Փարիզի մէջ այսօր պիտի գումարուի Լիբանանի օժանդակ երկիրներու խմբաւորումի ժողովը, որ պիտի կայանայ նախագահութեամբ Ֆրանսայի եւ ՄԱԿ-ի:
Ժողովը պիտի ըլլայ առիթ մը, որուն ընթացքին Լիբանանի օժանդակ երկիրներու խմբաւորումը պիտի որդեգրէ Լիբանանը իր տագնապէն փրկելու ուղեգիծ մը:
Այս շրջագիծին մէջ, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լոտրիան յայտնեց, թէ Ֆրանսա նախաձեռնեց այս ժողովին` նպատակ ունենալով լիբանանեան իշխանութիւնները մղել` գիտակցելու երկրին պարզած վտանգաւոր իրավիճակին մասին:
Ան նկատել տուաւ, որ Լիբանանին պիտի թելադրուի բարեկարգումները գործադրելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ կոչ պիտի ուղղուի լիբանանեան իշխանութիւններուն ժողովրդային շարժումին պահանջները նկատի ունենալու, որովհետեւ 17 հոկտեմբերէն ի վեր Լիբանանի փողոցները միշտ լեցուն են քաղաքացիներով, որոնք կը բողոքեն տիրող կացութեան դէմ:
Լոտրիան անհրաժեշտ նկատեց նաեւ, որ Լիբանանի մէջ ամէնէն արագ միջոցին կազմուի կառավարութիւն մը եւ սկսի աշխատանքի: Ան նշեց, որ որեւէ ուշացում կրնայ կացութիւնը վատթարացնել:
Կառավարութիւնը պէտք է անպայման բարեկարգումներ գործադրէ, որպէսզի կարելի ըլլայ նաեւ «Սետր»-ի խորհրդաժողովին նիւթական օժանդակութեան արժանանալ:
«Մենք վաղուան ժողովին ընթացքին յստակ կոչ պիտի ուղղենք բոլորին ստանձնելու իրենց պատասխանատուութիւնը, որպէսզի Լիբանան վերագտնէ իր կայունութիւնը», ըսաւ Լոտրիան:
Ժողովին մասնակցող Լիբանանի պաշտօնական պատուիրակութեան մաս կը կազմեն արտաքին գործոց նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Հանի Շմայթլի, ելեւմուտքի նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Ալեն Պիֆանի, Կեդրոնական դրամատան գործադիր տնօրէն Ռաժա Ապու Ասալի, ինչպէս նաեւ հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի տնտեսական հարցերու խորհրդատու Հազար Քարաքալլա:
Երէկ երեկոյեան Պէյրութէն Ֆրանսա մեկնեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչը` ժողովին մասնակցելու նպատակով:
Կը նախատեսուի, որ հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի մասնակցի Փարիզի մէջ տեղի ունենալիք ժողովին:
Միւս կողմէ, Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհան անհրաժեշտ նկատեց, որ լիբանանցիներն ու անոնց քաղաքական վարչակարգը ապահովեն Լիբանանի կայունութիւնն ու գերիշխանութիւնը:
«Լիբանանի կայունութիւնը խիստ կարեւոր է Սէուտական Արաբիոյ համար», յայտնեց ան` աւելցնելով, որ ինք պիտի սպասէ Փարիզի մէջ տեղի ունենալիք Լիբանանի օժանդակ երկիրներու խմբաւորումի ժողովին արդիւնքները:
Ֆայսալ պըն Ֆարհան իշխանը, որ Ռիատի մէջ Արաբական Ծոցի երկիրներու վեհաժողովին որոշումները կը ներկայացնէր մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ստեղծուած տնտեսական ու ելեւմտական տագնապը եւ լիբանանեան դրամանիշին արժէքի խախտումը լուրջ խնդիրներ են եւ ուղղակիօրէն կապուած են երկրին կայունութեան հետ:
Փողոցը Դարձեալ Կը Բռնկի
Ժողովրդային շարժումը երէկ դարձեալ բռնկեցաւ:
Երէկ առաւօտեան Թրիփոլիի Մինա շրջանը արթնցաւ ողբերգական լուրով մը:
Քախիա ընտանիքի երկու անդամներ` Ռամա եւ Ապտել Ռահման (քոյր-եղբայր) մահացած էին, որովհետեւ անոնց բնակարանին առաստաղը փուլ եկած էր:
Այս գուժը ցասում յառաջացուց Թրիփոլիի մէջ:
Ժողովրդային շարժումի ցուցարարները ուղղուեցան Մինայի քաղաքապետարան եւ պահանջեցին քաղաքապետին` Ապտել Քատեր Ալամէտտինի հրաժարականը:
Անոնք հրկիզեցին Մինայի քաղաքապետարանին պատկանող սենեակ մը` իր բոլոր իրերով, ինչպէս նաեւ հրկիզեցին քաղաքապետարանին յատուկ ինքնաշարժ մը եւ մոթորսիքլեթ մը:
Լիբանանեան բանակը փութաց Մինա եւ հակակշիռի տակ առաւ կացութիւնը:
Երեկոյեան անոնք դարձեալ բողոքի ցոյցեր կազմակերպեցին եւ լիբանանեան բանակին հետ ունեցան բախումներ:
Ցուցարարները ժամերով փակեցին Մինայի հրապարակը` հրկիզուած անիւներով:
Ապա անոնք հրկիզուող անիւներով փակեցին Մինա-Պըտտաուի մայրուղին եւ պահանջեցին Մինայի քաղաքապետին հրաժարականը:
Այս ցոյցերուն լոյսին տակ Մինայի քաղաքապետական խորհուրդը իր հրաժարականը դրաւ քաղաքապետին տրամադրութեան տակ եւ իր կարգին պահանջեց անոր հրաժարականը` նշելով, որ կը մերժէ քաղաքապետութեան պատասխանատուութիւնը յանձնել հիւսիսային Լիբանանի նահանգապետ Ռամզի Նոհրային:
Երեկոյեան ժամը 5:00-ի շուրջ, ժողովրդային շարժումի ցուցարարները երկու ուղղութեամբ փակեցին նաեւ Ճիւնիի մայրուղին: Անոնք պահանջեցին ազատ արձակել երէկ առաւօտեան ձերբակալուած ժողովրդային շարժումի գործիչները:
Նշենք, որ երէկ առաւօտեան չորս ցուցարարներ փորձած էին Քասլիքի ճամբան փակել եւ այդ պատճառով ալ ձերբակալուած էին:
Լիբանանեան բանակը ուղղուեցաւ Ճիւնի` վերաբանալու համար ճամբան, սակայն ան չյաջողեցաւ:
Քիչ անց Լեռնալիբանանի վերադատ ատեանի ընդհանուր դատախազ Ղատա Աուն յայտարարեց արգելափակուած ցուցարարներուն ազատ արձակումին հրահանգը:
Նշենք սակայն, որ առ ի զօրակցութիւն բանտարկուած ցուցարարներու ազատ արձակումի կոչերուն, Քանթարիի մէջ եւս տեղի ունեցաւ ցոյց մը, որուն ընթացքին ցուցարարներ փակեցին ճամբաները:
Ցուցարարները փակեցին նաեւ Շեքքայի փապուղին, Ժիէի մայրուղին, Համաթի փապուղին, ինչպէս նաեւ Պըպնինի հրապարակը: