Լիբանանեան

Լիբանանցիները Կը Դատապարտեն Թրամփի Յայտարարած «Դարու Գործարք»-ը

Լիբանանցիները Կը Դատապարտեն Թրամփի Յայտարարած «Դարու Գործարք»-ը

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ նախանցեալ օր յայտարարուած «Դարու գործարք»-ը երէկ դատապարտուեցաւ լիբանանեան քաղաքական գրեթէ բոլոր շրջանակներուն, ինչպէս նաեւ երկրին հոգեւոր պետերուն կողմէ: Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ հաստատեց, որ «Դարու գործարք»-ը Պաղեստինեան դատին «ահաբեկում»-ն է` հաստատելով, որ սիոնական գոյացութեան դէմ պայքարիլը կրօնական պարտականութիւն է` թօթափելու համար թշնամիին բռնագրաւումը: «Լիբանանցիները եւ իսլամները կը մերժեն ամօթի այս գործարքը,...

Նախարարական Յանձնախումբը Պիտի Փորձէ  Մինչեւ Շաբաթավերջ Վաւերացնել  Կառավարութեան Աշխատանքային Ծրագիրը

Նախարարական Յանձնախումբը Պիտի Փորձէ Մինչեւ Շաբաթավերջ Վաւերացնել Կառավարութեան Աշխատանքային Ծրագիրը

Նախագահութեամբ վարչապետ Հասսան Տիապի, նախարարական յանձնախումբը երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին շարունակեց կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մշակումը: Ներկայ էին փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Զէյնա Ատրա, նախարարներ Տըմիանոս Քաթթար, Ղազի Ուազնի, Նասիֆ Հըթթի, Ռաուլ Նեհմէ, Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, Իմատ Հուպալլա, Ռամզի Մշարրաֆիէ, Թալալ Հաուաթ, Մարի Քլոտ Նաժըմ եւ Մանալ Ապտել Սամատ, ինչպէս նաեւ նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար, դատաւոր Մահմուտ Մաքքիէ, հանրապետութեան նախագահութեան ընդհանուր տնօրէն Անթուան...

Նախագահ Աուն Ուազնիի Հետ Քննարկեց  Երկրին Ելեւմտական Իրադարձութիւնները

Նախագահ Աուն Ուազնիի Հետ Քննարկեց Երկրին Ելեւմտական Իրադարձութիւնները

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ելեւմուտքի նախարար Ղազի Ուազնին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ նախարարութեան որդեգրելիք աշխատանքային քայլերը: Ուազնի նախագահ Աունին ներկայացուց Միջազգային դրամատան եւ Միջազգային դրամական ֆոնտի պատասխանատուներուն հետ իր ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքները` նշելով, որ անոնք հաստատած են Լիբանանին զօրակցելու եւ տարբեր մարզերուն մէջ անոր օժանդակելու պատրաստակամութիւնը: Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ նախկին...

Պքերքէի Մէջ .  Քրիստոնեայ Հոգեւոր Պետերու Վեհաժողովը  Կոչ Կ՛ուղղէ Դրական Ոգիով Ընկալելու Կառավարութեան  Աշխատանքը` Ի Խնդիր Բարեկարգումներու Գործադրութեան

Պքերքէի Մէջ . Քրիստոնեայ Հոգեւոր Պետերու Վեհաժողովը Կոչ Կ՛ուղղէ Դրական Ոգիով Ընկալելու Կառավարութեան Աշխատանքը` Ի Խնդիր Բարեկարգումներու Գործադրութեան

Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերը երէկ Պքերքէի մէջ գումարեցին վեհաժողով մը, որուն ընթացքին քննարկեցին Լիբանանի անցնող եռամսեակին արձանագրուած իրադարձութիւնները: Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը նախագահեց վեհաժողովին, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը եւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս-պատրիարքը: Վեհաժողովին ընթացքին հոգեւոր պետերը կոչ ուղղեցին դրական ոգիով ընկալելու կառավարութեան աշխատանքը` ի խնդիր բարեկարգումներու գործադրութեան: Անոնք...

