Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի. «Փարիզի Ժողովը Հզօր Նշան Մըն Է, Որ Միջազգային Ընտանիքը Շահագրգռուած Է Լիբանանով Եւ Անոր Կայունութեամբ»

December 12, 2019
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ գլխաւորեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին պահանջեց ըմբռնել ստեղծուած կացութեան լրջութիւնը եւ վերացնել կառավարութեան կազմութեան ուղին խոչընդոտող արգելքները:

Պըրրի երեսփոխաններուն հետ քննարկեց Փարիզի մէջ Լիբանանի օժանդակ երկիրներու խմբաւորումի ժողովին որոշումները` իր մտահոգութիւնը յայտնելով երկրի ապագային վերաբերեալ` ներկայ տագնապներու շարունակութեան լոյսին տակ, եւ կոչ ուղղելով արագացնելու վարչապետի նշանակումը եւ կառավարութեան կազմութիւնը:

Խորհրդարանի նախագահը յայտնեց, որ «օժանդակութեան այս ժողովը ինքնին հզօր նշան մըն է, որ միջազգային ընտանիքը կարգ մը լիբանանցիներէ աւելի կը շահագրգռուի Լիբանանով, անոր կայունութեամբ եւ ապահովութեամբ»: Ան հարց տուաւ, թէ լիբանանցիները ինչպէ՞ս պիտի ընկալեն այս հետաքրքրուածութիւնը:

Պըրրի յայտնեց, որ շուտով պիտի գումարուի խորհրդարանական նիստ` քննարկելու եւ վաւերացնելու պետական ամավարկը, տրուած ըլլալով, որ իրաւասու յանձնախումբը աւարտած է անոր ուսումնասիրութիւնը եւ քննարկումը:

Պըրրի շեշտեց առողջական, ընկերային, կենցաղային եւ տնտեսական ապահովութիւն տրամադրելու անհրաժեշտութիւնը Լիբանանի քաղաքացիին, որ նուաստացած կը զգայ, քանի որ շահագրգիռ նախարարութիւնները ու վարչութիւնները իրենց պարտականութիւնները չեն կատարեր եւ պատասխանատուութիւն չեն վերցներ: Ան անդրադարձաւ նաեւ նախորդ օրերու հեղեղներուն` նշելով, որ այդ թղթածրարը կը հետապնդուի շահագրգիռ խորհրդարանական յանձնախումբին կողմէ:

Լորիմըր

Այլ գետնի վրայ, խորհրդարանի նախագահը ընդունեց Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան Միջին Արեւելքի հարցերու աւագ խորհրդական սըր Ճոն Լորիմըրը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ Բրիտանիոյ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հասան

Պըրրի նաեւ ընդունեց ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ռայա Հասանը, որուն հետ քննարկեց ներքին լիբանանեան զարգացումները` յատկապէս ապահովական կացութիւնը:

 

Նախորդը

Հարիրի Շնորհակալութիւն Յայտնեց Բրիտանիոյ` Լիբանանի Կողքին Կանգնելուն Համար

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Ընդունեց Սըր Ճոն Լորիմըրը

RelatedPosts

Պասիլ. «Քաղաքական Տարակարծութիւնը  Չի Կրնար Ուրիշներու Զոհողութիւններուն  Եւ Նահատակութեան Նսեմացման Վերածուիլ»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Քաղաքական Տարակարծութիւնը Չի Կրնար Ուրիշներու Զոհողութիւններուն Եւ Նահատակութեան Նսեմացման Վերածուիլ»

October 5, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 5, 2026
Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.