Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ռայա Հասան երէկ իր գրասենեակին մէջ հրաւիրեց ապահովական ժողովի մը, որուն ներկայ գտնուեցան Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ եւ Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ապահովական վերջին զարգացումները եւ լիբանանեան կարգ մը շրջաններուն մէջ արձանագրուող իրադարձութիւնները` ապահովական ուժերուն կողմէ իրականացուող ապահովական խստացուած միջոցառումներու լոյսին ներքեւ, որոնք միտուած են պահպանելու քաղաքացիներուն եւ ցուցարարներուն ապահովութիւնն ու հանրային եւ անձնական սեփականութիւնները: