Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թալալ Արսլան Այցելեց Նախագահ Աունի

December 13, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ շարունակեց իր հանդիպումները` այն հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուն եւ խորհրդակցութիւններուն լոյսին ներքեւ, որոնք ան կ՛իրականացնէ` լուծելու համար ներկայ կացութիւնը եւ յատկապէս կառավարութեան կազմութեան հարցը:

Այս ծիրին մէջ հանրապետութեան նախագահը ընդունեց Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլանը եւ տեղահանուածներու հարցերու պետական նախարարի պաշտօնակատար Սալեհ Ղարիպը, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան վերջին զարգացումները:

Հանդիպումէն ետք Արսլան յայտնեց, որ նախագահին հետ հանդիպումը յարմար առիթ եղաւ քննարկելու տեղական գետնի հարցերը եւ կառավարութեան կազմութեան վերաբերող հարցերը: Ան յայտնեց, որ նախագահին յստակօրէն ներկայացուցած են իրենց կարծիքը կառավարութեան ձեւին եւ վարչապետի նշանակման հոլովոյթի բովանդակութեան առնչութեամբ: Ան ընդգծեց, որ նշանակման ձեւը համահունչ չէ Սահմանադրութեան:

Երեսփոխան Արսլան նշեց, որ տարակարծութիւն չկայ այն սկզբունքին շուրջ, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի կը ներկայացնէ սիւննի համայնքին մեծամասնութիւնը: Ան բացատրեց, որ հարցը կը կայանայ նշանակման հոլովոյթի ձեւին մէջ, որ չի յարգեր սահմանադրական յօդուածները:

Ան նշեց, որ 50 օրէ ի վեր ընթացող ժողովրդական շարժումը կարելի չէ անտեսել կամ չզգալ: Ան բացատրեց, որ շարժումին պահանջները կարելի է ամփոփել երկու կէտերու մէջ. առաջին` քաղաքացիական պետութիւն, որ բազմիցս առաջարկուած է հանրապետութեան նախագահին եւ իրենց կողմէ, իսկ երկրորդ` փտածութեան դէմ պայքար եւ բարեկարգումներու իրագործում: Ան յայտնեց, որ երեսփոխանական պարտադիր ընտրութիւններէն առաջ վարչապետի նշանակման հոլովոյթի ձեւը եւ բովանդակութիւնը ճշդելը կարծես անուղղակի պատգամ է քաղաքացիական պետութեան դէմ, եւ ասիկա արդէն իսկ հակասութիւն է ժողովրդական շարժումին հետ` նախքան քաղաքականութեան մէջ այս հարցին մասին խօսիլը:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ պահանջուածը իսկապէս մասնագէտներէ բաղկացած կառավարութի՞ւն է, երեսփոխան Արսլան յայտնեց, որ իրենք պատրաստ են ընդունելու այդպիսի կառավարութիւն եւ անոր տալու ամբողջական վստահութիւն` բացատրելով, որ այսպիսի կառավարութեան յաջողութեան պայմանը այն է, որ պէտք չէ անձ մը մէկ օր քաղաքական զգեստ հագնի, իսկ յաջորդ օրը` մասնագէտի զգեստ: Ան ընդգծեց, որ հարց չկայ մասնագէտ վարչապետէ եւ նախարարներէ բաղկացած կառավարութիւն կազմելու առնչութեամբ:

Ան նշեց, որ ինք ուզած է վերոնշեալ կէտերը քննարկել նախագահ Աունին հետ եւ անոր յայտնել իր կարծիքը` իբրեւ քաղաքական ուժ եւ կուսակցութիւն, քանի որ, ըստ անոր, իր կուսակցութիւնը կը յարգէ ժողովրդական շարժումին պահանջները, որոնց ընդմէջէն կը մերժուի փտածութեան քաղաքականութիւնը եւ պետութեան ներկայ վիճակը:

Երեսփոխան Արսլան յայտնեց, որ լիբանանցի ժողովուրդին ապրած նիւթական եւ տնտեսական տագնապը պէտք է դաս ըլլայ բոլորին համար` բացայայտելու, թէ ինչպէ՛ս պէտք է լուծել երկրին մէջ գոյութիւն ունեցող տագնապը: Ան բացատրեց, որ տագնապէն դուրս գալու հոլովոյթը ժամանակի եւ երկարաժամկէտ միջոցառումներու կը կարօտի` կոչ ուղղելով սկսելու մեկնակէտէ մը: Արսլան ընդգծեց, որ մեկնակէտը պէտք է ըլլայ հաստատ գետնի վրայ, եւ պէտք է ըլլայ յստակ ու անկեղծ ապագայի հեռանկար երկրին համար, որպէսզի կարելի ըլլայ պահպանել լիբանանեան ինքնութիւնը, Սահմանադրութիւնը եւ ժողովուրդին միասնականութիւնը:

Նախորդը

Հզօր Լիբանան Համախմբում. «Իբրեւ Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութիւն` Անշուշտ Ազատութիւնը Ձգելով Մեր Դաշնակիցներուն, Չենք Հետաքրքրուած Մաս Կազմելու Կառավարութեան Մը, Որուն Ճակատագիրը Ձախողութիւնն Է» Շեշտեց Պասիլ

Յաջորդը

«Մտադիր Չենք ՕԹԱՆ-ի Անդամակցութենէն Հրաժարելու, Եւ Թուրքիան ՕԹԱՆ-էն Հեռացնելու Մասին Խօսիլը Անիմաստ Է» Կ՛ըսէ Աքար

RelatedPosts

Նախագահական Պալատը Լրատուամիջոցներուն  Կոչ Ուղղեց` Լիբանանի Բարեկամ Արտաքին  Որեւէ Կողմի Վրայ «Յարձակում» Չգործելու
Գլխաւոր լուրեր

Նախարարաց Խորհուրդը Այսօր Պաապտայի Պալատին Մէջ Պիտի Քննարկէ Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերուն Թղթածրարը

October 22, 2026
Նեթանիահու. «Սուրիան Հալէպի Մօտ Օդուժի  Ռազմակայանի Մը Մէջ Թրքական Տեղակայում  Արտօնելով Փոխըմբռնումները Խախտեց  Եւ Մեր Զգուշացումները Անտեսեց»
Լիբանանեան

Նեթանիահու. «Իրանի Հետ Ճակատումի Վճռումէն Առաջ Լիբանանի Մէջ Խաղաղութիւն Պիտի Չհաստատուի»

October 22, 2026
Էրտողան. «Կը Շնորհաւորեմ Սուրիական Եւ Թրքական  Հետախուզութեան Անծանօթ Հերոսները,  Որոնք Պանիասի, Սուրիոյ Եւ Ռեհանլիի Մէջ  Ջարդերու Պատասխանատու Ահաբեկիչը Ձերբակալեցին»
Լիբանանեան

Էրտողան. «Կը Շնորհաւորեմ Սուրիական Եւ Թրքական Հետախուզութեան Անծանօթ Հերոսները, Որոնք Պանիասի, Սուրիոյ Եւ Ռեհանլիի Մէջ Ջարդերու Պատասխանատու Ահաբեկիչը Ձերբակալեցին»

October 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.