Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Ընդունեց Սըր Ճոն Լորիմըրը

Դեկտեմբեր 12, 2019
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան Միջին Արեւելքի հարցերու աւագ խորհրդական սըր Ճոն Լորիմըրը` ներկայութեամբ հանրապետութեան նախագահութեան հարցերու պետական նախարարի պաշտօնակատար Սելիմ Ժրայսաթիին: Նախագահ Աուն Լորիմըրին յայտնեց, որ լիբանանցիներուն որդեգրած համախոհական ժողովրդավարութիւնը իրենց քաղաքական կեանքին մէջ ազգային միասնութեան գրաւականն է` Լիբանանը դուրս բերելու քաղաքական եւ տնտեսական ծանր վիճակէն:

Նախագահ Աուն նշեց, որ յաջորդ երկուշաբթի տեղի ունենալիք երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւնները սկիզբ պիտի հանդիսանան նոր կառավարութեան կազմութեան, որ պէտք է աշխատի իրականացնելու նախորդ կառավարութեան կողմէ վաւերացուած անհրաժեշտ բարեփոխումները եւ պէտք է շարունակէ փտածութեան դէմ պայքարի ընթացքը: Հանրապետութեան նախագահը շեշտեց, որ ատիկա կ՛ենթադրէ բոլոր կողմերուն գործակցութիւնը կառավարութեան հետ, որպէսզի վերջինս յաջողի իրագործել իրմէ պահանջուած առաջադրանքները:

Նախագահ Աուն բարձր գնահատեց Լիբանանի օժանդակ երկիրներու խմբաւորումի ժողովը` մասնակից երկիրներուն շնորհակալութիւն յայտնելով Լիբանանին նկատմամբ անոնց ցուցաբերած շահագրգրռուածութեան համար:

Նախագահ Աուն նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Բրիտանիոյ վարչապետին` լիբանանեան բանակին տրամադրուած օժանդակութեան համար` սահմաններուն վրայ վերահսկողութեան աշտարակներ կառուցելու հոլովոյթին առումով կամ մարզումի ծիրին մէջ:

Սըր Ճոն Լորիմըր իր կարգին նախագահ Աունին յայտնեց, որ բրիտանական կառավարութիւնը շահագրգռուած է Լիբանանի կացութեամբ եւ կը փափաքի, որ քաղաքական եւ տնտեսական կայունութիւնը վերահաստատուի: Ան բարձր գնահատեց նախագահ Աունի ղեկավարութիւնը ատիկա իրագործելու համար:

Սըր Ճոն Լորիմըր շեշտեց, որ Բրիտանիա պիտի շարունակէ անհրաժեշտ օժանդակութիւնը տրամադրել լիբանանեան բանակին, որպէսզի յաջողի կատարել ազգային պարտաւորութիւնները: Ան նշեց, որ Բրիտանիա կը ցանկայ, որ կազմուի նոր կառավարութիւն, որպէսզի բոլոր մարզերուն մէջ գործակցութիւնը շարունակուի Բրիտանիոյ կառավարութեան հետ:

Սաատ Հարիրիի Մօտ

Հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ ընդունեց Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան Միջին Արեւելքի հարցերու աւագ խորհրդական սըր Ճոն Լորիմըրը, որուն հետ քննարկեց երկու երկիրներուն միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ համագործակցութիւնը:

 

Նախորդը

Պըրրի. «Փարիզի Ժողովը Հզօր Նշան Մըն Է, Որ Միջազգային Ընտանիքը Շահագրգռուած Է Լիբանանով Եւ Անոր Կայունութեամբ»

Յաջորդը

Լիբանանի Օժանդակ Երկիրներու Խմբաւորումը Մտահոգութիւն Յայտնեց Երկրին Դիմագրաւած Տագնապին Առնչութեամբ

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?