Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հըթթի Ընդունեց Մեծ Թիւով Դեսպաններ Եւ Բրիտանիոյ Կողմէ Օժանդակութեան Խոստում Ստացաւ

Յունուար 29, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին գործոց նախարար Նասիֆ Հըթթի երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Միջին Արեւելքի հարցերով Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Անտրիւ Մորիսընէն, որ շնորհաւորեց զինք իր նշանակումին առիթով, ինչպէս նաեւ յաջողութիւն մաղթեց անոր ստանձնած պաշտօնին համար, յատկապէս նկատի ունենալով Լիբանանի դիմագրաւած ծանր պայմանները:

Մորիսըն Բրիտանիոյ կարողութիւնները Լիբանանի տրամադրութեան տակ դրաւ` տնտեսական այս տագնապէն դուրս գալու առումով:

Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Միջին Արեւելքի կացութիւնն ու Լիբանանի վրայ ունենալիք անոր հետեւանքները:

Հըթթի նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչը, որուն հետ քննարկուեցան միջազգային յարաբերութիւնները, Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի գործունէութեան մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի կողմէ լիբանանցիներուն եւ Լիբանանին օժանդակելու հեռանկարները:

Քիւպիչ շեշտեց, որ Հըթթիի հետ հանդիպումին ընթացքին հաստատած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի յղած ողջոյնի նամակին բովանդակութիւնը, ինչպէս նաեւ լիբանանցիներուն պահանջները գործադրելու անհրաժեշտութիւնն ու կառավարութեան կողմէ բարեկարգումներու գործադրութեան կարեւորութիւնը:

Ան ընդգծեց շրջանային տագնապներէն Լիբանանի կողմէ որդեգրուած ինքզինք զերծ կացուցելու եւ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը գործադրելու անհրաժեշտութիւնը:

Հըթթիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Քրիս Ռամփլինկը, որ ներքին գործոց նախարարին հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ  երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:

Հըթթիի այցելուներէն եղան նաեւ Լիբանանի մէջ Սպանիոյ դեսպան Խոսէ Մարիա Ֆերրի, Թուրքիոյ դեսպան Հաքան Չաքըլ, Իտալիոյ դեսպան Մասիմօ Մարոթթի եւ Ճափոնի դեսպան Թաքիշի Օպուքօ:

Նշենք, որ Հըթթի նախարարութիւնը ստանձնեց նախանցեալ օր:

Յանձնումի եւ ստանձնումի պաշտօնական արարողութեան ընթացքին Հըթթի շեշտեց, որ շրջանային եւ միջազգային առումով Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը կարեւոր է, իսկ նախկին նախարար Ժըպրան Պասիլ շեշտեց, որ ինք Լիբանանի արտաքին քաղաքականութիւնը յստակ կեցուածքով գծած է, այնպիսի յստակութեամբ, որ բնաւ կարելի չէ զայն մոխրագոյն տեսնել:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Հզօր Լիբանան Համախմբում. «Ծախսերուն Սեղմումն Ու Պետական Ամավարկին Վաւերացումը Անհրաժեշտ Էին»

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?