Էշրեֆիէի Մէջ Հնութիւն  Նկատուող Շէնք Մը Փուլ Կու Գայ

Էշրեֆիէի Մէջ Հնութիւն Նկատուող Շէնք Մը Փուլ Կու Գայ

Էշրեֆիէի Սելիմ Պուսթրոս-Թապարիս փողոցին վրայ գտնուող հին կառոյց մը երէկ առաւօտեան փուլ եկաւ` պատճառելով նիւթական վնասներ: Մշակոյթի նախարար Ապպաս Մուրթատա այցելեց դէպքին վայրը, ուր նշեց, որ այդ կառոյցին մասին 2007-էն ի վեր նախարարութեան զգուշացում յղուած է, սակայն ոչ ոք ընդառաջած է անոր: Մուրթատա ապահովութեան ուժերէն եւ դատական իշխանութիւններէն պահանջեց այդ մասին մանրամասն հետաքննութիւն բանալ` իմանալու համար այդ շէնքին քանդուելուն պատճառները,...

Հզօր Լիբանան Համախմբում. «Ծախսերուն  Սեղմումն Ու Պետական Ամավարկին  Վաւերացումը Անհրաժեշտ Էին»

Հզօր Լիբանան Համախմբում. «Ծախսերուն Սեղմումն Ու Պետական Ամավարկին Վաւերացումը Անհրաժեշտ Էին»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ նախագահեց Հզօր Լիբանան համախմբումի  ընթացիկ նիստին: Նիստէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան հաստատեց, որ նորակազմ կառավարութեան մէջ համախմբումը յանձնառու մնացած է ատակութեան եւ մասնագիտութեան` ընդգծելով, որ իրենք պատրաստ են գործակցելու, զօրակցելու եւ հաշուետուութեան կանչելու: Քանաան ընդգծեց, որ իրենց համար Լիբանանի փրկութիւնն ու նուաճումներու իրագործումը առաջնահերթութիւն է: Անդրադառնալով...

Հըթթի Ընդունեց Մեծ Թիւով Դեսպաններ  Եւ Բրիտանիոյ Կողմէ  Օժանդակութեան Խոստում Ստացաւ

Հըթթի Ընդունեց Մեծ Թիւով Դեսպաններ Եւ Բրիտանիոյ Կողմէ Օժանդակութեան Խոստում Ստացաւ

Արտաքին գործոց նախարար Նասիֆ Հըթթի երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Միջին Արեւելքի հարցերով Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Անտրիւ Մորիսընէն, որ շնորհաւորեց զինք իր նշանակումին առիթով, ինչպէս նաեւ յաջողութիւն մաղթեց անոր ստանձնած պաշտօնին համար, յատկապէս նկատի ունենալով Լիբանանի դիմագրաւած ծանր պայմանները: Մորիսըն Բրիտանիոյ կարողութիւնները Լիբանանի տրամադրութեան տակ դրաւ` տնտեսական այս տագնապէն դուրս գալու առումով: Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Միջին Արեւելքի...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Համատ Հասան երէկ անակնկալ այցելութեամբ մը ուղղուեցաւ Պէյրութի միջազգային օդակայան, ուր ստուգեց օդակայանի բժշկական բաժինն ու «Քորոնա» ժահրին Լիբանան մուտքը արգիլելու նպատակով որդեգրուած կանխարգիլման միջոցներու գործադրութիւնը: ԵԼԵՒՄՏԱԿԱՆ հարցերու ընդհանուր դատախազ Ալի Իպրահիմ երէկ հարցաքննելէ ետք 8 լումայափոխներ, զանոնք բանտարկեց` իրենց գործառնութիւններուն ընթացքին Կեդրոնական դրամատան եւ Լումայափոխներու սենտիքային կողմէ ճշդուած լիբանանեան դրամանիշի սակին հիման վրայ չաշխատելու յանցանքով: ՖՐԱՆՍԱՑԻ դատաւոր...

