Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հզօր Լիբանան Համախմբում. «Իբրեւ Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութիւն` Անշուշտ Ազատութիւնը Ձգելով Մեր Դաշնակիցներուն, Չենք Հետաքրքրուած Մաս Կազմելու Կառավարութեան Մը, Որուն Ճակատագիրը Ձախողութիւնն Է» Շեշտեց Պասիլ

Դեկտեմբեր 13, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ նախագահեց Հզօր Լիբանան համախմբումի  արտակարգ նիստին` ներկայութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, ինչպէս նաեւ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանի:

Նիստէն ետք մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Պասիլ ըսաւ. «Պէտք է լիբանանցիներուն անկեղծօրէն յայտնենք, որ անցնող իւրաքանչիւր օրուան հետ կ՛աւելնան լիբանանցիներուն կորուստները, եւ մարդիկ իրենց գործերը կը կորսնցնեն: Լուծման բանալին յստակ է. պէտք է կազմուի այնպիսի կառավարութիւն մը, որուն միակ խորագիրը պիտի ըլլայ լուծումի կառավարութիւն, եւ միակ ուղին պիտի ըլլայ յաջողութիւնը»:

Պասիլ դիտել տուաւ, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը 2016-ին կնքեց համաձայնութիւն մը` ամրապնդելու համար պետութիւնը:

«Այս համաձայնագիրը Լիբանանը ազատած է ահաբեկչութենէն, ամրապնդած է ապահովութիւնը, պատրաստած է ընտրական նոր օրէնք: Առաջին անգամ ըլլալով կազմած է հաւասարակշռուած կառավարութիւններ: Վաւերացուցած է պետական ամավարկեր եւ սկսած բազմաթիւ ծրագիրներ, որոնցմէ կարեւորագոյններն են նաւթի եւ կազի ծրագիրները», շեշտեց Պասիլ` աւելցնելով, որ պէտք է խոստովանիլ, թէ այս համաձայնութիւնը ձախողած է ժողովուրդին ամէնէն պարզ իրաւունքները ապահովելու:

«Այդ համաձայնութեան ձախողութեան գինը կը վճարեն լիբանանցի ժողովուրդը, նախագահը, քաղաքական կուսակցութիւնները, ներառեալ` Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը», շեշտեց ան:

Պասիլ նկատել տուաւ, որ մարդիկ կը կարծեն, թէ իր եւ հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ կան միացեալ շահեր: Այս շրջագիծին մէջ ան հարց տուաւ, որ եթէ ինք իսկապէս գործակից է փտածութեան համակարգին, արդեօք այդ նոյն համակարգին կողմէ քաղաքական սպանութեան կ՛ենթարկուէ՞ր:

Ան շեշտեց, որ տնտեսական հարցերուն մէջ 30 տարուան ձախողութիւնը հասցուցած է քայքայումի:

«Երբ երկրորդ կառավարութիւնը կազմուեցաւ, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը ինքն իրեն տուաւ 100 օրուան ժամկէտ, որմէ ետք մերժեց մնալ կառավարութեան մէջ` եթէ փտածութիւնը շարունակուի եւ եթէ ելեւմտական քաղաքականութիւնը մնայ նոյնը` այն ինչ որ որդեգրուած էր 90-ականներէն սկսեալ: Այս մասին մենք մեր դաշնակիցները տեղեակ պահեցինք, սպառնացինք սեղանը դարձնել եւ ընդդիմութեան վերածուիլ ու ժողովուրդին կողմը անցնիլ: Սակայն ժողովուրդը մեզմէ առաջ դիմեց այդ քայլին», յայտնեց ան:

Պասիլ շեշտեց, որ Հարիրի կը փորձէ պարտադրել այնպիսի տարազ մը, թէ Ազգային ուխտի ուժով կրնայ նախագահել կառավարութեան եւ ջնջել մնացեալը: «Ուրիշը ջնջելու փուլը անվերադարձ կորսուած է, եւ ոչ ոքի պիտի արտօնենք ժողովրդային շարժումը շահագործել` հարուածելու համար Ազգային ուխտն ու իսլամ-քրիստոնեայ համագործակցութիւնը: Փորձառութիւնը փաստած է, թէ ոչ ոք կրնայ ուրիշը ջնջել: Իսկ այն յայտարարութիւնը, թէ ինք պիտի ընդունի միայն մասնագէտ նախարարներէ կազմուած կառավարութիւն, համազօր է այն իրականութեան, որ կարծէք միայն ինք պատասխանատու չէ երկրին քայքայումին եւ փտածութեան», հաստատեց Պասիլ:

