Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախարարական Յանձնախումբը Պիտի Փորձէ Մինչեւ Շաբաթավերջ Վաւերացնել Կառավարութեան Աշխատանքային Ծրագիրը

January 29, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահութեամբ վարչապետ Հասսան Տիապի, նախարարական յանձնախումբը երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին շարունակեց կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մշակումը:

Ներկայ էին փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Զէյնա Ատրա, նախարարներ Տըմիանոս Քաթթար, Ղազի Ուազնի, Նասիֆ Հըթթի, Ռաուլ Նեհմէ, Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, Իմատ Հուպալլա, Ռամզի Մշարրաֆիէ, Թալալ Հաուաթ, Մարի Քլոտ Նաժըմ եւ Մանալ Ապտել Սամատ, ինչպէս նաեւ նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար, դատաւոր Մահմուտ Մաքքիէ, հանրապետութեան նախագահութեան ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շքէյր եւ վարչապետի խորհրդատու Խտըր Թալեպ:

Նշենք, որ վստահելի աղբիւրներ հաստատած էին, որ նախարարական յանձնախումբը պիտի փորձէ մինչեւ շաբաթավերջ աւարտել եւ վաւերացնել կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը:

Վարչապետին Այցելուները

Միւս կողմէ, վարչապետ Հասսան Տիապ երէկ ունեցաւ շարք մը այցելուներ, որոնց հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները:

Վարչապետ Տիապի այցելեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը դրական քայլ մըն է` երկրին տնտեսական իրավիճակը բարելաւելու, Լիբանանի քանդումը կասեցնելու եւ ի նպաստ լիբանանցի ժողովուրդի շահերուն բարեկարգումներ գործադրելու առումով:

Զասիփքին հաստատեց երկրին ապահովական կայունութիւնը պաշտպանելու կարեւորութիւնը` մաղթելով, որ արտաքին կողմեր կ՛արտօնեն, որ կառավարութիւնը աշխատի` ի խնդիր Լիբանանի փրկութեան:

Վարչապետ Տիապ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Ալաուին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ եգիպտական յարաբերութիւնները:

Տիապի այցելեց նաեւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ռեմոն Ղաժար: Քննարկուեցան նախարարութեան վերաբերող հարցեր:

Տիապ ընդունեց նաեւ Դրամատուներու միութեան նախագահ Սելիմ Սֆէյրը: Քննարկուեցան Լիբանանի ելեւմտական եւ դրամատնային իրավիճակը:

Նշենք, որ վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, որ վարչապետին հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրադարձութիւնները:

Տիապ շնորհաւորագիր մը ստացաւ Քուէյթի իշխան շէյխ Սապահ Ահմետ Ժապեր Սապահէն, որ յաջողութիւն մաղթեց վարչապետին եւ նորակազմ կառավարութեան` լիբանանցիներուն ձգտումները իրագործելու առումով:

Քուէյթի իշխանը իր շնորհաւորագիրին մէջ ողջունեց Լիբանանի եւ Քուէյթի միջեւ ամուր յարաբերութիւնները:

Ժողովրդային Շարժումը Կը Փորձէ Վերակազմել Իր Շարքերը

Երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, ապահովութեան ուժերը «Նահար»-ի շէնքին մօտ իրենց զետեղած երկաթեայ արգելքները վերցուցին` փորձելով վերաբանալ դէպի Պէյրութի քաղաքապետարան տանող ճամբան:

Նահատակաց հրապարակին վրայ գտնուող կարգ մը ցուցարարներ խիստ ընդվզեցան ապահովութեան ուժերուն որդեգրած այս քայլին դէմ եւ ուղղուեցան վերստին փակելու այդ ճամբան` աւելի ուշ իրենց մարմիններով փակելով նաեւ Նահատակաց հրապարակը:

Ցուցարարները ընդգծեցին, որ կը մերժեն ձգել այն տպաւորութիւնը, որ երկրին մէջ ամէն բան լաւ է, եւ տագնապները լուծուած են:

Անոնք կոչ ուղղեցին ժողովրդային շարժումին մաս կազմող ցուցարարներուն ուղղուելու Նահատակաց հրապարակ եւ շարունակելու բողոքի նստացոյցն ու ժողովրդային շարժումը` շեշտելով, որ դարձեալ պիտի փակեն ճամբաները:

Կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին ցուցարարները փակեցին «Նահար» օրաթերթի շէնքէն Պէյրութի քաղաքապետարան տանող ճամբան, իսկ Նահատակաց հրապարակին վրայ գտնուող ցուցարարներուն թիւը սկսաւ հետզհետէ բազմանալ:

Ժողովրդային շարժումին մաս կազմող ցուցարարներ յետմիջօրէին Զուքէն Նահատակաց հրապարակ ինքնաշարժներով երթ մը կատարեցին:

 

Նախորդը

Նախագահ Աուն Ուազնիի Հետ Քննարկեց Երկրին Ելեւմտական Իրադարձութիւնները

Յաջորդը

Իշխանեան. «Այս Տօնը Ապրելու, Ունեցածին Տէր Կանգնելու Եւ Նորը Ստեղծելու Ամէնօրեայ Պատգամ Է»

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.