Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութեան Աշխատանքային Ծրագիրի Մշակման Յանձնախումբը Այս Շաբթուան Ընթացքին Յաւելեալ Նիստեր Պիտի Գումարէ

Յունուար 27, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Հասսան Տիապ շաբաթ, 25 յունուար 2020-ին, կէսօրուան ժամը 1:00-ին, վարչապետարանին մէջ նախագահեց կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի մշակման երկրորդ նիստին` ներկայութեամբ այդ նպատակով կազմուած նախարարական յանձնախումբին, որուն մաս կը կազմեն փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Զէյնա Ատրա, նախարարներ Տըմիանոս Քաթթար, Ղազի Ուազնի, Նասիֆ Հըթթի, Ռաուլ Նեհմէ, Իմատ Հուպալլա, Ռամզի Մշարրաֆիէ, Թալալ Հաուաթ, Մարի Քլոտ Նաժըմ եւ Մանալ Ապտել Սամատ, ինչպէս նաեւ նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար, դատաւոր Մահմուտ Մաքքիէ, հանրապետութեան նախագահութեան ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շքէյր, ելեւմուտքի նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Ալեն Պիֆանի եւ վարչապետի խորհրդատու Խտըր Թալեպ:

Տեղեկատուութեան նախարար Մանալ Ապտել Սամատ յայտնեց, որ յանձնախումբը այս շաբթուան ընթացքին յաւելեալ նիստեր պիտի գումարէ` վերջնականացնելու համար իր ծրագիրը:

Ապտել Սամատ յայտնեց, որ յանձնախումբին գումարած երրորդ նիստին ընթացքին վարչապետ Տիապ բարձր գնահատած է յանձնախումբի անդամներուն տրամադրութիւնը` ընդգծելով նիստերը աւելի յաճախակի դարձնելու եւ կառավարութեան անդրանիկ յայտարարութեան մշակումը կարելի եղածին չափ արագ աւարտելու կարեւորութիւնը:

Ան նշեց, որ նիստին ընթացքին ելեւմուտքի նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Ալեն Պիֆանի զեկուցած է երկրին ելեւմտական իրավիճակին մասին:

Ապտել Սամատ նշեց, որ նախարարական յանձնախումբին յաջորդ նիստը պիտի գումարուի այսօր` երկուշաբթի, 27 յունուար 2020-ին` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը ճիգ պիտի չխնայէ, որ իր ծրագիրի մշակումը ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին աւարտէ:

 

 

Նախորդը

Ֆելթման. «Շատ Կարեւոր Է Տեսնել, Թէ Հասսան Տիապի Կառավարութիւնը Ի՛նչ Աշխատանք Պիտի Տանի»

Յաջորդը

Մաքրոն Շնորհաւորեց Նախագահ Աունը` Կառավարութեան Կազմութեան Առիթով

RelatedPosts

Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
Նախագահ Աուն. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Մինչեւ  Թիւ 1701 Որոշումի Գործադրման Համար Անհրաժեշտ  Ժամանակով ՖԻՆԻՒԼ-ի Ներկայութեան»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Մինչեւ Թիւ 1701 Որոշումի Գործադրման Համար Անհրաժեշտ Ժամանակով ՖԻՆԻՒԼ-ի Ներկայութեան»

Օգոստոս 20, 2025
Ապահովութեան Խորհուրդը Սկսաւ Քննարկել  ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերաբերեալ  Ֆրանսական Նախագիծը
Լիբանանեան

Ապահովութեան Խորհուրդը Սկսաւ Քննարկել ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերաբերեալ Ֆրանսական Նախագիծը

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?