Ժեմայէլ Քիւպիչին Առաջարկեց Երկրին Տնտեսական Օղակը Բարելաւելու Շտապ Ծրագիր Մը
Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ Սայֆիի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Փարիզի մէջ այսօր տեղի ունենալիք Լիբանանի օժանդակ երկիրներու խմբաւորումին նիստը: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ նախկին նախարար Ալեն Հաքիմ, կուսակցութեան տնտեսական եւ ընկերային կառոյցի նախագահ Ժան Թաուիլէ, ինչպէս նաեւ կուսակցութեան արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատու Մարուան Ապտալլա:...



















