Երէկ Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի օժանդակ երկիրներու խմբաւորումին նիստը:
Ֆրանսայի եւ ՄԱԿ-ի նախագահութեամբ տեղի ունեցած ժողովէն ետք հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը:
Լիբանանի օժանդակ երկիրներու խմբաւորումը իր մտահոգութիւնը յայտնեց Լիբանանի դիմագրաւած տագնապին առնչութեամբ, որ երկիրը կը դնէ տնտեսական քաոսի վտանգին եւ կայունութեան բացակայութեան առջեւ:
Խմբաւորումը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ անհրաժեշտ նկատեց որդեգրել կայուն եւ վստահելի բարեփոխումներու շարք մը` դիմակայելու Լիբանանի տնտեսութեան դիմագրաւած երկարաժամկէտ մարտահրաւէրները, դադրեցնելու տնտեսական վատթարացումը, վերականգնելու վստահութիւնը կայուն ձեւով եւ դիմակայելու տնտեսական ու ընկերային մարտահրաւէրները: Խմբաւորումը կը նշէ, որ այս շատ կարեւոր միջոցառումները կ՛արտացոլեն Լիբանանի ժողովուրդին պահանջները 17 հոկտեմբերէն ի վեր:
Խմբաւորումը նշեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաժարումէն ետք, Լիբանան մնաց առանց կառավարութեան` անհրաժեշտ նկատելով անյապաղ կառավարութեան կազմութիւնը, որպէսզի պահպանուի Լիբանանի կայունութիւնը, միասնականութիւնը, ապահովութիւնը, ինքնիշխանութիւնը եւ անկախութիւնը երկրի ամբողջ տարածքին վրայ: Խմբաւորումը շեշտեց, որ կառավարութիւնը պէտք է ունենայ կարողութիւնն ու վստահելիութիւնը կատարելու տնտեսական բարեփոխումներու շարքը եւ Լիբանանը զերծ պահելու ճնշումէ ու շրջանային տագնապներէ:
Խմբաւորումը յայտնեց, որ լիբանանեան իշխանութիւնները պէտք է յանձնառու մնան կատարելու միջոցառումները եւ բարեփոխումները` յստակ ժամանակացոյցի մը հիման վրայ: Խմբաւորումը կոչ ուղղեց լիբանանեան իշխանութիւններուն վաւերացնելու 2020 թուականի պետական ամավարկը` նոր կառավարութեան կազմութեան յաջորդող առաջին շաբաթներուն ընթացքին, որպէսզի ընդհանուր պիւտճէն բարելաւուի եւ Լիբանանի ժողովուրդին ընկերային ապահովութիւնը պահպանուի:
Խմբաւորումը լիբանանեան իշխանութիւններուն նաեւ կոչ ուղղեց վերակայունացնելու ելեւմտական մարզը եւ պայքարելու փտածութեան դէմ` վաւերացնելով համապատասխան օրէնքներ եւ ելեկտրականութեան բարեկարգման ծրագիրը, ինչպէս նաեւ ունենալով կառավարական գործունէութեան արդիւնաւէտ մեքանիզմ եւ անկախ կարգաւորող կողմ:
Խմբաւորումը յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան յաջորդող առաջին 6 ամիսներուն ընթացքին պէտք է որդեգրուին միջոցառումներ` կայուն տնտեսական դրութիւն հաստատելու համար: Խմբաւորումի անդամները վերահաստատեցին «Սետր»-ի վեհաժողովի արդիւնքերը եւ վստահեցուցուին, որ որոշումները տակաւին ի զօրու են: Խմբաւորումը այս ծիրին մէջ անհրաժեշտ նկատեց լիբանանեան իշխանութիւններուն կողմէ ներդրումային ծրագիրներու հաստատումը` առաջնահերթութիւններու ցանկին վրայ, նախարարական յանձնախումբի ընդմէջէն:
Խմբաւորումը նաեւ յայտնեց, որ միջազգային ելեւմտական կառոյցներու կողմէ օժանդակութիւն տրամադրելը անհրաժեշտ է օգնելու Լիբանանի պետութեան` բարեկարգումները կատարելու իր ճիգերուն մէջ:
Լիբանանի օժանդակ երկիրներու խմբաւորումը վերահաստատեց իր պատրաստակամութիւնը օգնելու Լիբանանին այս քայլերուն մէջ եւ լիբանանեան իշխանութիւններուն կոչ ուղղեց աջակցութիւն պահանջելու միջազգային խմբաւորումներէ:
Խմբաւորումը բարձր գնահատեց բանակին եւ ապահովական ուժերուն դերը ցուցարարներու ապահովութեան պահպանութեան մէջ` կոչ ուղղելով շարունակելու կարծիքի խաղաղ արտայայտութեան իրաւունքի պաշտպանութիւնը:
Լիբանանեան պատուիրակութեան հաղորդուեցան ժողովի որոշումները:
Լոտրիան. «Բարեկարգումի Կառավարութեան Կազմութիւնը Պայման Է Կատարուելիք Որեւէ Նիւթական Օժանդակութեան Համար»
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լոտրիան ժողովէն ետք յայտարարեց, որ միջազգային ընտանիքը Լիբանանին կատարուելիք որեւէ նիւթական օժանդակութիւն կը պայմանաւորէ բարեկարգումի կառավարութեան կազմութեամբ:
«Միակ չափանիշը պէտք է ըլլայ այս կառավարութեան արդիւնաւէտութիւնը այն բարեփոխումներուն առումով, զորս ժողովուրդը կը սպասէ: Միայն այս մօտեցումը թոյլ պիտի տայ ժողովի բոլոր մասնակիցներուն եւ ուրիշներու համախմբուելու` Լիբանանին տրամադրելու անհրաժեշտ օգնութիւնը», շեշտեց Լոտրիան:
Սաատ Հարիրի. «Կազմել Մասնագէտներէ Բաղկացած Կառավարութիւն Եւ Պատրաստել Տնտեսական Ու Ընկերային Փրկարարական Ծրագիր»
Հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսային եւ ՄԱԿ-ին Փարիզի մէջ գումարուած` Լիբանանի օժանդակ երկիրներու խմբաւորումի ժողովին առնչութեամբ: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի բոլոր բարեկամներուն, եղբայրներուն եւ միջազգային կառոյցներու ներկայացուցիչներուն, որոնք մասնակցեցան այս ժողովին եւ իրենց յանձնառութիւնը յայտնեցին օգնելու Լիբանանին` դուրս գալու տնտեսական սուր տագնապէն:
Վարչապետ Հարիրի վստահեցուց, որ տեղեկանալով խմբաւորումի ժողովի հաղորդագրութեան մասին, կը նկատէ, որ տագնապէն դուրս գալու համար անհրաժեշտ է.
1) Արագացնել միատարր եւ վստահելի աշխատանքային խումբ ձեւաւորող մասնագէտներէ բաղկացած կառավարութեան կազմութիւնը, որ ատակ կ՛ըլլայ արձագանգելու 17 հոկտեմբերէն ետք ցոյցի իջած լիբանանցիներու պահանջներուն:
2) Պատրաստել փրկարարական ծրագիր` տնտեսական, ընկերային, ելեւմտական, նիւթական եւ արտադրողական մակարդակներուն վրայ:
3) Իրագործել այս ծրագիրը` Լիբանանի եղբայրներուն, միջազգային ընտանիքին մէջ իր բարեկամներուն, միջազգային ելեւմտական կառոյցներուն եւ արաբական սնտուկներուն աջակցութեամբ: