Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պքերքէի Մէջ . Քրիստոնեայ Հոգեւոր Պետերու Վեհաժողովը Կոչ Կ՛ուղղէ Դրական Ոգիով Ընկալելու Կառավարութեան Աշխատանքը` Ի Խնդիր Բարեկարգումներու Գործադրութեան

Յունուար 29, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերը երէկ Պքերքէի մէջ գումարեցին վեհաժողով մը, որուն ընթացքին քննարկեցին Լիբանանի անցնող եռամսեակին արձանագրուած իրադարձութիւնները:

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը նախագահեց վեհաժողովին, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը եւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս-պատրիարքը:

Վեհաժողովին ընթացքին հոգեւոր պետերը կոչ ուղղեցին դրական ոգիով ընկալելու կառավարութեան աշխատանքը` ի խնդիր բարեկարգումներու գործադրութեան:

Անոնք ընդգծեցին փտածութեան դէմ պայքարելու անհրաժեշտութիւնը` հաստատելով իւրացուած գումարներու վերադարձի կարեւորութիւնը:

Հոգեւոր պետերը շեշտեցին, որ իրենք նորակազմ կառավարութենէն կ՛ակնկալեն այնպիսի աշխատանք, որ ժողովուրդին վստահութիւնը կ՛ապահովէ:

Վեհաժողովէն ետք մարոնի պատրիարքութեան ընդհանուր փոխանորդ Անթուան Աուքար եպիսկոպոս կարդաց վեհաժողովին հրապարակած հաղորդագրութիւնը, որուն համաձայն, կառավարութենէն կը սպասուի բարեկարգումներ գործադրել եւ ընկերային արդարութիւն հաստատել:

Աուքար նշեց, որ հոգեւոր պետերը անհրաժեշտ նկատած են լիբանանեան պետութեան կողմէ փտածութեան եւ մսխումին դէմ պայքարիլը, ինչպէս նաեւ իւրացուած գումարները վերադարձնելը:

«Հոգեւոր պետերը հաստատեցին ցոյց կատարելու քաղաքացիին իրաւունքը` խստիւ դատապարտելով փողոցներուն մէջ եւ հրապարակներուն վրայ, յատկապէս` Պէյրութի մէջ արձանագրուած խուլիկանութիւնը: Անոնք մտահոգութիւն յայտնեցին, որ այս արարքներուն պատճառով ժողովրդային շարժումը շեղի իր ազնիւ նպատակներէն», հաստատեց Աուքար եպիսկոպոս:

Նշենք, որ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը հաստատեց, որ հոգեւոր պետերու վեհաժողովին նպատակն է միասնականացնել կեցուածքը եւ հայրենիքին ու քաղաքացիին նկատմամբ ստանձնել պատասխանատուութիւնները:

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Եկեղեցին Իր Զօրակցութիւնը Ժողովուրդին Նկատմամբ Պէտք Է Գործնապէս Արտայայտէ»

Լիբանանի հոգեւոր պետերու ժողովին խօսք առաւ նաեւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը եւ ընդհանուր գիծերով ներկայացնելէ ետք Լիբանանի դիմագրաւած վտանգալից մարտահրաւէրները, շեշտեց, թէ «ճիշդ չէ ընդհանրութիւններու մէջ մնալ, անհրաժեշտ է եկեղեցւոյ տեսակէտը յստակօրէն արտայայտել: Եկեղեցին ժողովուրդին ձայնն է, անոր սպասումներուն ու կամքին արտայայտութիւնը: Ժողովուրդը ընդվզած է անարդարութեան ու փտածութեան նկատմամբ: Վստահութեան պակաս մը կայ ժողովուրդին մօտ քաղաքական իշխանութեան նկատմամբ: Եկեղեցին պէտք է զգուշացնէ քաղաքական պատասխանատուները, որպէսզի անոնք ժողովուրդի պահանջներուն գոհացում տան` գործնական քայլերու դիմելով»:

Վեհափառ հայրապետը միաժամանակ զգուշացուց, որ «բռնարարքները կրնան ժողովրդային յեղափոխութեան բնոյթը փոխել»: Ան նաեւ շեշտեց, որ «կառավարութեան վստահութիւն ու նեցուկ պէտք է տալ, որպէսզի ան կարենայ շուտով աշխատանքի լծուիլ»: Վեհափառը շեշտեց, որ «անհրաժեշտ է համայնքային զգայնութիւններ ստեղծող արտայայտութիւններէ ու քայլերէ հեռու մնալ», եւ ընդգծեց «ներքին միասնականութեան պահպանման հրամայականը»:

Իր խօսքի աւարտին վեհափառ հայրապետը առաջարկեց, որ «կոչ մը ուղղուի լիբանանեան սփիւռքին, արաբական աշխարհին եւ միջազգային համայնքին, որպէսզի նեցուկ կանգնին Լիբանանին, յատկապէս տնտեսական մարզին մէջ»:

Նախորդը

Էշրեֆիէի Մէջ Հնութիւն Նկատուող Շէնք Մը Փուլ Կու Գայ

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Ուազնիի Հետ Քննարկեց Երկրին Ելեւմտական Իրադարձութիւնները

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?