրահիմի Եւ Իմատ  Օսմանի Հետ Քննարկեց Ապահովական  Վերջին Զարգացումները

Ռայա Հասան Ապպաս Իպրահիմի Եւ Իմատ Օսմանի Հետ Քննարկեց Ապահովական Վերջին Զարգացումները

Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ռայա Հասան երէկ իր գրասենեակին մէջ հրաւիրեց ապահովական ժողովի մը, որուն ներկայ գտնուեցան Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ եւ Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ապահովական վերջին զարգացումները եւ լիբանանեան կարգ մը շրջաններուն մէջ արձանագրուող իրադարձութիւնները` ապահովական ուժերուն կողմէ իրականացուող ապահովական խստացուած միջոցառումներու լոյսին ներքեւ, որոնք միտուած են պահպանելու...

Լիբանանի Օժանդակ Երկիրներու Խմբաւորումը Այսօր Կ՛որդեգրէ Լիբանանը Իր Տագնապէն Փրկելու Ուղեգիծ Մը

Լիբանանի Օժանդակ Երկիրներու Խմբաւորումը Այսօր Կ՛որդեգրէ Լիբանանը Իր Տագնապէն Փրկելու Ուղեգիծ Մը

Փարիզի մէջ այսօր պիտի գումարուի Լիբանանի օժանդակ երկիրներու խմբաւորումի ժողովը, որ պիտի կայանայ նախագահութեամբ Ֆրանսայի եւ ՄԱԿ-ի: Ժողովը պիտի ըլլայ առիթ մը, որուն ընթացքին Լիբանանի օժանդակ երկիրներու խմբաւորումը պիտի որդեգրէ Լիբանանը իր տագնապէն փրկելու ուղեգիծ մը: Այս շրջագիծին մէջ, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լոտրիան յայտնեց, թէ Ֆրանսա նախաձեռնեց այս ժողովին` նպատակ ունենալով լիբանանեան իշխանութիւնները մղել` գիտակցելու երկրին պարզած...

Նախագահ Աուն. «Պիտի Շարունակենք Պայքարիլ Լիբանանցիներուն Ապահով Եւ Արժանապատիւ Կեանք Ունենալու Իրաւունքին Համար»

Նախագահ Աուն. «Պիտի Շարունակենք Պայքարիլ Լիբանանցիներուն Ապահով Եւ Արժանապատիւ Կեանք Ունենալու Իրաւունքին Համար»

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ շեշտեց, որ Լիբանան արժանի է մնալու պարկեշտութեան եւ արժանիքներու փարոսը, ինչպէս նաեւ իրաւունքի եւ արդարութեան երկիրը: Ան հաստատեց, որ իրենք պիտի շարունակեն պայքարիլ լիբանանցիներուն ապահով եւ արժանապատիւ կեանք ունենալու, ազատ ըլլալու եւ ուսման արժանանալու իրաւունքին համար: Մարդկային իրաւունքներու միջազգային օրուան առիթով նախագահ Աուն վերոնշեալ կեցուածքները արձանագրեց թուիթըրեան իր հաշիւին ընդմէջէն: Նախագահ Աուն նախագահական պալատին...

Պըրրի. «Խորհրդարանը Կը Գտնուի 2020-ի Պետական Ամավարկը Վաւերացնելու Սեմին»

Պըրրի. «Խորհրդարանը Կը Գտնուի 2020-ի Պետական Ամավարկը Վաւերացնելու Սեմին»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Փարիզի մէջ այսօր տեղի ունենալիք Լիբանանի օժանդակ երկիրներու խմբաւորումի ժողովին նախապատրաստութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի շեշտեց, որ խորհրդարանը կը գտնուի 2020-ի պետական ամավարկը վաւերացնելու սեմին: Քիւպիչ ողջունեց լիբանանեան խորհրդարանին կողմէ կատարուած այս աշխատանքը` հաստատելով, որ Փարիզի...