Խորհրդարանը Վաւերացուց 2020-ի Պետական  Ամավարկը, Իսկ Կառավարութիւնը Շարունակեց  Իր Աշխատանքային Ծրագիրին Մշակումը

Խորհրդարանը Վաւերացուց 2020-ի Պետական Ամավարկը, Իսկ Կառավարութիւնը Շարունակեց Իր Աշխատանքային Ծրագիրին Մշակումը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին նախագահեց 2020-ի պետական ամավարկի քննարկման խորհրդարանի լիագումար նիստին, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ վարչապետ Հասսան Տիապ: Խորհրդարանի նիստին ներկայ գտնուեցան 73 երեսփոխաններ, ի բացակայութիւն` Փաղանգաւոր կուսակցութեան, Հզօր հանրապետութիւն եւ Խորհրդակցական հանդիպում երեսփոխանական պլոքներուն, ինչպէս նաեւ կարգ մը անհատ երեսփոխաններու: Հակառակ այն բողոքներուն եւ կեցուածքներուն, թէ նիստը օրինական չէ, Պըրրի սահմանադրութեան համաձայն բացատրութիւններ...

Խորհրդարանը Այսօր Կը Սկսի Քննարկել  2020-ի Պետական Ամավարկը, Իսկ Ժողովրդային  Շարժումի Ցոյցերը Կը Շարունակուին

Խորհրդարանը Այսօր Կը Սկսի Քննարկել 2020-ի Պետական Ամավարկը, Իսկ Ժողովրդային Շարժումի Ցոյցերը Կը Շարունակուին

Խորհրդարանը այսօր լիագումար նիստերուն ընթացքին պիտի սկսի 2020-ի պետական ամավարկի քննարկումին` ներկայութեամբ վարչապետ Հասսան Տիապի կառավարութեան, որ կը նկատուի ընթացիկ հարցերու կառավարութիւն: Պետական ամավարկի քննարկումները պիտի շարունակուին նաեւ վաղը: Այս առիթով Ներքին ապահովութեան ուժերը երէկ հրապարակեցին հաղորդագրութիւն մը, որուն համաձայն, այսօր առաւօտեան ժամը 7:00-էն սկսեալ պիտի որդեգրէ որոշ միջոցառումներ Կեդրոնական Պէյրութի, Սայֆիի, Պըրժ Մըրի, Մոնրօ պանդոկի, Պըրժ Ղազալէի, ինչպէս նաեւ...

Մաքրոն Շնորհաւորեց Նախագահ Աունը`  Կառավարութեան Կազմութեան Առիթով

Մաքրոն Շնորհաւորեց Նախագահ Աունը` Կառավարութեան Կազմութեան Առիթով

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն շաբաթավերջին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնէն, որ շնորհաւորեց զինք` Լիբանանի նոր կառավարութեան կազմութեան առիթով: Մաքրոն ընդգծեց, որ Ֆրանսա կը զօրակցի Լիբանանին` անոր միասնականութեան ու կայունութեան պահպանումին առումով: Մաքրոն մաղթեց, որ նորակազմ կառավարութիւնը աշխատի իրականացնելու լիբանանցիներուն ձգտումներն ու երազները` գործադրելով այն բարեկարգումները, որոնց իրականացման համար Լիբանան նախապէս յանձնառութիւն յայտնած է «Սետր»-ի խորհրդաժողովին ընթացքին:...

Կառավարութեան Աշխատանքային Ծրագիրի  Մշակման Յանձնախումբը Այս Շաբթուան Ընթացքին  Յաւելեալ Նիստեր Պիտի Գումարէ

Կառավարութեան Աշխատանքային Ծրագիրի Մշակման Յանձնախումբը Այս Շաբթուան Ընթացքին Յաւելեալ Նիստեր Պիտի Գումարէ

Վարչապետ Հասսան Տիապ շաբաթ, 25 յունուար 2020-ին, կէսօրուան ժամը 1:00-ին, վարչապետարանին մէջ նախագահեց կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի մշակման երկրորդ նիստին` ներկայութեամբ այդ նպատակով կազմուած նախարարական յանձնախումբին, որուն մաս կը կազմեն փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Զէյնա Ատրա, նախարարներ Տըմիանոս Քաթթար, Ղազի Ուազնի, Նասիֆ Հըթթի, Ռաուլ Նեհմէ, Իմատ Հուպալլա, Ռամզի Մշարրաֆիէ, Թալալ Հաուաթ, Մարի Քլոտ Նաժըմ եւ Մանալ Ապտել Սամատ, ինչպէս նաեւ նախարարաց խորհուրդի...