Ան նշեց, որ նոր կառավարութեան կազմութիւնը պէտք է համապատասխանէ Ազգային ուխտին: «Եթէ ան մասնագէտներու բաղկացած կառավարութիւն է, ապա վարչապետէն սկսեալ մինչեւ բոլոր նախարարները պէտք է ըլլան մասնագէտներ, իսկ եթէ քաղաքական անձնաւորութիւններէ բաղկացած կառավարութիւն է, ապա վարչապետէն սկսեալ մինչեւ բոլոր նախարարները պէտք է ըլլան քաղաքական անձնաւորութիւններ: Եթէ Հարիրի պնդէ «Ես կամ ոչ ոք»-ի մօտեցումը, իսկ եթէ Ամալ շարժումն ու Հըզպալլան պնդեն արտաքին վտանգներուն դիմադրելու Հարիրիի գլխաւորութեամբ կազմուելիք  մասնագէտներէ եւ քաղաքական անձնաւորութիւններէ բաղկացած կառավարութեան մը կազմութիւնը, ապա իբրեւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը եւ Հզօր Լիբանան համախմբումը` անշուշտ ազատութիւնը ձգելով մեր դաշնակիցներուն, չենք հետաքրքրուած մաս կազմելու այդ կառավարութեան, որուն ճակատագիրը անպայմանօրէն ձախողութիւնն է», ըսաւ Պասիլ:

Ան յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը պիտի չմասնակցի կառավարութեան, սակայն պիտի հիմնէ հզօր եւ շինիչ դիմադրութիւն` առկայ ելեւմտական եւ դրամական քաղաքականութիւններուն վերաբերող, ինչպէս նաեւ պիտի պայքարի 30 տարիէ ի վեր բոյն դրած փտածութեան դէմ:

«Պիտի չմասնակցինք կառավարութեան եւ պիտի չարգիլենք կառավարութեան կազմութիւնը, եւ ոչ ալ ճնշում պիտի բանեցնենք` մեր տեսակէտին որդեգրումը պարտադրելու առումով: Իսկ այն դաշնակիցները, որոնք յանձնառու են նախարարաց խորհուրդին մէջ մեր գոյութեան, որովհետեւ համոզուած են, որ առանց մեր ներկայութեան կառավարութիւնը իր ազգային հաւասարակշռութիւնը կը կորսնցնէ եւ չի կազմուիր իսկ, ապա կրնանք վերադառնալ մեր հիմնական առաջադրանքին, որ մերժուած էր, եւ այդ պարագային կոչ կ՛ուղղենք, որ քաղաքական բոլոր ուժերը վերատեսութեան ենթարկեն իրենց կեցուածքները», ըսաւ ան:

Պասիլ շեշտեց, որ լուծման բանալին պիտի ըլլայ կազմել փրկարար կառավարութիւն մը, որ աշխուժ է, արդիւնաբեր, ինչպէս նաեւ կազմուած է ատակ եւ պարկեշտ անձնաւորութիւններէ, որոնք կարենան վերահաստատել ժողովուրդին վստահութիւնը: «Կառավարութիւն մը, որ կազմուի նշանակուելիք վարչապետին եւ հանրապետութեան նախագահին միջեւ խորհրդակցութեամբ, ինչպէս նաեւ կառավարութիւն մը, որ լիբանանցիները կը հաշտեցնէ պետութեան հետ, կը գործադրէ բարեկարգումները եւ կը պահպանէ հաւասարակշռութիւնները», եզրափակեց Պասիլ:

 

 

Նախորդը

Պըրրի – Պասիլ Հանդիպում

Յաջորդը

Թալալ Արսլան Այցելեց Նախագահ Աունի

RelatedPosts

Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
Նախագահ Աուն. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Մինչեւ  Թիւ 1701 Որոշումի Գործադրման Համար Անհրաժեշտ  Ժամանակով ՖԻՆԻՒԼ-ի Ներկայութեան»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Մինչեւ Թիւ 1701 Որոշումի Գործադրման Համար Անհրաժեշտ Ժամանակով ՖԻՆԻՒԼ-ի Ներկայութեան»

Օգոստոս 20, 2025
Ապահովութեան Խորհուրդը Սկսաւ Քննարկել  ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերաբերեալ  Ֆրանսական Նախագիծը
Լիբանանեան

Ապահովութեան Խորհուրդը Սկսաւ Քննարկել ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերաբերեալ Ֆրանսական Նախագիծը

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?