Քանաան. «2020-ի Պետական Ամավարկը Հինգշաբթի Օր Պիտի Վաւերացուի Եւ Ուղարկուի Խորհրդարանի Լիագումար Նիստին»

Քանաան. «2020-ի Պետական Ամավարկը Հինգշաբթի Օր Պիտի Վաւերացուի Եւ Ուղարկուի Խորհրդարանի Լիագումար Նիստին»

Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբը,  երէկ նախագահութեամբ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանի, շարունակեց գումարել 2020-ի պետական ամավարկի քննարկման իր նիստը: Նիստէն ետք Քանաան յայտնեց, որ  յանձնախումբը վաւերացուցած է երկրագործութեան, տնտեսութեան եւ կրթութեան պիւտճէները` կարգ մը փոփոխութիւններ կատարելով անոնց կէտերուն մէջ: Այս շրջագիծին մէջ Քանաան հաստատեց, որ յանձնախումբը կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարութեան պիւտճէն 40 առ հարիւրով նուազեցուցած է: Ան նշեց,...

«70 Հաստատութիւն Դիմած Է Աշխատանքի Նախարարութիւն` Հաւաքական Կերպով Պաշտօնեաները Աշխատանքէ Արձակելու Խնդրանքով»  Հաստատեց Քամիլ Ապու Սլէյման

«70 Հաստատութիւն Դիմած Է Աշխատանքի Նախարարութիւն` Հաւաքական Կերպով Պաշտօնեաները Աշխատանքէ Արձակելու Խնդրանքով» Հաստատեց Քամիլ Ապու Սլէյման

Աշխատանքի նախարար Քամիլ Ապու Սլէյման երէկ այցելեց Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան կեդրոն, ուր շեշտեց, թէ նախորդ տասը օրերուն ընթացքին աւելի քան 70 հաստատութիւն դիմած է աշխատանքի նախարարութիւն` հաւաքական կերպով պաշտօնեաները աշխատանքէ արձակելու խնդրանքով: Ան նշեց, որ նախարարութիւնը կազմած է շտապ իրավիճակի խորհուրդ մը, որուն աշխատանքն է պահպանել աշխատաւորներուն իրաւունքները: Ապու Սլէյման ընդգծեց նաեւ, որ լիբանանեան պետութիւնը պէտք է կատարէ ընկերային ապահովագրութեան...

Հանրօգուտ Շինութեանց Խորհրդարանական Յանձնախումբը Դատական Հարց Յարուցեց Ողողումներուն Պատճառով

Հանրօգուտ Շինութեանց Խորհրդարանական Յանձնախումբը Դատական Հարց Յարուցեց Ողողումներուն Պատճառով

Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու երեսփոխանական մնայուն յանձնախումբը երէկ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ յանձնախումբի նախագահ երեսփոխան Նազիհ Նաժմի: Նիստէն ետք Նաժմ յայտնեց, որ յանձնախումբը դատական հարց յարուցեց բոլոր անոնց դէմ, որոնք պատասխանատու են Լիբանանի փողոցներուն եւ փապուղիներուն մէջ պատահած ողողումներուն: Նիստէն ետք Նաժմ յայտնեց, որ Նաամէի, Քուէյթեան դեսպանատան շրջանի, օդակայանի փապուղիներու, Քոսթապրաւայի փապուղիի եւ բոլոր շրջաններու ողողումներուն պատասխանատուները պիտի ներկայանան...

Մուսթաքպալ Պլոքը Կոչ Ուղղեց Պարտադիր Խորհրդակցութիւնները Կատարելու Եւ Մասնագէտներու Կառավարութիւն Մը Կազմելու

Մուսթաքպալ Պլոքը Կոչ Ուղղեց Պարտադիր Խորհրդակցութիւնները Կատարելու Եւ Մասնագէտներու Կառավարութիւն Մը Կազմելու

Մուսթաքպալ պլոքի նախագահ, երեսփոխան Պահիա Հարիրի նախագահեց պլոքի ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս քաղաքական բեմը յուզող հարցերը: Պլոքի նիստէն բխած հաղորդագրութիւնը հաստատեց, որ անհրաժեշտ է ամէնէն արագ միջոցին կատարել վարչապետի նշանակման պարտադիր խորհրդակցութիւնները, ինչպէս նաեւ կազմել մասնագէտներէ բաղկացած կառավարութիւն մը, որ արժանանայ լիբանանցիներու եւ օտար պետութիւններու վստահութեան, ինչպէս նաեւ լծուի երկրին տնտեսական եւ ելեւմտական հարցերուն լուծման:  

Page 525 of 988 1 … 524 525 526 … 988

Արխիւներ