Պասիլ Ժընեւի Մէջ Կոչ Ուղղեց Լիբանանի Հետ Վերցնելու Տեղահանութեան Հարցի Պատասխանատուութիւնը
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ժըպրան Պասիլ երէկ գլխաւորեց լիբանանեան պատուիրակութիւնը` Ժընեւի ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ գումարուող տեղահանուածներու առաջին համաշխարհային վեհաժողովին` Զուիցերիոյ եւ Գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարին հրաւէրով: Պասիլ իր խօսքին մէջ նախազգուշացուց Լիբանանի մէջ սուրիական տագնապի դիպաշարին կրկնութենէն: Ան նշեց, որ կացութիւնը լաւատեսութիւն չի ներշնչեր, եւ ինչ որ պատահեցաւ Սուրիոյ մէջ, կրնայ նաեւ պատահիլ Լիբանանի մէջ: Պասիլ...




















