Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորհրդարանը Վաւերացուց 2020-ի Պետական Ամավարկը, Իսկ Կառավարութիւնը Շարունակեց Իր Աշխատանքային Ծրագիրին Մշակումը

Յունուար 28, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին նախագահեց 2020-ի պետական ամավարկի քննարկման խորհրդարանի լիագումար նիստին, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ վարչապետ Հասսան Տիապ:

Խորհրդարանի նիստին ներկայ գտնուեցան 73 երեսփոխաններ, ի բացակայութիւն` Փաղանգաւոր կուսակցութեան, Հզօր հանրապետութիւն եւ Խորհրդակցական հանդիպում երեսփոխանական պլոքներուն, ինչպէս նաեւ կարգ մը անհատ երեսփոխաններու:

Հակառակ այն բողոքներուն եւ կեցուածքներուն, թէ նիստը օրինական չէ, Պըրրի սահմանադրութեան համաձայն բացատրութիւններ ներկայացուց` փաստելով նիստին օրինականութիւնը:

Պըրրի յայտնեց, որ խորհրդարանին վստահութիւնը չստացած կառավարութիւնը նիստին կը մասնակցի ընթացիկ հարցերու կառավարութեան կարգավիճակով` աւելցնելով, որ խորհրդարանը օրէնսդրական աշխատանք կատարելու բացարձակ իրաւունք ունի:

Մուսթաքպալ պլոքին ներկայութեամբ կարելի եղաւ գոյացնել խորհրդարանի օրինաթիւը եւ սկսաւ լիագումար նիստը, որուն սկիզբը պլոքի անդամ երեսփոխան Սամիր Ժսըր յայտնեց, որ խորհրդարանի լիագումար նիստը հակասահմանադրական է, եւ հարց տուաւ կառավարութեան կողմէ 2020-ի պետական ամավարկի որդեգրման մասին: Ժսըրի հարցումը երկրորդեց Մուսթաքպալ պլոքի նախագահ, երեսփոխան Պահիա Հարիրի:

Այս մասին վարչապետ Տիապ պատասխանեց հետեւեալ նախադասութեամբ. «Եթէ կառավարութիւնը չորդեգրէր այդ ամավարկը, խորհրդարանի լիագումարին չէի ներկայանար»:

Նախապէս Տիապ յայտնած էր, որ Լիբանանի մէջ ոչինչ սովորական է այս օրերուն, այլ` արտասովոր, բարդ եւ արտակարգ պայմաններ, որոնք կը մղեն աշխատանքը արագ կատարելու:

Ան նշեց, որ կառավարութիւնը չի փափաքիր խոչընդոտել նախկին կառավարութեան կողմէ պատրաստուած ու վաւերացուած ամավարկը, որ քննարկուած է նաեւ խորհրդարանի մնայուն յանձնախումբերուն կողմէ եւ պատրաստ վիճակի մէջ կը գտնուի:

Նիստին ընթացքին ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան ներկայացուց 2020-ի պետական ամավարկը` յայտնելով, որ այդ ամավարկը վաւերացնելէ ետք կառավարութիւնը պէտք է մշակէ տնտեսական եւ ելեւմտական փրկութեան ծրագիր մը, որուն մշակումին համար պատրաստ ենք ամէն իմաստով օժանդակելու:

Քանաան շեշտեց, որ 2020-ի պետական ամավարկին վաւերացումէն ետք կառավարութիւնը պէտք է հետեւողական աշխատանքի ձեռնարկէ` փրկելու համար կացութիւնը եւ ամբողջացնելու համար աշխատանքը:

Լիագումար նիստին ընթացքին խօսք առին միայն 6 երեսփոխաններ, որոնք անդրադարձան պետական ամավարկին մէջ նշուած նիւթական բացին, երկրին տնտեսական տագնապին եւ շարունակուող բողոքի ցոյցերուն:

Նկատի ունենալով փողոցին մէջ տիրող իրավիճակը` Պըրրի նշեց, որ ապահովական պատճառներով երեսփոխաններէն կը խնդրէ մնալ խորհրդարանին մէջ, որովհետեւ մտադիր է 2020-ի պետական ամավարկին  քուէարկելու օրակարգին անցնիլ:

Քուէարկութեան ընթացքին 2020-ի պետական ամավարկը վաւերացուեցաւ 49 թեր, 13 դէմ եւ 8 ձեռնպահ քուէներով:

Պետական ամավարկին թեր քուէարկեցին Հզօր Լիբանան համախմբումը, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքը,  Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքը: Անոր դէմ քուէարկեց Մուսթաքպալ հոսանքը, իսկ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքը մնաց ձեռնպահ:

Խորհրդարանի լիագումար նիստէն ետք, Մուսթաքպալ պլոքին կողմէ հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ պլոքը պետական ամավարկին դէմ քուէարկեց` մեկնելով այն համոզումէն, որ այդ ամավարկին բովանդակած թիւերը իրականութիւնը չեն դրսեւորեր, որովհետեւ տնտեսական վիճակը փոխուած է եւ երկրին մէջ նախորդ կառավարութեան ընթացքին տիրող պայմանները չկան այլեւս:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ վարչապետ Տիապ յստակօրէն ըսած է, թէ կառավարութիւնը կ՛որդեգրէ 2020-ի պետական ամավարկը` աւելցնելով, որ Մուսթաքպալ պլոքը պիտի շարունակէ յանձնառու մնալ սահմանադրութիւնը յարգելու, ինչպէս նաեւ պիտի ստանձնէ պետական հաստատութիւններուն աշխատանքին հետեւողականութիւնը ապահովելու իր ազգային պատասխանատուութիւնը, թէ՛ կառավարութիւնը եւ թէ՛ խորհրդարանը զետեղելով իրենց պատասխանատուութիւններուն դիմաց:

