Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆատի Ժեմայէլ. «Պիտի Որդեգրուին Մագլցողական Քայլեր, Եթէ Ճարտարարուեստի Մարզի Առաջնային Նիւթերը Չապահովուին»

December 12, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու ընկերակցութեան նախագահ ֆատի Ժեմայէլ երէկ տուաւ մամլոյ ասուլիս մը ընկերակցութեան կեդրոնին մէջ` ներկայութեամբ ընկերակցութեան փոխնախագահներ Զիատ Պաքտաշի եւ Ժորժ Նասրաուիի, գանձապահ Նազարէթ Սապունճեանի, վարչութեան անդամներուն եւ ճարտարարուեստի մեծաթիւ պատասխանատուներու:

ֆատի Ժեմայէլ յայտարարեց, որ պիտի որդեգրուին մագլցողական քայլեր, եթէ ճարտարարուեստի մարզին առաջնային նիւթերը չապահովուին, յատկապէս որ մթերքը կը վերջանայ եւ ազգային տնտեսութեան, եկամուտին եւ աշխատաւորներու ապագային հանդէպ վախը կ՛աւելնայ:

Ժեմայէլ յայտնեց, որ տարիներ շարունակ ճարտարարուեստի մարզը գոյատեւած է, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն, բայց այսօր այս մարզը կը դիմագրաւէ ճակատագրական մարտահրաւէր` առաջնային նիւթերու բացակայութեան պատճառով, մանաւանդ որ այդ նիւթերը հիմնական գործօնն են արտադրութեան: Ան շեշտեց, այս դատը կենաց-մահու խնդիր է, եւ առանց առաջնային նիւթերու արտադրութիւններ չեն ըլլար` նշելով, որ այդ պատճառով հազարաւոր գործարաններ պիտի փակուին եւ տասնեակ հազարաւոր պաշտօնեաներ պիտի արձակուին իրենց գործերէն:

«Առաջնային նիւթերէն մեզ զրկելը ոճիր է ճարտարարուեստի մարզին, ազգային տնտեսութեան, ժողովուրդին եւ հասարակութեան դէմ», շեշտեց Ֆատի Ժեմայէլ:

Ան աւելցուց, որ իրենք իբրեւ ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրեր պիտի շարունակեն պայքարիլ եւ թոյլ պիտի չտան, որ այս մարզը անկում արձանագրէ:

Ժեմայէլ յայտնեց, որ մագլցողական առաջին քայլին պիտի դիմեն ամէնէն ուշը 10 օրերու ընթացքին` առիթ տալով շահագրգիռ կողմերուն անհրաժեշտ միջոցառումներու ձեռնարկելու` ապահովելու համար ճարտարարուեստի մարզի առաջնային նիւթերը:

Ան նախազգուշացուց, որ այս պահանջը չբաւարարելու պարագային, իրենք պիտի դիմեն յաւելեալ մագլցողական քայլերու, որոնց մասին պիտի յայտարարեն ներկայ կացութեան պահանջին հիման վրայ:

Ան Կեդրոնական դրամատունէն պահանջեց ճարտարարուեստի մարզին նաեւ տրամադրել վարկեր, ինչպէս տրամադրած էր դեղորայք, պենզին եւ ցորեն ներածելու համար: Ֆատի Ժեմայէլ նաեւ յայտնեց, որ ճարտարարուեստի մարզի պաշտօնեաներուն ամսականները ապահովելու դատը իրենց համար խղճի, մարդկային եւ ընկերային դատ է:

Ան պատասխանատուներուն եւ շահագրգիռ մարմիններուն կոչ ուղղեց որդեգրելու անհրաժեշտ միջոցառումները` վաւերացնելով նիւթական դիւրութիւնները` տրամադրելով երկարաժամկէտ վարկեր, որոնք գործարաններուն կ՛արտօնեն ապահովել պաշտօնեաներուն աշխատանքները եւ անոնց չեն մղեր կրճատելու ամսականներն ու պաշտօնեաները գործէ արձակելու:

 

Նախորդը

Յաջորդը

Սամիր Խաթիպ. «Երկիրը Կ՛երթայ Դէպի Անդունդ, Եթէ Չգտնուին Հաւատարիմ Մարդիկ»

RelatedPosts

Պասիլ. «Քաղաքական Տարակարծութիւնը  Չի Կրնար Ուրիշներու Զոհողութիւններուն  Եւ Նահատակութեան Նսեմացման Վերածուիլ»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Քաղաքական Տարակարծութիւնը Չի Կրնար Ուրիշներու Զոհողութիւններուն Եւ Նահատակութեան Նսեմացման Վերածուիլ»

October 5, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 5, 2026
Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.