Ֆելթման. «Շատ Կարեւոր Է Տեսնել,  Թէ Հասսան Տիապի Կառավարութիւնը  Ի՛նչ Աշխատանք Պիտի Տանի»

Ֆելթման. «Շատ Կարեւոր Է Տեսնել, Թէ Հասսան Տիապի Կառավարութիւնը Ի՛նչ Աշխատանք Պիտի Տանի»

ՄԱԿ-Ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Ճեֆրի Ֆելթման յայտնեց, որ Լիբանանի նորակազմ կառավարութիւնը 2005-ի Օմար Քարամէի կառավարութենէն ետք ամէնէն աւելի Սուրիոյ, Իրանի եւ Հըզպալլայի մօտիկ կառավարութիւնը կը նկատուի: Ֆելթման նշեց, որ այս իմաստով կարելի չէ խաբել եւ ըսել, որ Լիբանանի մէջ երկփեղկում չկայ: «Շատ կարեւոր է տեսնել, թէ վարչապետ Հասսան Տիապի կառավարութիւնը ի՛նչ աշխատանք պիտի տանի, ինչպէ՛ս պիտի ընդառաջէ ցուցարարներու պահանջներուն եւ...

Պէյրութի Միջազգային Օդակայանին Մէջ .  «Ոչ Մէկ Տեղեկութիւն Կայ, Թէ Լիբանանցիներ  «Քորոնա» Ժահրով Վարակուած Են»  Շեշտեց Համատ Հասան

Պէյրութի Միջազգային Օդակայանին Մէջ . «Ոչ Մէկ Տեղեկութիւն Կայ, Թէ Լիբանանցիներ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուած Են» Շեշտեց Համատ Հասան

Առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան շաբաթավերջին այցելեց Պէյրութի միջազգային օդակայան, ուր ստուգեց օդակայանի բժշկական բաժինն ու «Քորոնա» ժահրին Լիբանան մուտքը արգիլելու նպատակով անոր որդեգրած կանխարգիլման միջոցները: Այցելութենէն ետք Հասան յայտնեց, որ չկան տեղեկութիւններ, թէ Չինաստանի մէջ լիբանանցիներ վարակուած են «Քորոնա» ժահրով: Ան նշեց, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ կան բժշկական չորս անձնակազմեր, որոնք կազմ ու պատրաստ են` «Քորոնա» ժահրով վարակուածները ստանձնելու:...

Քիւպիչ. «Եթէ Կառավարութեան Առնելիք Քայլերը  Համապատասխանեն Ժողովուրդի Մտածողութեան,  Ապա Ան Կը Նպաստէ Միջազգային Զօրակցութեան Ապահովումին»

Քիւպիչ. «Եթէ Կառավարութեան Առնելիք Քայլերը Համապատասխանեն Ժողովուրդի Մտածողութեան, Ապա Ան Կը Նպաստէ Միջազգային Զօրակցութեան Ապահովումին»

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչի տեղեկատուական գրասենեակէն հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ Քիւպիչ հանդիպում մը ունեցած է վարչապետ Հասսան Տիապի հետ եւ անոր յանձնած ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի ողջոյնի յայտարարութիւնը, ինչպէս նաեւ այլ յայտարարութիւններ, որոնք Լիբանանին յղուած են Լիբանանի օժանդակող երկիրներու խմբաւորումին եւ Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ: Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ հանդիպումին ընթացքին Քիւպիչ դրական, զօրաւոր եւ...