Երեկոյեան շուրջ ժամը 7:00-ին, Սայտայի Մաժտելիուն շրջանին մէջ` երեսփոխան Պահիա Հարիրիի բնակարանին մօտ ժողովրդային շարժումի կարգ մը ցուցարարներ բողոքեցին Մուսթաքպալ պլոքին կողմէ լիագումար նիստին մասնակցութեան դէմ` ընդգծելով, որ անոր մասնակցութեամբ կարելի եղաւ օրինաթիւ գոյացնել, ինչ որ ամավարկի վաւերացման նպաստելու քայլ մըն է, նոյնիսկ եթէ պլոքը ամավարկին վաւերացման դէմ քուէարկած է:

Ցոյցը պատճառ դարձաւ, որ ժողովրդային շարժումի ցուցարարներուն եւ Հարիրիի համակիրներուն միջեւ բախումներ արձանագրուին:

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի այս առիթով շեշտեց, որ Մուսթաքպալ պլոքը այս կամ այն պետական հաստատութեան աշխատանքը արգելակելու գործիքին կարելի չէ վերածել:

Ան նշեց, որ պլոքը իր պատասխանատուութիւնը կը ստանձնէ եւ առանց խուսափելու` սահմանադրութեան յարկին տակ իր կեցուածքները կը յայտնէ:

Նշենք, որ երէկ առաւօտեան ժողովրդային շարժումի հարիւրաւոր ցուցարարներ խորհրդարանի շրջակայքը կազմակերպեցին ցոյցեր` արգիլելու համար երեսփոխաններուն խորհրդարան հասնիլը:

Անոնք փողոցին մէջտեղ նստելով փորձեցին փակել ճամբաները, սակայն ապահովութեան ուժերը, որոնք համեմատաբար աւելի մեծաթիւ էին երէկ` ամէն գնով ապահովեցին երեսփոխաններուն խորհրդարան փոխադրութիւնը:

Քանի մը շրջանի մէջ, յատկապէս «Նահար» օրաթերթին կից, Նահատակաց հրապարակին եւ Ֆոշ փողոցին վրայ ցուցարարներուն եւ ապահովութեան ուժերուն միջեւ արձանագրուեցան բախումներ, որոնց ընթացքին ցուցարարները քարկոծեցին ապահովութեան ուժերը եւ անոնց դէմ պայթուցիկներ նետեցին, իսկ ապահովութեան ուժերը իրենց կարգին ձերբակալեցին անկարգութիւններ գործող ցուցարարներ:

ՄԻՒՍ կողմէ, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ խորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին ուղղուեցաւ Պքերքէ, ուր  հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ:

Հանդիպումէն ետք Սամի Ժեմայէլ մեկնեցաւ մերժելով մեկնաբանութիւն կատարել:

Վարչապետ Տիապ Նախագահեց Կառավարութեան Աշխատանքային
Ծրագիրի Մշակման Յանձնախումբի Նիստին

Վարչապետ Հասսան Տիապ երէկ երեկոյեան վարչապետարանին մէջ նախագահեց կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի մշակման չորրորդ նիստին` ներկայութեամբ նախարարական յանձնախումբին, որուն մաս կը կազմեն փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Զէյնա Ատրա, նախարարներ Տըմիանոս Քաթթար, Ղազի Ուազնի, Նասիֆ Հըթթի, Ռաուլ Նեհմէ, Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, Իմատ Հուպալլա, Ռամզի Մշարրաֆիէ, Թալալ Հաուաթ, Մարի Քլոտ Նաժըմ եւ Մանալ Ապտել Սամատ, ինչպէս նաեւ նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար, դատաւոր Մահմուտ Մաքքիէ, հանրապետութեան նախագահութեան ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շքէյր եւ վարչապետի խորհրդատու Խտըր Թալեպ:

Տեղեկատուութեան նախարար Մանալ Ապտել Սամատ յայտնեց, որ նիստին ընթացքին Տիապ յայտնած է, թէ խորհրդարանին կողմէ 2020-ի պետական ամավարկին վաւերացումը դրական քայլ մըն է` ներքին լիբանանեան եւ արտաքին իմաստով, անկախ անոր վերաբերող դիտողութիւններէն:

Ապտել Սամատ յայտնեց, որ Տիապ շեշտած է, թէ պետական ամավարկի վաւերացումը կ՛արտօնէ, որ կառավարութիւնը կեդրոնանայ իր աշխատանքային ծրագիրին մշակման վրայ եւ զայն ամբողջացնէ ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին:

«Այս պատճառով յանձնախումբը այս շաբթուան ընթացքին յաճախակի նիստեր պիտի գումարէ` վերջնականացնելու համար իր ծրագիրը եւ վստահութեան քուէի խնդրանքով ներկայանալու խորհրդարան», ըսաւ Ապտել Սամատ:

Ապտել Սամատ յայտնեց, որ յանձնախումբը յառաջիկայ երկու օրերուն պիտի շարունակէ իր նիստերը` աւելցնելով, որ ոչինչ կ՛արգելակէ աշխատանքային ծրագիրին մշակումը, սակայն յանձնախումբը կատարեալ բծախնդրութեամբ կ՛աշխատի` ապահովելու համար ներքին եւ արտաքին պահանջները` զանոնք համահունչ դարձնելով պետութեան ընդհանուր շահերուն:

ՆՇԵՆՔ, որ Տիապ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն, որուն հետ քննարկեց երկրին տնտեսական եւ ելեւմտական իրավիճակը:

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Հայրենադարձներու Խորհրդատուութեան Գրասենեակի Մասնագիտական Հերթական Հանդիպումը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?