Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յունուար 29, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Համատ Հասան երէկ անակնկալ այցելութեամբ մը ուղղուեցաւ Պէյրութի միջազգային օդակայան, ուր ստուգեց օդակայանի բժշկական բաժինն ու «Քորոնա» ժահրին Լիբանան մուտքը արգիլելու նպատակով որդեգրուած կանխարգիլման միջոցներու գործադրութիւնը:

ԵԼԵՒՄՏԱԿԱՆ հարցերու ընդհանուր դատախազ Ալի Իպրահիմ երէկ հարցաքննելէ ետք 8 լումայափոխներ, զանոնք բանտարկեց` իրենց գործառնութիւններուն ընթացքին Կեդրոնական դրամատան եւ Լումայափոխներու սենտիքային կողմէ ճշդուած լիբանանեան դրամանիշի սակին հիման վրայ չաշխատելու յանցանքով:

ՖՐԱՆՍԱՑԻ դատաւոր Շարլ Պրաթս, որ իւրացուած գումարներու տունդարձի մարզին մէջ լաւագոյն դատաւորներէն կը նկատուի, երէկ հասաւ Պէյրութ, ուր պատրաստակամութիւն յայտնեց այս հարցով լիբանանեան դատական իշխանութիւններուն օժանդակելու:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց նախկին նախարար Նուհատ Մաշնուքը, որուն հետ քննարկեց երկրին ներկայ իրավիճակը, յատկապէս` տնտեսական տագնապին հետեւանքները:

Միւֆթի Տըրիանի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Յորդանանի դեսպան Ուալիտ Հատիտ:

ՄԻՋԻՆ Արեւելքի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի յատուկ պատուիրակ,  արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայէլ Պոկտանով երէկ Մոսկուայի մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան պատասխանատուներէն Հալիմ Պու Ֆախրէտտինը, որուն հետ քննարկեց կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի Ռուսիա կատարելիք այցելութեան մանրամասնութիւնները: Միւս կողմէ, Ժոմպլաթ Քլեմանսոյի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը: Քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին այցելեց Խմբագիրներու սենտիքա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ սենտիքայի նախագահ Ժոզեֆ Քսսայֆիի եւ սենտիքայի անդամներուն հետ: Զասիփքին ընդգծեց, որ նորակազմ կառավարութեան աշխատանքի առիթ պէտք է տալ: Ան նկատել տուաւ, որ քաղաքական կարգ մը ուժերու կողմէ նոր կառավարութեան մաս չկազմելը պէտք չէ խոչընդոտէ անոր աշխատանքը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ազգային կուսակցութիւններու եւ անձնաւորութիւններու համախմբումը գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն ընթացքին հաստատեց, որ նորակազմ կառավարութեան պէտք է աշխատանքի առիթ շնորհել, յատկապէս` տնտեսական կացութիւնը բարելաւելու, ժողովուրդին պահանջներուն ընդառաջելու, փտածութեան դէմ պայքարելու եւ պետութենէն իւրացուած գումարները վերադարձնելու նպատակով: Համախմբումը զգուշացուց Լիբանանի կողմէ Միջազգային դրամական ֆոնտէն եւ «Սետր»-ի խորհրդաժողովէն նախապայմանով վերցուելիք գումարներէն, որոնց նպատակը պիտի ըլլայ բարդացնել Լիբանանի տնտեսական տագնապը եւ երկիրը զետեղել ամերիկեան ու արեւմտեան քաղաքականութիւններու ազդեցութեան ներքեւ:

ԱԶԳԱՅԻՆ երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումի երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Քրիս Ռամփլինկի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու անոնց ամրապնդման հեռանկարները:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ 2020-ի պետական ամավարկի վաւերացումը չի նշանակեր, որ կառավարութիւնը վստահութեան քուէն ստանալէ ետք չի կրնար այդ իմաստով բարեկարգումներ կատարել:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլիաս Հանքաշ հաստատեց, որ իրերայաջորդ պետական ամավարկերուն հարցը այն է, որ թիւերը իրականութենէն շատ հեռու են:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Նիքոլա Սահնաուի շեշտեց, որ ոմանք կը փափաքին Լիբանանը ծունկի բերել` աւելցնելով, որ իրենք տէր պիտի կանգնին Լիբանանին եւ այդ մէկը պիտի չարտօնեն:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Հասան Մըրատ հաստատեց, որ հայրենիքը առանց հզօր կամքի կարելի չէ դարձեալ ոտքի կանգնեցնել, ինչպէս նաեւ առանց կամքի եւ կորովի անկարելի է երկրին հաստատութիւնները վերաշինել եւ մսխումը կասեցնել:

ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ եւ ընկերային խորհուրդի նախագահ Շարլ Արպիտ յայտնեց, որ 2020-ի պետական ամավարկին մէջ կառավարութեան տնտեսական եւ ընկերային հայեացքը յստակ չէր:

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ սեփականատէրերու միութեան նախագահ Ֆատի Ժեմայէլ հաստատեց, որ կառավարութիւնը պէտք է միջազգային ընտանիքին վստահութիւն ներշնչէ` ամրապնդելու համար Լիբանանի վստահելիութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ ընդունեց հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Թալալ Հաուաթը: Քննարկուեցան լիբանանեան իրդարձութիւններն ու նախարարութեան եւ ընդհանուր տնօրէնութեան միջեւ գործակցութեան ամրապնդման կարելիութիւնները:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման գրասենեակի գործակատար Ֆիլիփ Լազարինին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:

 

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Հըթթի Ընդունեց Մեծ Թիւով Դեսպաններ Եւ Բրիտանիոյ Կողմէ Օժանդակութեան Խոստում Ստացաւ

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?