Հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցող Միջին Արեւելքի հարցերու բրիտանացի պետական նախարար Անտրիւ Մորիսընի հետ, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական դժուարութիւնները եւ առկայ ջանքերը` տագնապը լուծելու համար: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Բրիտանիոյ` Լիբանանի կողքին կանգնելուն համար: