Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանցիները Կը Դատապարտեն Թրամփի Յայտարարած «Դարու Գործարք»-ը

January 30, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ նախանցեալ օր յայտարարուած «Դարու գործարք»-ը երէկ դատապարտուեցաւ լիբանանեան քաղաքական գրեթէ բոլոր շրջանակներուն, ինչպէս նաեւ երկրին հոգեւոր պետերուն կողմէ:

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ հաստատեց, որ «Դարու գործարք»-ը Պաղեստինեան դատին «ահաբեկում»-ն է` հաստատելով, որ սիոնական գոյացութեան դէմ պայքարիլը կրօնական պարտականութիւն է` թօթափելու համար թշնամիին բռնագրաւումը:

«Լիբանանցիները եւ իսլամները կը մերժեն ամօթի այս գործարքը, որ միջազգային օրէնքներու եւ ՄԱԿ-ի որոշումներու խախտում կը նկատուի», ըսաւ ան:

Շիիներու գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան նշեց, որ «Դարու գործարք»-ը սատանայական ամօթի կնիք մըն է` Պաղեստինը ամէնէն աժան գինով վաճառելու: Արաբ ժողովուրդները պէտք է մերժեն «Դարու գործարք»-ը եւ զօրակցին պաղեստինցի հերոսներուն` ազատագրել կարենալու համար բռնագրաւուած հողերը, որոնք պաղեստինցիներուն արդար իրաւունքը կը նկատուին:

Տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան հաստատեց, որ «Դարու գործարք»-ին դէմ պէտք է պայքարիլ պաղեստինեան ներքին միասնականութեամբ:

Ան կոչ ուղղեց արաբական եւ իսլամական աշխարհին` զօրակցելու Պաղեստինեան դատին, մերժելով պաղեստինցի գաղթականներու բնակեցումը:

Արտաքին գործոց նախարար Նասիֆ Հըթթի դատապարտեց «Դարու գործարք»-ը եւ կոչ ուղղեց արդար խաղաղութիւն իրականացնելու` մայրաքաղաք Երուսաղէմով Պաղեստինեան պետութեան հիմնումին ընդմէջէն: Ան ընդգծեց, որ Լիբանան կը մերժէ պաղեստինցի գաղթականներու բնակեցումը:

Հըզպալլայի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ «Դարու գործարք»-ը խստիւ դատապարտուեցաւ, ինչպէս նաեւ այդ գործարքը նկատուեցաւ վտանգաւոր քայլ մը, որ շրջանին եւ անոր ժողովուրդներուն ապագային վրայ պիտի ունենայ լուրջ հետեւանքներ:

Հըզպալլա հաստատեց, որ աշխարհի բոլոր դաւադրութիւններն ու դասալքութիւնները չեն կրնար պաղեստինցիներուն հողային արդար իրաւունքները եւ տունդարձի անոնց իրաւունքը խլել:

Ամալ շարժումը մերժեց «Դարու գործարք»-ը` հաստատելով, որ Պաղեստինեան պետութեան հիմնումը իրենց համար առաջնահերթութիւն է:

Մուսթաքպալ հոսանքը դատապարտեց «Դարու գործարք»-ը եւ պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը ընդգծեց, որ պաղեստինցիներուն իրաւունքը ամէն բանէ վեր է:

Մուսթաքպալ հոսանքը խստիւ մերժեց «Դարու գործարք»-ը` զայն նկատելով ծրագիր մը, որուն հիման վրայ կարելի չէ արդար խաղաղութիւն իրականացնել: Մուսթաքպալ հոսանքը մերժեց պաղեստինցի գաղթականներու բնակեցումը:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը դատապարտեց «Դարու գործարք»-ը` զայն նկատելով կողմնակալ համաձայնութիւն մը, որ կը ծառայէ միայն Իսրայէլի շահերուն: Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը կոչ ուղղեց պաղեստինցիներուն` վերջ տալու ներքին երկփեղկումին եւ միասնականութեամբ դիմագրաւելու այս մարտահրաւէրը:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ շեշտեց, որ «Դարու գործարք»-ին յայտարարութեամբ Պաղեստինեան դատը շատ աւելի վատ վիճակի մատնուած է:

Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի հետ: Արսլան դատապարտեց «Դարու գործարք»-ը` զայն նկատելով ամերիկեւիսրայէլեան դաւադրութիւն: Ան բարձր գնահատեց Պաղեստինեան դատի պաշտպան Դիմադրութեան դերակատարութիւնը:

Հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտ յայտնեց, որ «Դարու գործարք»-ը յայտարարելու թուականը զուգադիպութիւն չէ` աւելցնելով, որ զարմանալի չէ նաեւ ոմանց կողմէ ներկայացուած նիւթական պարտաւորութիւնները վերացնելու առաջարկը` այդ գործարքը գործադրելու դիմաց:

Նախկին վարչապետ Սելիմ Հըս յայտնեց, որ եթէ Պաղեստինը կորսուի` արաբ ազգին պատմութիւնը եւ փառքը կը կորսուի: Ան դատապարտեց «Դարու գործարք»-ը` զայն նկատելով պաղեստինցի ժողովուրդը անիրաւող ծրագիր:

Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա շեշտեց, որ «Դարու գործարք»-ը ոճիր մըն է, որ կը միտի «սպաննել» Պաղեստինեան դատը: «Կարելի չէ «Դարու գործարք»-ը խաղաղութեան ուղեգիծ կոչել», ըսաւ Սինիորա` հաստատելով, որ պաղեստինցի գաղթականներուն բնակեցումը մերժելի է:

Երեսփոխան Մարուան Համատէ շեշտեց, որ Պէյրութի մէջ յայտարարուած Խաղաղութեան արաբական նախաձեռնութեան որոշումները կրնան «Դարու գործարք»-ին դէմ ուղղուած լաւագոյն պատասխանները ըլլալ:

Նասըրական շարժումի ընդհանուր քարտուղար Ուսամա Սաատ շեշտեց, որ «Դարու գործարք»-ը դատապարտելի է` յոյս յայտնելով, որ անիկա ոչ մէկ յաջողութիւն պիտի արձանագրէ` Դիմադրութեան մարտիկներու բազուկներուն եւ զէնքի ուժին շնորհիւ:

Երեսփոխան Անուար Խալիլ, դատապարտելէ ետք «Դարու գործարք»-ը, միասնականութեան կոչ ուղղեց արաբներուն: Ան կարեւոր նկատեց, որ արաբական աշխարհը մերժէ «Դարու գործարք»-ը, որ կը վարկաբեկէ եւ կ՛իրաւազրկէ պաղեստինցիները:

Երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա հաստատեց, որ «Դարու գործարք»-ը ամերիկեւիսրայէլեան վտանգաւոր բռնարարք մըն է, որ կը գործուի արաբ ժողովուրդներուն դէմ:

Երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա յայտնեց, որ Լիբանան պիտի զօրակցի պաղեստինցի ժողովուրդին` աւելցնելով, որ «Դարու գործարք»-ը մեռած ծնած է:

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Ֆեհմի Ռամփլինկի Եւ Քիւպիչի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.