Հիւսէյն Խալիլ. «Պէտք Է Առիթ Տալ Կառավարութեան,  Որ Ստանձնած Է Երկրին Ծանր Բեռը  Վերցնելու Պարտականութիւնը»

Հիւսէյն Խալիլ. «Պէտք Է Առիթ Տալ Կառավարութեան, Որ Ստանձնած Է Երկրին Ծանր Բեռը Վերցնելու Պարտականութիւնը»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական հարցերու օգնական Հիւսէյն Խալիլ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ոմանք նորակազմ կառավարութիւնը կը կոչեն Հըզպալլայի կառավարութիւն կամ միագոյն կառավարութիւն` աւելցնելով, որ ճի՛շդ է զայն միագոյն կառավարութիւն կոչել, որովհետեւ քաղաքական նոյն մտածողութիւնը կրող ուժեր նշանակած են վարչապետ Հասսան Տիապը: Խալիլ նշեց, որ եթէ նոր կառավարութիւնը կազմուէր Սաատ Հարիրիի կողմէ, անիկա դարձեալ Հըզպալլայի կառավարութիւն պիտի կոչուէր` աւելցնելով, որ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, որ 2020-ի պետական ամավարկի վաւերացման խորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին վարչապետ Հասսան Տիապի կառավարութեան ներկայութիւնը սահմանադրական եւ կարեւոր է, սահմանադրութեան 64-րդ յօդուածի 2-րդ կէտին համաձայն: Ըստ այդ կէտին, խորհրդարանին մէջ կառավարութեան ներկայութիւնը ընթացիկ հարցերու կառավարութեան համազօր է: Նշենք, որ Պըրրի շաբաթավերջին Այն Թինէի մէջ ընդունեց նախկին նախարար Ղազի Արիտին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող...

Յ. Բագրատունի Այցելեց  Հանրապետութեան Նախագահին

Յ. Բագրատունի Այցելեց Հանրապետութեան Նախագահին

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս երկրին դիմագրաւած տնտեսական, ելեւմտական եւ ընկերային տագնապներն ու զանոնք կարելի եղածին չափ արագ լուծելու կարեւորութիւնը: Երեսփոխան Բագրատունի նշեց, որ հակառակ որոշ դիտողութիւններու, պէտք է առիթ տալ նորակազմ կառավարութեան եւ երկրին դիմագրաւած ելեւմտական տագնապին, տնտեսական ու...

Երեսփոխան Բագրատունի Կոչ Ուղղեց Բոլորին  Նորակազմ Կառավարութեան Տալու  3-4 Ամսուան Աշխատանքի Առիթ Մը

Երեսփոխան Բագրատունի Կոչ Ուղղեց Բոլորին Նորակազմ Կառավարութեան Տալու 3-4 Ամսուան Աշխատանքի Առիթ Մը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ` ուրբաթ, 24 յունուար 2020-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, հարցազրոյց մը ունեցաւ «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին հետ: Հարցազրոյցին ընթացքին երեսփոխան Բագրատունի անդրադարձաւ նաեւ երկրին դիմագրաւած տնտեսական եւ ընկերային տագնապին` հաստատելով, որ ժողովուրդին պահանջները արդար են, եւ պէտք է անսալ անոնց ու զանոնք գործադրելու միջոցներ գտնել: Յ. Բագրատունի կոչ ուղղեց բոլորին...

Նախագահ Աուն. «Կառավարութեան  Արձանագրելիք Յաջողութիւնը Հաստատ Է»

Նախագահ Աուն. «Կառավարութեան Արձանագրելիք Յաջողութիւնը Հաստատ Է»

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆահմին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Ֆահմի յայտնեց, որ նախագահ Աունին շնորհակալութիւն յայտնած է իր նկատմամբ ցուցաբերուած վստահութեան համար եւ քննարկած ապահովական իրավիճակին ու ապահովական կարգ մը միջոցառումներուն վերաբերող հարցեր: Ֆահմի հաստատեց, որ հանրապետութեան նախագահին ներկայացուցած է խաղաղ ցուցարարներուն անվտանգութիւնը պահպանելու...

Page 515 of 988 1 … 514 515 516 … 988

Արխիւներ