Կառավարութեան Աշխատանքային Ծրագիրի Մշակումը Սկսած Է, Իսկ Քիւպիչ Կ՛ընդգծէ Բարեկարգումներու Գործադրութեան Անհրաժեշտութիւնը
Վարչապետ Հասսան Տիապ երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի մշակման անդրանիկ նիստին` ներկայութեամբ այդ նպատակով կազմուած նախարարական յանձնախումբին, որուն մաս կը կազմեն փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Զէյնա Ատրա, ինչպէս նաեւ նախարարներ Վարդինէ Օհանեան, Տըմիանոս Քաթթար, Ղազի Ուազնի, Նասիֆ Հըթթի, Ռաուլ Նեհմէ, Իմատ Հուպալլա, Ռամզի Մշարրաֆիէ, Թալալ Հաուաթ, Մարի Քլոտ Նաժըմ եւ Մանալ Ապտել Սամատ, ինչպէս նաեւ նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար,...




















