Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մաքրոն Շնորհաւորեց Նախագահ Աունը` Կառավարութեան Կազմութեան Առիթով

January 27, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն շաբաթավերջին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնէն, որ շնորհաւորեց զինք` Լիբանանի նոր կառավարութեան կազմութեան առիթով:

Մաքրոն ընդգծեց, որ Ֆրանսա կը զօրակցի Լիբանանին` անոր միասնականութեան ու կայունութեան պահպանումին առումով:

Մաքրոն մաղթեց, որ նորակազմ կառավարութիւնը աշխատի իրականացնելու լիբանանցիներուն ձգտումներն ու երազները` գործադրելով այն բարեկարգումները, որոնց իրականացման համար Լիբանան նախապէս յանձնառութիւն յայտնած է «Սետր»-ի խորհրդաժողովին ընթացքին:

Իր կարգին, նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց Մաքրոնին` Լիբանանի նկատմամբ անոր ցուցաբերած հոգատարութեան համար: Ան Մաքրոնին ներկայացուց երկրին դիմագրաւած ներկայ պայմանները` հաստատելով, որ ամէն ջանք ի գործ պիտի դրուի լուծելու համար այդ տագնապները:

Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ լիբանանեան պետութիւնը ճիգ պիտի չխնայէ լիբանանցիներուն շահերը իրականացնելու, անոնց միասնականութիւնը ամրապնդելու եւ երկրին տնտեսական բարգաւաճումը հունաւորելու առումով:

Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին նախագահներ Աուն եւ Մաքրոն քննարկեցին նաեւ լիբանանեան, շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանին օժանդակելու համար Ֆրանսայի ի գործ դրած ջանքերը:

Միւս կողմէ, նախագահական պալատը շաբաթ օր հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ գրաւոր մամուլն ու լսատեսողական լրատուամիջոցները, ինչպէս նաեւ տարբեր կայքեր կը հրապարակեն ու կը հաղորդեն այնպիսի լուրեր ու յայտարարութիւններ, որոնք կը վերագրուին նախագահ Աունի:

«Այդ լրատուամիջոցները, օրաթերթերն ու կայքերը կ՛անդրադառնան նախագահ Աունի մօտիկ աղբիւրներու, այցելուներու եւ այլ աղբիւրներու` հաղորդելով լուրեր, որոնք անճիշդ են եւ անստոյգ», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Նախագահական պալատի տեղեկատուական գրասենեակը իր հրապարակած հաղորդագրութեամբ հաստատեց, որ որեւէ խօսք կամ յայտարարութիւն, որ հանրապետութեան նախագահին կամ նախագահական պալատի տեղեկատուական գրասենեակին կողմէ ուղղակի չէ արտաբերուած կամ տարածուած, ուրեմն կարելի չէ զայն հրապարակել կամ անոր վստահիլ:

Նախագահական պալատի տեղեկատուական գրասենեակը կոչ ուղղեց տեղեկատուութեան մարզի բոլոր բաղկացուցիչներուն ստուգելու հանրապետութեան նախագահի որեւէ խօսք եւ ապա անդրադառնալու անոր` պահպանելու համար լուրին կամ յայտարարութեան վստահելիութիւնը, ինչպէս նաեւ կանխելու համար տարբեր նպատակներ հետապնդող որեւէ ապատեղեկատուութիւն:

 

Նախորդը

Կառավարութեան Աշխատանքային Ծրագիրի Մշակման Յանձնախումբը Այս Շաբթուան Ընթացքին Յաւելեալ Նիստեր Պիտի Գումարէ

Յաջորդը

Խորհրդարանը Այսօր Կը Սկսի Քննարկել 2020-ի Պետական Ամավարկը, Իսկ Ժողովրդային Շարժումի Ցոյցերը Կը Շարունակուին

RelatedPosts

Նախագահական Պալատը Լրատուամիջոցներուն  Կոչ Ուղղեց` Լիբանանի Բարեկամ Արտաքին  Որեւէ Կողմի Վրայ «Յարձակում» Չգործելու
Գլխաւոր լուրեր

Նախարարաց Խորհուրդը Այսօր Պաապտայի Պալատին Մէջ Պիտի Քննարկէ Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերուն Թղթածրարը

October 22, 2026
Նեթանիահու. «Սուրիան Հալէպի Մօտ Օդուժի  Ռազմակայանի Մը Մէջ Թրքական Տեղակայում  Արտօնելով Փոխըմբռնումները Խախտեց  Եւ Մեր Զգուշացումները Անտեսեց»
Լիբանանեան

Նեթանիահու. «Իրանի Հետ Ճակատումի Վճռումէն Առաջ Լիբանանի Մէջ Խաղաղութիւն Պիտի Չհաստատուի»

October 22, 2026
Էրտողան. «Կը Շնորհաւորեմ Սուրիական Եւ Թրքական  Հետախուզութեան Անծանօթ Հերոսները,  Որոնք Պանիասի, Սուրիոյ Եւ Ռեհանլիի Մէջ  Ջարդերու Պատասխանատու Ահաբեկիչը Ձերբակալեցին»
Լիբանանեան

Էրտողան. «Կը Շնորհաւորեմ Սուրիական Եւ Թրքական Հետախուզութեան Անծանօթ Հերոսները, Որոնք Պանիասի, Սուրիոյ Եւ Ռեհանլիի Մէջ Ջարդերու Պատասխանատու Ահաբեկիչը Ձերբակալեցին»

October 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.