Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սալամ. «Արագացնել Կառավարութեան Կազմութիւնը, Որպէսզի Լիբանանը Աւելի Խոր Անդունդի Մէջ Չգտնուի»

December 13, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ ընդունեց նախկին վարչապետ Թամամ Սալամը` ընկերակցութեամբ նախկին նախարարներ Ռաշիտ Տըրպասի, Սըժաան Քազզիի եւ Մոհամետ Մաշնուքի:

Հանդիպումէն ետք Սալամ յայտնեց, որ այցելած է պատրիարքին` ստանալու համար անոր օրհնութիւնը: Ան բացատրեց, որ պատրիարքը ազգային հեղինակութիւն է եւ ունի ղեկավար դեր այս փուլին ընթացքին, եւ պէտք է առաջնորդուիլ անոր միտքերով ու կարծիքներով:

Նախկին վարչապետը աւելցուց, որ իրավիճակը բարդ է ու ծանր, եւ կը պահանջէ խոնարհութիւն եւ զոհողութիւն` Լիբանանի փրկութեան համար լուծումներ գտնելու: Ան կոչ ուղղեց կառավարութեան արագ կազմութեան` նշելով, որ ատիկա ո՛չ միայն Լիբանանի բարեկամներուն պահանջն է, այլ նաեւ իւրաքանչիւր լիբանանցիի պահանջը, որ կ՛ուզէ միտքը հանգստացնել, որ կայ լիբանանեան պետութիւն, որ իր կարիքները կը հոգայ: Ըստ Սալամի, պահանջուածը գործադիր իշխանութեան վերականգնումն է` պայքարելու համար անկումին դէմ: Ան նշեց, որ կարելի չէ տնտեսական եւ ելեւմտական անկումէն դուրս ելլել այս կամ այն միջոցառումը որդեգրելով: Ան շեշտեց, որ եթէ արմատական միջոցառումներու չդիմուի, Լիբանանը աւելի խոր անդունդի մէջ պիտի գտնուի: «Մենք չենք տարբերիր բազմաթիւ այլ երկիրներէ, որոնք անցան նոյնանման պայմաններէ եւ ենթարկուեցան վնասներու, որոնց բուժումը երկար տարիներ տեւեց», նշեց Սալամ: Ան բոլորին եւ նախ եւ առաջ պատասխանատուներուն կոչ ուղղեց գտնելու ընդհանուր հիմք` կառավարութեան արագ կազմութեան համար:

Թամամ Սալամ գնահատանքի խօսք ուղղեց համայնքային եւ յարանուանական բաժանումներէն դուրս գտնուող բոլոր լիբանանցիներուն, որոնք բարձրաձայնեցին իրենց պահանջները իրենց իրաւունքներուն, արժանապատուութեան եւ Լիբանանի բարօրութեան համար: Ան աւելցուց, որ անոնք Լիբանանի խիղճն են` ընդգծելով, որ պատրիարքը մեծ դեր ունեցաւ եւ ունի այս երիտասարդները գրկաբաց ընդունելու մէջ:

 

Նախորդը

Հարիրի Միջազգային Դրամատան Եւ Միջազգային Դրամական Ֆոնտին Վստահեցուց Փրկարարական Շտապ Ծրագիր Պատրաստելու Իր Յանձնառութիւնը` Սպասելով Նոր Կառավարութեան Կազմութեան

Յաջորդը

Լորիմըր. «Բրիտանիա Կարեւոր Գործակից Եւ Աջակից Է Լիբանանին»

RelatedPosts

Նախագահական Պալատը Լրատուամիջոցներուն  Կոչ Ուղղեց` Լիբանանի Բարեկամ Արտաքին  Որեւէ Կողմի Վրայ «Յարձակում» Չգործելու
Գլխաւոր լուրեր

Նախարարաց Խորհուրդը Այսօր Պաապտայի Պալատին Մէջ Պիտի Քննարկէ Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերուն Թղթածրարը

October 22, 2026
Նեթանիահու. «Սուրիան Հալէպի Մօտ Օդուժի  Ռազմակայանի Մը Մէջ Թրքական Տեղակայում  Արտօնելով Փոխըմբռնումները Խախտեց  Եւ Մեր Զգուշացումները Անտեսեց»
Լիբանանեան

Նեթանիահու. «Իրանի Հետ Ճակատումի Վճռումէն Առաջ Լիբանանի Մէջ Խաղաղութիւն Պիտի Չհաստատուի»

October 22, 2026
Էրտողան. «Կը Շնորհաւորեմ Սուրիական Եւ Թրքական  Հետախուզութեան Անծանօթ Հերոսները,  Որոնք Պանիասի, Սուրիոյ Եւ Ռեհանլիի Մէջ  Ջարդերու Պատասխանատու Ահաբեկիչը Ձերբակալեցին»
Լիբանանեան

Էրտողան. «Կը Շնորհաւորեմ Սուրիական Եւ Թրքական Հետախուզութեան Անծանօթ Հերոսները, Որոնք Պանիասի, Սուրիոյ Եւ Ռեհանլիի Մէջ Ջարդերու Պատասխանատու Ահաբեկիչը Ձերբակալեցին»

October 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.