Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆելթման. «Շատ Կարեւոր Է Տեսնել, Թէ Հասսան Տիապի Կառավարութիւնը Ի՛նչ Աշխատանք Պիտի Տանի»

January 27, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԿ-Ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Ճեֆրի Ֆելթման յայտնեց, որ Լիբանանի նորակազմ կառավարութիւնը 2005-ի Օմար Քարամէի կառավարութենէն ետք ամէնէն աւելի Սուրիոյ, Իրանի եւ Հըզպալլայի մօտիկ կառավարութիւնը կը նկատուի:

Ֆելթման նշեց, որ այս իմաստով կարելի չէ խաբել եւ ըսել, որ Լիբանանի մէջ երկփեղկում չկայ:

«Շատ կարեւոր է տեսնել, թէ վարչապետ Հասսան Տիապի կառավարութիւնը ի՛նչ աշխատանք պիտի տանի, ինչպէ՛ս պիտի ընդառաջէ ցուցարարներու պահանջներուն եւ ի՛նչ միջոցներ պիտի որդեգրէ տնտեսական տագնապի լուծման համար», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ ինք կը մերժէ Լիբանանի հետ յարաբերութիւնները խզել եւ Լիբանանի տրամադրուած օժանդակութիւններուն վերջ տալ:

Ֆելթման նշեց, որ լիբանանցիները Արեւմուտքը կը տեսնեն իբրեւ իրենց ձգտումներուն իրագործման երաշխիք, հետեւաբար պէտք է Լիբանանին բարեկամ մնանք, մինչեւ որ հակառակը փաստուի:

Ֆելթման շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներն ու Արեւմուտքը պէտք է գործակցին Տիապի կառավարութեան հետ:

Նախկին նախարար Ժըպրան Պասիլի դէմ որդեգրուելիք ամերիկեան ելեւմտական պատժամիջոցներու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ֆելթման յայտնեց, որ ինք այդ քաղաքականութեան պատասխանատու չէ, սակայն կը հասկնայ նման պատժամիջոցներու հաւանականութիւնը, «որովհետեւ ան պատասխանատու է Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի հակակշիռին ընդարձակումին», ըսաւ ան:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան Միջին Արեւելքի հարցերու օգնական Տէյվիտ Շինքըր յայտնեց, որ Ուաշինկթըն մօտէն կը հետեւի Լիբանանի նորակազմ կառավարութեան, որ փտածութեան դէմ պայքարելու եւ երկիրը ելեւմտական տագնապէն դուրս բերելու յանձնառութիւն յայտնած է:

 

 

Նախորդը

Պէյրութի Միջազգային Օդակայանին Մէջ . «Ոչ Մէկ Տեղեկութիւն Կայ, Թէ Լիբանանցիներ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուած Են» Շեշտեց Համատ Հասան

Յաջորդը

Կառավարութեան Աշխատանքային Ծրագիրի Մշակման Յանձնախումբը Այս Շաբթուան Ընթացքին Յաւելեալ Նիստեր Պիտի Գումարէ

RelatedPosts

Նախագահական Պալատը Լրատուամիջոցներուն  Կոչ Ուղղեց` Լիբանանի Բարեկամ Արտաքին  Որեւէ Կողմի Վրայ «Յարձակում» Չգործելու
Գլխաւոր լուրեր

Նախարարաց Խորհուրդը Այսօր Պաապտայի Պալատին Մէջ Պիտի Քննարկէ Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերուն Թղթածրարը

October 22, 2026
Նեթանիահու. «Սուրիան Հալէպի Մօտ Օդուժի  Ռազմակայանի Մը Մէջ Թրքական Տեղակայում  Արտօնելով Փոխըմբռնումները Խախտեց  Եւ Մեր Զգուշացումները Անտեսեց»
Լիբանանեան

Նեթանիահու. «Իրանի Հետ Ճակատումի Վճռումէն Առաջ Լիբանանի Մէջ Խաղաղութիւն Պիտի Չհաստատուի»

October 22, 2026
Էրտողան. «Կը Շնորհաւորեմ Սուրիական Եւ Թրքական  Հետախուզութեան Անծանօթ Հերոսները,  Որոնք Պանիասի, Սուրիոյ Եւ Ռեհանլիի Մէջ  Ջարդերու Պատասխանատու Ահաբեկիչը Ձերբակալեցին»
Լիբանանեան

Էրտողան. «Կը Շնորհաւորեմ Սուրիական Եւ Թրքական Հետախուզութեան Անծանօթ Հերոսները, Որոնք Պանիասի, Սուրիոյ Եւ Ռեհանլիի Մէջ Ջարդերու Պատասխանատու Ահաբեկիչը Ձերբակալեցին»

October 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.