ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ` ուրբաթ, 24 յունուար 2020-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, հարցազրոյց մը ունեցաւ «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին հետ:
Հարցազրոյցին ընթացքին երեսփոխան Բագրատունի անդրադարձաւ նաեւ երկրին դիմագրաւած տնտեսական եւ ընկերային տագնապին` հաստատելով, որ ժողովուրդին պահանջները արդար են, եւ պէտք է անսալ անոնց ու զանոնք գործադրելու միջոցներ գտնել:
Յ. Բագրատունի կոչ ուղղեց բոլորին նորակազմ կառավարութեան երեքէն չորս ամսուան առիթ մը տալու, որպէսզի ան կարենայ աշխատելու առիթ ունենալ:
Երեսփոխան Բագրատունի անդրադարձաւ նաեւ Լիբանանի եւ շրջանին մէջ թրքական գործօնին ու արաբական աշխարհին մէջ թրքական դերակատարութեան հետեւանքներուն:
Հարցազրոյցին ամբողջութիւնը պիտի հրապարակուի յաջորդիւ:



