Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լորիմըր. «Բրիտանիա Կարեւոր Գործակից Եւ Աջակից Է Լիբանանին»

December 13, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպանատունը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ յայտնեց, որ Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան Միջին Արեւելքի հարցերու աւագ խորհրդական սըր Ճոն Լորիմըր Լիբանանի մէջ բարձրաստիճան մակարդակի հանդիպումներ ունեցած է հանրապետութեան նախագահ Միշել Աունի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի, պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Էլիաս Պու Սաապի, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի եւ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ: Լորիմըր քննարկեց Լիբանանի ներկայ կացութիւնը եւ լիբանանցիներուն պահանջներուն ընդառաջող կառավարութեան կազմութեան ուղղուած ջանքերը, ինչպէս նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ բանակի եւ Ներքին ապահովութեան ուժերու դերակատարութեան` պաշտպանելու ցոյցերը եւ քաղաքացիներուն ապահովութիւնը:

Լորիմըր իր այցելութեան աւարտին յայտնեց, որ ինք Լիբանան կ՛այցելէ կարեւոր փուլի մը ընթացքին` նշելով, որ Բրիտանիա երկար ատենէ ի վեր կարեւոր գործակից է եւ աջակից Լիբանանին: Ան բացատրեց, որ հոկտեմբերին յայտարարած են լիբանանեան բանակին յաւելեալ 25 միլիոն տոլար տրամադրելու մասին, ինչ որ կը վկայէ Բրիտանիոյ շարունակական աջակցութիւնը Լիբանանին: Լորիմըր ընդգծեց, որ ապահովութեան ուժերուն վստահուած է Լիբանանի պաշտպանութիւնը, ներառեալ սահմաններու անվտանգութեան ապահովութիւնը, ահաբեկչութեան դէմ պայքարը եւ խաղաղ ցոյցերու իրաւունքի պաշտպանութիւնը, որոնք կը կատարուին արհեստավարժ ձեւով: Ան կարեւոր նկատեց, որ լիբանանեան ապահովական ուժերը շարունակեն պահպանել խաղաղ ցոյցերու իրաւունքը, եւ անընդունելի նկատեց բողոքի ցոյցերուն վրայ ճնշելը վայրագութեան միջոցով:

Դեսպան Քրիս Ռամպլինկ իր կարգին «լաւ» որակեց սըր Ճոն Լորիմըրի հանդիպումները: Ան աւելցուց, որ Փարիզի մէջ տեղի ունեցած` Լիբանանի օժանդակող երկիրներու խմբաւորման ժողովը փաստ մըն էր, որ խմբաւորումը կ՛աջակցի Լիբանանին` իր պարտադիր բարեփոխումները կատարելու ընթացքին մէջ: Դեսպան Ռամպլինկ յայտնեց, որ Լիբանան կարիքը ունի կառավարութեան արագ կազմութեան` նշելով, որ վարչապետին եւ կառավարութեան կազմին նշանակումը լիբանանեան տեղական հարց է: Ան ընդգծեց, որ լիբանանցի ժողովուրդը յստակօրէն պահանջեց կառավարութեան գործունէութեան բարելաւում, եւ պէտք է անոր մտիկ ընել:

 

 

Նախորդը

Սալամ. «Արագացնել Կառավարութեան Կազմութիւնը, Որպէսզի Լիբանանը Աւելի Խոր Անդունդի Մէջ Չգտնուի»

Յաջորդը

Պըրրի – Պասիլ Հանդիպում

RelatedPosts

Նախագահական Պալատը Լրատուամիջոցներուն  Կոչ Ուղղեց` Լիբանանի Բարեկամ Արտաքին  Որեւէ Կողմի Վրայ «Յարձակում» Չգործելու
Գլխաւոր լուրեր

Նախարարաց Խորհուրդը Այսօր Պաապտայի Պալատին Մէջ Պիտի Քննարկէ Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերուն Թղթածրարը

October 22, 2026
Նեթանիահու. «Սուրիան Հալէպի Մօտ Օդուժի  Ռազմակայանի Մը Մէջ Թրքական Տեղակայում  Արտօնելով Փոխըմբռնումները Խախտեց  Եւ Մեր Զգուշացումները Անտեսեց»
Լիբանանեան

Նեթանիահու. «Իրանի Հետ Ճակատումի Վճռումէն Առաջ Լիբանանի Մէջ Խաղաղութիւն Պիտի Չհաստատուի»

October 22, 2026
Էրտողան. «Կը Շնորհաւորեմ Սուրիական Եւ Թրքական  Հետախուզութեան Անծանօթ Հերոսները,  Որոնք Պանիասի, Սուրիոյ Եւ Ռեհանլիի Մէջ  Ջարդերու Պատասխանատու Ահաբեկիչը Ձերբակալեցին»
Լիբանանեան

Էրտողան. «Կը Շնորհաւորեմ Սուրիական Եւ Թրքական Հետախուզութեան Անծանօթ Հերոսները, Որոնք Պանիասի, Սուրիոյ Եւ Ռեհանլիի Մէջ Ջարդերու Պատասխանատու Ահաբեկիչը Ձերբակալեցին»

October 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.